Դարձեալ առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը՝ «Ոստայն 19 – Էջեր զուգահեռ օրատետրէս»։
Ան կը բովանդակէ օրագրական բնոյթի 48 յօդուածներ, մեծ մասամբ՝ անտիպ։
Բայց ինչո՞ւ «զուգահեռ օրատետր»։ Իր ներածական «Բացատրութիւն մը» գրութեան մէջ հեղինակը կը գրէ. « Սովորական օրատետրս կը բովանդակէ չոր ու ցամաք արձանագրութիւններ՝ տուեալ օր մը ի՛նչ ըրի, ի՛նչ ժողովի մասնակցեցայ կամ ի՛նչ ձեռնարկի ներկայ եղայ, ի՛նչ գրեցի եւ այլն։ Գրեթէ առանց բայերու գործածութեան։ Բայց պահած եմ նաեւ քովնտի օրատետրեր, ուր արձանագրած եմ յատուկ իրադարձութիւններու եւ ուղեւորութիւններու պատումներ, կամ փոքր անդրադարձներ, որոնք կրնան նաեւ առնչուիլ ընթերցողին, կապ մը ունենալ ի՛ր կեանքին հետ, հետաքրքրե՛լ զինք, երբեմն նաեւ թարգմանը հանդիսանալ իր ալ ապրումներուն»։
Ուրիշներ նման պարագաներու իրենց հատորներուն տուած են «Անկապ օրագիր», «Ընդհատ էջեր» եւ այլ տիտղոսներ, Վրէժ-Արմէն պարզապէս «Էջեր զուգահեռ օրատետրէս» կոչած է զայն։
Այս էջերը կը սկսին 1955-էն՝ պատանի տարիքին ծնողքին հետ Լիբանան կատարած արձակուրդի մը տպաւորութիւններէն ու կ՚աւարտին տակաւին այս անցնող Զատկին իբր մեծհայր-մեծմայր զաւակ ու թոռնիկներ տեսնելու համար Լոս Անճելըս կատարուած ճամբորդութեան մը դրուագներով։ Այդ երկու թուականներուն միջեւ պատմուած են բազմաթիւ ուղեւորութիւններ, բայց նաեւ օրին արձանագրուած են զանազան յատկանշական առիթներով հեղինակին ունեցած մտորումները, մանաւանդ մեզ մտահոգող հարցերու կամ երեւոյթներու մասին մտածումները՝ արտայայտուած անկաշկանդ՝ «առանց դիմակի»։ Ան դիտել կու տայ, որ «Շատ թեթեւ վերամշակման ենթարկեցի զանոնք՝ մասնաւորաբար լեզուական, ուղղագրական առումով։ Զեղչեցի ինչ որ շատ անձնական բնոյթ ունէր, քիչ մը պահելով հանդերձ այդ անձնականն ալ»։ Առատ լուսանկարներ կ՚ընկերանան ուղեւորական յօդուածներուն։
Այս հատորը եւս, կ՚ըսէ Վրէժ-Արմէն, ձեւով մը «շարունակութիւնը կրնայ համարուիլ յատկապէս «Ոստայն 4 – Իմ ուղեպատումը» գրքիս, ինչպէս նաեւ նման պատումներ բովանդակող միւս «Ոստայն»-ներուս»։
Այս եւ բոլոր միւս հատորները, բացի առաջին երեքէն, կարելի է կարդալ այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ։
Վ-Ա.