Վերջապէ՜ս գարուն է գարուն, Թէքէեան Մշակ. Միութեան զուլալ պուրակի բարիքներէն եւ մանաւանդ բարենպաստ օդերեւոյթէն օգտուելով Կիրակի 26 Մայիսին, Վարչութիւնը կազմակերպած էր ամառնային եղանակի առաջին pic-nic-ը :
Հաւաքուած գունագեղ ծածկոցներով զարդարուած սեղաններու շուրջ եւ պատսպարուած հովանոցներով, անհամբեր հասարակութիւնը, հոծ թիւով եկած էր վայելելու ընկերային հաճելի մթնոլորտ մը:
Առատ ուտելիքներն ու խորովածները՝ պատրաստուած վարչականներու եւ Տիկնանց Յանձնախումբին օժանդակութեամբ կը ստեղծէին տաքուկ միջավայր մը:
Նկատելի է անոնց առատաձեռն հիւրասիրութիւնը:
Իսկ խանդավառ երաժշտութիւնը առաջնորդութեամբ «Ժանօ»ի կը ստեղծէր պահանջուած ուրախ ու հաճելի ջերմութիւնը:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն ու ներկաներէն բախտաւորներ ստացան նուէրներ:
Վարչութիւնը այս առիթով յիշեց մի քանի տարեդարձներ ու խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն:
Վարձքերնին կատար վարչական անդամներուն, որոնք մշակութային որակաւոր միջոցառումներու առընթեր, կը կազմակերպեն նաեւ ընկերային նմանատիպ ձեռնարկներ:
Արթօ