Թ. Մ. Միութեան Camp Sevan ճամբարի մանուկնեուն անկեղծ ժպիտը կը վկայէ ճամբարի յաջողութիւնը

Թէքէեան Մշակութային Միութեան ամառնային Camp Sevan Ճամբարը այս տարի եւս աւարտելով իր 7 շաբթուայ գործունէութիւնը, դարձեալ գեղեցիկ յիշատակներ եւ արժէքաւոր գիտելիքներ ջամբեց իր աշակերտներուն, յոյսով որ յաջորդ տարի դարձեալ կը հանդիպին եւ նոյն գեղեցիկ եւ յիշատակելի պահերը կը ստեղծեն միասին:

Camp Sevan ճամբարը մեկնարկեց Երկուշաբթի՝ 2018-ին, որպէս պատասխանատու տնօրէն ունենալով ազնուափայլ տիկին Կարինէ Թաշճեան-Ճիէրճեան: Ան երիտասարդ մայր մը ըլլալով, ճիշդ կ’ակնկալէր երեխաներուն փափաքները եւ միշտ դաստիարակչական ուղիով կ’ամբողջացնէր օրուան յայտագիրը, ուր անոնք ուրախ եւ օգտակար կերպով կ’անցնէին ճամբարի իւրաքանչիւր օրը: Տիկին Կարինէին կողքին կային երիտասարդ պարման պարմանուհիներ որոնք որպէս մեծ քոյրեր եւ եղբայրներ կը վարուէին ճամբարի մանուկներուն հետ: Անոնք  գեղեցիկ եւ լաւ օրինակ կը հանդիսանային մանուկներուն հետ խաղալով երգելով եւ պարելով ու ամէնէն կարեւորը՝ սէր փոխանցելով, որ ակնյայտ էր բաժանման պահուն բոլոր մասնակիցներուն աչքերուն մէջ:

Եօթը շաբթուան վրայ երկարող ճամբարը, ոչ միայն լեցուն էր զուարճալի պահերով եւ պտոյտներով այլ նաեւ՝ դասախօսական շարքերով, ուր մանուկներուն կը փոխանցուէին օգտակար գիտելիքներ:

Գնահատելի է բոլոր այն ծնողներուն բարձր գիտակցութիւնը, որոնք առաջնորդելով իրենց զաւակները դէպի այսպիսի օգտակար եւ հաճելի վայրեր, անոնք մասնակից կ’ըլլան իրենց զաւակներուն յիշողութեան մէջ արձանագրելու այս հաճելի պահերը, որ եռանդն ու խանդավառութիւնը պիտի ապահովէ  իրենց զաւակներուն:

Վերեւ յիշուածներուն արդիւնքը կարելի եղաւ տեսնել երեխաներուն կողմէ պատրաստուած հանդէսին, ուր անոնք ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու պարերը եւ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք հանդէս եկան անհատական ներկայացումներով: Ծնողները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իրենց սիրալիր մանուկներուն եւ բարձր գնահատեցին անոնց անմեղունակ ձեւերն ու շարժումները: Հանդէսին աւարտին ծնողները հիւրասիրուեցան եւ մասնակից դարձան երեխաներուն պատրաստած ճաշին: Պատկերը ամբողջական էր իր ընտանեկան շրջագիծին մէջ: Հոն միայն կարելի էր տեսնել՝ սէրը, յարգանքը, իրարու օգտակար դառնալը եւ նա մանաւանդ զիրար գնահատելը: Ասկէ աւելի գեղեցիկ երեւոյթ չէր կրնար ըլլալ:

Վարձքը կատար բոլորին՝ ծնողներուն, երեխաներուն, ճամբարի պատասխանատուներուն եւ մանաւանդ Թէքէեան Մշակութային Միութեան որ երկար տարիներէ ի վեր յանձն առնելով այս մեծ պատասխանատուութիւնը չի խուսափիր այս հայաշունչ եւ դաստիարակչական ու հաճելի մթնոլորտը ստեղծելու մեր շրջանակի մանուկներուն համար: