Որքան արագ կը սահին օրերը եւ Մեծ Պահքի կիսուն, արդէն հասած ենք Միջինքին:
Տօնական օր մը չէ Միջինքը, ո’չ իսկ կրօնական, սակայն գեղեցիկ սովորութիւն մը, ուր պահքի պատշաճ ուտելիքներով թէ’ ընկերային եւ թէ’ հոգեկան զգացումներով կը մօտենանք զիրար եւ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք այս հաճելի աւանդութիւնը:
Եւ 8 Մարտ 2024-ի երեկոյեան այդ Միջինքի հանդիպում-ճաշկերոյթը վայելեցինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահին մէջ:
Տիկնանց Յանձնախումբի ժրաջան անդամները առաջնորդութեամբ Տիկ. Նորա Մինէթեանի եւ Անի Թորիկեանի, ոչինչ խնայած էին պատրաստելու բացառիկ ու ճոխ սեղան մը այլազան համադամներով ու յետոյ անզսպելի քաղցրաւէններով:
Խուռներամ ներկաներու ջերմ հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ կանոնաւոր ու հեզասահ: Իսկ հայկական երաժշտական մթնոլորտը ստեղծած էր պահանջուած ջերմ մթնոլորտը:
Ներկաները բաժնուեցան իրարմէ Միջինք-ի թէ’ հոգեւոր, թէ’ ընկերային ջերմ տրամադրութիւնները հետերնին տանելով:
Ներկայ մը