Ինչպէս վերադառնալ հայրենիք

Իրլանտական ու հայ ծագումներով, Գանատա ծնած երիտասարդ մը, Ottawaի մէջ ուսանած, ցեղասպանութենէ ազատած նախահայրերու չորրորդ սերունդին պատկանող անհատ մը կարելի՞ է միտէ որ հայրենիք վերադարձող մը ըլլայ:

Պատասխանը այո է, եւ այդ անհատը կը կոչուի Րաֆֆի Էլիօթ (Elliott). ան սովորական հայրենիք այցելութենէ մը ետք, կը սիրահարուի իր մայրենի կողմէ հայրենիքին՝ Հայաստանին ու կ’երթայ հոն հաստատուելու:

2012-ին ան Հայաստանի մէջ կը հիմնէ internet-ային web design հաստատութիւն մը: Այս վերջինը ծախելէ յետոյ ան 2014-ին կը հիմնէ Gettreated կազմակերպութիւնը` Internet-ային կայքէջ մը, որ կը քաջալերէ ու կը դիւրացնէ բժշկական զբօսաշրջիկութիւնը դէպի Հայաստան:      Gettreated կազմակերպութիւնը արդէն պիտի բոլորէ 3 տարիներ, ու միջնորդած է բազմաթիւ բուժման կարօտներու այցելութիւնը Հայաստան: Բուժազբօսաշրջութիւնը մեծ ապագայ խոստացող տեղ մըն է, ուր կրնայ մեծապէս նպաստել հայրենիքի տնտեսութեան: Րաֆֆիին ստեղծած կազմակերպութիւնը գործ կը հայթայթէ 9 մնայուն եւ 6 առժամեայ անհատներու:

Րաֆֆին նաեւ կը համարուի Ապագայ շաբաթաթերթին հայրենիքի մէջ հաստատուած թղթակիցը:

Ուրբաթ՝ 18 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 9.00-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Րաֆֆիին դասախօսութիւնը 100-է աւելի մասնակիցներու ներկայութեամբ: Դասախօսութեան նիւթն էր՝ «Ինչպէս Հայրենիք վերադառնալ»:

Րաֆֆին իր Ճարտար արտայայտութեամբ, լաւ պատրաստուած տեսասալիկներով, սրամիտ մէջբերումներով եւ մանաւանդ դիպուկ ծիծաղելի խօսքերով, բացառիկ ու սահուն հայերէնով ներկաներուն ուշադրութեանը արժանացաւ մօտ 2 ժամ տեւող իր ելոյթով:

Ան համոզեց ու քաջալերեց, որ ամէն հայ պարտի գոնէ՝ այցելել, ուսանիլ, հաստատուիլ, եւ կամ ալ գոնէ Հայաստան գալ գէթ հայ աղջկայ մը համբուրելու:

Կատակը մէկդի, ան շեշտեց, թէ պայմանները բոլորովին տարբեր են 1990-ականներէն:

Առիթները բազմաթիւ են հայրենիքին օգնելու, ներդրումներէ հասոյթ ակնկալելու եւ ինչու չէ հաստատուելու:

Րաֆֆին ինքն է օրինակը իր քարոզչութեան: Ան արդէն հաստատուած հայրենադարձ մըն է, հոն ամուսնացած եւ բախտաւորուած աղջիկ զաւակով:

Շնորհակալութիւն Րաֆֆիին այդ հետաքրքիր ներկայացման ու բարի վերադարձ:

 

Ա. Մ.