Երիտասարդներուն տուէք վստահութիւն եւ հաւատք անոնց կարողութիւններուն վրայ… եւ յետոյ տուէք թեւեր որ թռչին:
Բոլորին փափաքին ընդառաջելով եւ երկրորդ անգամ ըլլալով 7 Սեպտ.-ի Շաբաթ երեկոյեան հոծ թիւով երիտասարդութիւն մը, հաւաքուած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնին մէջ վայելելու ROCK N’ ROLL-ի խանդավառ երեկոյթը:
Գունաւոր շողշողուն լոյսեր, բարելաւուած նոր ձայնային համակարգ (oparleur), խանդավառ պարահարթակ, նախ՝ DJ Greg-ի, յետոյ (POMEGRANATE SEEDS) նուագախումբի (Live band) առաջնորդութեամբ՝ Ժանօ Ալեք Արապաթլեանի, իր կիթառի ընկերակցութեամբ: Պէտք է յիշել նաեւ՝ ձայնի պատասխանատու Սամ Չոլաքեանի անունը (Papa Haig production – audio & video effects) եւ անոր նկարահանումի օգնական՝ Արսէն Յովսէփեանը:
… Այս բոլորը կազմակերպուած էր արհեստավարժ երիտասարդներու կողմէ՝ երիտասարդներուն համար:
Բացառիկ երգացանկով մը ի յայտ կու գար նուագախումբը հայկական հին երգերը վերամշակելով եւ ROCK N’ ROLL-ի վերածելով յանձինքն՝ Laurence Audibent (vocale), Jano Alek Arabatlian (vocal + guitar), Hagop Arabatlian (Drums), Cameron Hopkins (Bass guitar), Anto Pshoghlian (Keyboard, guitar and Duduk).
Մեզի համար յայտնութիւն մըն էր Calin Rotar (ROCK VIOLIN) Band, որ հիւրաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ: Ան իր գեղեցիկ կատարողութեամբ՝ մեզ ուրիշ աշխարհ տարաւ: Ներկայ երիտասարդութիւնը… բոլո’րը, երբեմն միաբերան կը ձայնակցէին երգերուն:
Անմոռանալի երեկոյ մըն էր…:
…Ելոյթը կազմուած ROCK N’ ROLL-ի բազմաքաղաքային (Cosmopolitan) երգացանկով…:
Պռաւօ’ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան, որ իր կազմակերպութեամբ գիտէ խանդավառել իր երիտասարդ համակիրները:
Ահա այսպէս կ’ըլլայ կատարեա’լ հայկական հին երգերու ROCK N’ ROLL-ի երեկոյ մը:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ