Աշնանային գեղեցիկ օր մըն էր Շաբաթ 3 Հոկտեմբերը: Առաւօտուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներ, համակիր բարեկամներ ժպտերէս կը մտնէին հաստատութիւնէն ներս, միասնաբար ըմբողխնելու Գանատայի բնութիւնը հասնելու համար դէպի Մոն Թրամպլան:

Օթոպիւսը որոշեալ ժամուն ճամբայ ելաւ, ընկերային ձեռնարկներու պատասխանատու եւ այս պտոյտի գաղափարը յղացող Օրդ. Գայիանէ Պոտրումեանի եւ վեթերան վարչական անդամ Պրն. Պերճ Քիւփէլեանի բարի գալուստի ջերմ խօսքերով: Զուարթ մթնոլորտը ակներեւ էր: Թ.Մ.Միութեան անխոնջ ատենապետ Պրն. Արթօ Մանուկեան իր հաճելի անեքթոտներով աւելի եւս բարձրացուց ներկաներու տրամադրութիւնները:

Հանգստաւէտ պայմաններու մէջ հասանք Գազինօ, ուր կէսօրուան ժամէն ետք, փափաքող անձեր, իջան իրենց բախտը փորձելու եւ մեծամասնութիւնը եւ մեծամասնութիւնը վայելեց քաղաքի գեղեցկութիւնը:

Երեկոյեան ընթրիքը դարձեալ հաճելի անցաւ Սէն Ժովիթ, Սէնթ Հիւպէր ճաշարանին մէջ:

Վերադարձին վայելեցինք յայտնի արուեստագէտ Պրն Վարդան Իսկէնեանի թովիչ երգերը, որ մեզ տարաւ հին օրերու քաղցր յիշատակին:

Ամբողջ պտոյտի ընթացքին տիրապետեց երգն ու խնդումը, կանոնաւորութիւն, յարգանք եւ բարձր տրամադրութիւն:

Վարձքերնիտ կատար:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ