Թ.Մ.Մ. Մոնթրէալ
Ուրբաթ` 19 Հոկտ. 2018-ն արտակարգ երեկոյ մըն էր: Թ.Մ.Մ.-եան վարչութիւնը հրաւիրած էր Ռաֆֆի Պետրոսեանը՝ Թորոնթոյէն, շահեկան այլ այժմէական վերոյիշեալ նիւթի բանախօսութեան համար:
Ռաֆֆի Պետրոսեան ուսումով ճարտարագէտ (Civil ingeneer), քաջագէտ դաշնամուր նուագող, «Վերածնունդ» ծրագիրի հիմնադիր (առիթ տալու Թուրքիոյ թաքուն հայերուն, որ վերադառնան իրենց հայկական արմատներուն) եւ կազմակերպողներէն մին Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութեան:
Իր բացման խօսքով Պրն. Արթօ Մանուկեան յիշեց Ռաֆֆիի վերոյիշեալ բազմատաղանդ գործունէութիւնը, հակիրճ այլ յստակ կերպով արժէքաւորեց բանախօսին զոհողութիւնները եւ համեմեց իր խօսքը՝ անձնական փորձառութիւններով:
Ռաֆֆի Պետրոսեան տեսասահիկներու (slide) ընկերակցութեամբ բացառիկ հետաքրքրական ոճով ու գունաւոր դէպքերու յիշումով, կրցաւ մեզ մագնիսացնել շուրջ մէկ ժամ քառորդ:
Նիւթը՝ հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւն ստանալու դժուարութիւնը ունէր, ուրեմն յարգելի բանախօսը՝ անձնապէս, պէտք է երթար պատմական Հայաստանի կարգ մը քաղաքներն ու գիւղերը եւ այդ «թաքուն» հայերը նրբօրէն տանիլ այցելելու հայրենիք, անոնց սորվեցնել հայերէն եւ եթէ պէտք է, ջանանք կնքել Էջմիածնի մէջ քրիստոնեայ:
Պահ մը երեւակայենք, որ այդ վերադարձողները ինչպէս դէմ-յանդիման պիտի գային իրենց պարագաներուն, կամ ունենային այն մտավախութիւնը կորսնցնելու իրենց գործերը: Հակառակ այս բոլորին անոնք յանձն կ’առնէին այդ վտանգը (risk) եւ կը շաունակէին իրենց կեանքը:
Ապրող զոհերը՝ Ցեղասպանութեա’ն յաջորդեց տեղատարափ հարցումներու շարք մը:
Սակայն վերջին հարցումին պատասխանը ցնցեց բոլորս:
Հարցում.– Այս բոլոր փորձառութիւններէն ետք, դուք չէի՞ք մտահոգուեր ձեր անձնականին յանդէպ պատահելիք վտանգին:
Պատասխան.- Եթէ ենթական այդ բոլոր վտանգը յանձն կ’առնէ, այլեւս ես, աւելի ի՞նչ մտահոգութիւն կրնամ ունենալ ինքզինքիս հանդէպ:
Յանձնարարելի է, որ նմանօրինակ որակաւոր բանախօսութիւններ միշտ կրկնուին:
Պ. Գ.