ԹՄՄ նորակազմ Կրտսերաց Յանձնախումբի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը

Շաբաթ՝ 21 Ապրիլ 2018, երեկոյեան ժամը 5:30 ին՝ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ, տեղի ունեցաւ Միութեանս Կրտսերաց Յանձնախումբի պատրաստած շատ յաջող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ էր Գանատահայոց  Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը և բազմաթիւ հայրենակիցներ։ Գեղարուեստական շատ գեղեցիկ մշակութային յայտագիր մը ներկայացուցին Միութեանս սիրելի կրտսերները, իրենց պատրաստած արտասանութիւններով, երգերով և նուագներով։

Վարձքը կատար մեր սիրելի կրտսերներուն եւ իրենց պատասխանատուներուն այս յաջող պատանեկան ձեռնարկին համար: Կը մաղթենք, որ այսպիսի գործունէութիւնները ըլլան շարունակական, որպէսզի հետզհետէ յաւելեալ թիւով պատանիներ մասնակցին մշակութային գործունէութիւններուն, ոգեւորուին անոնցմով  ու պատրաստուին մեր ապագայի մտաւորական եւ գեղարուեստական ծրագիրներու մեր գործիչներն ու կազմակերպիչները դառնալու: