Կարծես աւանդութիւն դարձած է մոնթրէալահայութեան համար տօնավաճառի սովորութիւնը, ոչ միայն կազմակերպող զանազան միութիւններու, այլ մանաւանդ մասնակցողներուն համար, որոնք մեծ անհամբերութեամբ ու խանդավառութեամբ կը մասնակցին գնումներու արշաւանքին:
Կիրակի՝ 19 Նոյեմբերին, տօնավաճառի այդ հաճոյքը վայելեցինք եւ մենք, ներկայ ըլլալով Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած ճոխ Bazar-ին:
Տիկնանց Յանձնախումբը ոչինչ խնայած էր, մի քանի ամիսներէ ի վեր այլազան ամանորեայ պիտոյքներու, մանաւանդ համեղ անուշեղէններու պատրաստութեան:
Ճոխ սեղաններու շուրջ խուռներամ բազմութիւնը հաւաքուած կը խուզարկէր կը քննէր իսկ համեղ ճաշերու բոյրը կը պարուրէր բոլոր սրահը:
Օրուան նախագահուիի ազնուափայլ տիկ. Սիլվա Թէլալեանի եւ Տիկնանց Յանձնախումբի ներկայութեան տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումը:
Տէրունական աղօթքով բացման օրհնութիւնը կատարեց պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեան: Նախ անդրադարձաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ընկերային առաքելութեան մասին, յետոյ յիշեց Տիկնանց Յանձնախումբի ժրաջան աշխատանքն ու պատրաստակամութիւնը:
Յուզիչ էր մասնաւորաբար երբ պրն. Քէօշկէրեան յիշեց յիշատակը ողբացեալ տիկ. Վարդուհի Պալեանի երբ այս վերջինը միշտ ներկայ էր ու իր քնքուշ ձայնով կ’արտասանէր «զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ Տէր»ը:
Վիճակահանութեան բազմաթիւ նուէրները աւելի բարձրացուցին տրամադրութիւնը ներկաներուն:
Բաժանումը միշտ դժուար է, մանաւանդ երբ ժպիտ կայ ամենուրէք եւ ուրախութիւն բոլոր սրտերուն մէջ:
Ներկայ մը