Կեանքի մտահոգութիւններով բեռնաւորուած, երբ մխրճուած ենք առօրեայ ելեւէջներուն մէջ, որքա՜ն հաճելի է երբ մի քանի ժամուայ համար, դուրս կուգանք, կամ աւելի ճիշդը, ոմանք մեզի դուրս կը քաշեն այդ վիճակէն:
Աւելի հպարտութեան ու գնահատանքի արժանի կ’ըլլայ երբ այդ զուարթութիւնը ստեղծողները կ’ըլլան, պատանիներն ու երիտասարդները՝ ԹՄՄ-եան Ընկերային Յանձնախումբի:
7 Հոկտեմբեր 2017: Շաբաթ երեկոյ:
Հաւաքուած էինք Յ. եւ Ս. Արզումանեան սրահին մէջ, որ պատշաճօրէն զարդարուած էր, զուարթ գոյներով: Կար նաեւ հայկական հաճելի երաժշտութիւն մը, որ կը հանդարտեցնէր ջիղերդ ու կ’ուրախացնէր հոգիդ:
Եւ ահա զոյգ խօսնակներ՝ Յակոբ Շէօհմէլեան եւ Ռիթա Հաճճար կ’ողջունէին ներկաները ու գաղափար մը կուտային այսօրուայ «Comedy night»ի մասին:
Յաջորդաբար ներկայացուեցան 4 կարճ կատակերգութիւններ (սքէչ):
Ա) «Սուրիահայ կեանքը Գանատայի մէջ» դերակատարութեամբ՝ Ցոլինէ Մուղալեան եւ Արփի Սողոմոնեանի:
Բ) «Արա Գեղեցիկ» դերակատարութեամբ՝ Ռիթա Հաճճարի եւ Վարդիվառ Մուղալեանի եւ Ճէյսի Հաճճարի: Սոյն ներկայացման ոճը յայտնութիւն մըն էր: Դերակատարներու խօսակցութիւնը (dialogue) փոխարինուած էր հետեւողական բացատրականով: Այսինքն՝ մինչ խաղարկութիւնը տեղի կ’ունենար, կատարուածը կը պատմուէր բեմին ետեւէն (բարձրախօսով):
Գ) Թագաւորին ներկայութեան «սուտ խօսիլ»: Թագաւորը Սերժ Ապաճեան, Մասնակցութեամբ Արթիւր Մազլումեանի, Ճէյսի Հաճճարի եւ Յակոբ Շէօհմէլեանի:
Դ) «Ամուսնութեան տարեդարձը» դերակատարութեամբ՝ Անի Գանձանակեանի (երիտասարդ տանտիրուհին), Խաչիկ Ճիէրճեանի (դրացուհիին ամուսինը), Սերժ Ապաճեան (երիտասարդուհիին ամուսինը) եւ Ցոլինէ Մուղալեանի (դրացուհին): Մշակում եւ դերուսոյցութիւն՝ Ցոլինէ Մուղալեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն հաճելի նուէրներու:
Բեմահարթակը տրուեցաւ ներկաներուն, որոնք պատմեցին կարգ մը զուարճալիքներ:
Նկատի էր Ժորժ Պաթմանեանի ելոյթը: Առանց դադարի մօտ 15 վայրկ. կուշտ ու կուռ խնդացինք ու վայելեցինք իր զուարճալիքները, սակայն ան համեստաբար տրամադրուած նուէրը վերադարձուց յաջորդ յաջող պատմողին՝ Տիկ. Ծովիկ Խըշուաճեանի:
Ճոխ ուտելիքներու եւ անուշեղէններու հիւրասիրութիւնը կարծես կ’ամբողջացնէր ներկաներուն տրամադրութիւնը:
Տիկ. Վանիա Գանձանակեան պատշաճօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, ու մասնաւորաբար այն ժրաջան տիկիններուն, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին գլուխ հանելու այդ օրուայ բացառիկ յաջողութեամբ պսակուած երեկոն:
Ներկայ մը