Հրամցո’ւր որակը եւ կունենաս «անոնց» գնահատանքը:
… Եւ այդպէս ալ եղաւ:
Կոմիտասի եւ Նելլիկանի երեկոյթը եղաւ աննախընթաց իր բառին բուն առումով: Աննախընթաց իր որակով, իր ներկայացումով – երկլեզու (հայերէն եւ ֆրանսերէն) – եւ մանաւանդ իր նպատակով:
Տարուած աշխատանքը ուղղուած էր թիրախին՝ հետաքրքրութիւն ստեղծել օտարներուն՝ մեր Կոմիտասի մասին եւ նոյն ատեն մեզի՝ Քէպէքցի մեծ բանաստեղծ Էմիլ Նելլիկանի մասին:
Դժուար էր սոյն գաղափարը իրագործել ճիշդ ձեւով, թերեւս նոյնիսկ արկածախնդրական: Սակայն ներկայացուած նիւթերը բծախնդրօրէն ընտրուած էին, ծառայելու համար ակնկալուած նպատակին. իսկ ցուցադրուած միջոցներով՝ տարուած աշխատանքը հասաւ թիրախին:
Հիմնաքարը դրաւ Delphine Jacquard եւ իրագործման ծանր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Սամուէլ Քէօշկէրեան:
Առաջինը՝ ներշնչուած իր վերջին գիրքին նիւթէն, իսկ Սամուէլ, այդ իրականացուց իր երաժշտական հմտութեամբ…
… Ու ծագում առաւ 5 Մարտ 2017 ի երեկոն՝ «երկու ժամանակակից հանճարներ, միաւորուած ըստ տաղանդի ու ապրումներու» նիւթին տակ՝ Թէքէեան Մշակ. Միութեան սրահին մէջ:
Օրուան յայտնութիւնն էր Տիկ. Գոհար Թէրզեան-Իսրաիլեան , ընդհանուր երեկոյթին բացատրականը տալու եւ յետոյ քայլ առ քայլ ներկաները առաջնորդելու մինչեւ վերջ: Արդեօք կարելի էր գտնել յուզումով եւ ուրախութեամբ, ուժգին բայց շնորհալի, լաւատես կամ իրատես, եւ այս բոլորը երկլեզու (հայերէն եւ ֆրանսերէն) հաւասարօրէն մաքուր առոգանութեամբ, աւելի յարմար անձ մը քան Գոհարը, չեմ կարծեր:
Յուզիչ էր մէջբերումը՝ վերջերս իր ստացած մոմակալին մասին երկբեւեռ հիւանդութենէ տառապող անձի մը կողմէ:
Գոհար եզրակացուց թէ՝ «մարդ որքան ալ հիւանդութեամբ փխրուն ըլլայ, կրնայ հոգատարութեամբ բուժուիլ ու ներքին լոյսը իր փայլքով շարունակէ լուսաւորել շրջապատը»:
Գոհար տեղւոյն վրայ վառեց ապակեայ մոմակալը, եւ այդ՝ վառուած մնաց մինչեւ հանդէսին վերջը… ցնցիչ մէջբերում. սքանչելի փոխաբերական իմաստ:
Թէեւ յայտագրին մէջ արձանագրուած էր ընթերցում՝ Գրիգոր Ոսկերիչեանի կողմէ, սակայն Գրիգորն բեմականացուց այդ ընթերցումը: Պատշաճ պոռթկումներով, յուզումով ու զգայուն ոճով ան կրցաւ մեզ տեղափոխել ֆրանսական արուեստի աշխարհը: Գրիգորն հարազատօրէն մարմնացուց Էմիլ Նելլիկան ը:
Ճիշդ է, թէ մենք իբրեւ հանդիսատես յաճախ վայելած ենք Սիլվա Ամատունի ի շնորհքը, բայց այս անգամ ան ինքզինք գերազանցեց: Հակառակ յայտարարուած խնդրանքին, թէ՝ գնահատական արտայայտութիւններ պիտի մնան վերջաւորութեան, ներկաներ չի կրցան զսպել իրենց ծափերը: Թող այս բաւարար նկարագրականը ըլլայ՝ երեկոյթին իրական պատկերին ու մանաւանդ Սիլվա Ամատունի ի ելոյթին:
Կոմիտաս վերջին անգամ երգած է «Խնկի ծառ» ը ու յետոյ… յաւիտեան լռած: Մօտ 80 տարիներ ետք, այսօ’ր, Լինէթ Իսրաիլեան ի ոսկեայ մատներուն տակ, մեր Կոմիտասը կեանք ու շունչ առած, դարձեալ կ’երգէր:
Անգամ մը եւս կը թրթռար աղեղին տակ. ու այս անգամ Սմբատ Շահազիզի բերնով կը թոթովէր.-
«Ես լսեցի մի անոյշ ձայն,
Իմ ծերացած մօր մօտ էր
Փայլեց նշոյլ ուրախութեան,
Ա՜խ ափսոս որ երազ էր»:
Օ՜հ, ո’չ, երազ չէր… հանդիսատեսը իրապէ’ս կ’ըմբոշխնէր այդ երազային վայրկեանները, որ արուեստագէտ Լինէթ Իսրաիլեան մեզ փոխանցեց, իրեն տրուած տաղանդով: Այո’, ան իր արհեստավարժ (professional) ելոյթով՝ լեզու տուած էր իր ջութակին:
Ըստ յայտագրին, «Անոյշ» ի խելագարման տեսարանէն, հատուած մը պիտի ներկայացնէր Թամար Փանոսեան:
Մենք լաւ կը ճանչնանք Թամարը եւ երբեք չենք թերագնահատէր իր արժանիքները, սակայն նոյնքան լաւ գիտենք մեր «Անոյշ» ի խելագարման տեսարանին պատասխանատուութիւնն ու վտանգը: Զգո’յշ սիրելի Թամար: «Անոյշ» ը բախտախաղ մը չէ: Կամ շատ յաջող կ’ըլլայ… կամ…:
Սակայն պատահեցաւ անսպասելին:
«Անոյշ» մուտք գործեց գեղջկական սեւ հագուստով ու շալով… եւ սկսաւ երգել…
Քարացած էր սրահը: Ներկաներուն հեւքը հազիւ թէ լսուէր: Վերացած ու հիացած զինքը կը դիտէինք: Ամէն մէկ ձեռքի շարժում, ամէն մէկ ձայնի տուայտանք մեզի աւելի կը մօտեցնէր արուեստի բարձունքներուն:
Իսկ Սամուէլ Քէօշկէրեան ի դաշնամուրի ասեղնաշարերուն զգայուն հարուածները կը միանային «Անոյշ» ի վերջին ծնկաչոք փլումին:
Դիպուածի հարց չէր, մասնաւորաբար «Անոյշ» ի խելագարման տեսարանը ներկայացնելը, վերջապէս պատշաճ էր օրուան նիւթին. դիտուածի հարց չէր նաեւ, այս ուժգին մասը պահել իբրեւ յայտագրի վերջաբան, իսկ ամենէն աւելին, բացարձակ դիպուած չէր այդ դժուարին պատասխանատուութիւնը յանձնել Թամարին:
Յուզուած էր ներկայ հասարակութիւնը . «Անոյշ» ի անոյշ ձայնէ՞ն, Թամար ի մագնիսացնող ելոյթէ՞ն, Թումանեանի գլուխ գործոցէ՞ն թէ յայտագիրը առինքնող ներդաշնակութենէ՞ն… վերջապէս էականը յուզուած էր:
Սոյն ելոյթին գեղարուեստական ղեկավարն էր Սամուէլ Քէօշկէրեան ինչպէս նաեւ բոլոր դաշնամուրի նուագակցութիւններով:
Նախապէս յիշեցինք, թէ ան բծախնդրօրէն ընտրած էր ներկայացուած նիւթերը: Յիշեցինք
նմանօրինակ երեկոյթի մը ճիշդ ձեւով իրագործելու արկածախնդրութեան ներկայութիւնը: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել երկու ժամանակակից բայց բնաւ իրարու չհանդիպած հանճարներու խորունկ ապրումներու՝ յստակ բացատրական տալը: Մէկ խօսքով այս բոլոր մարտահրաւէրներուն յաղթահարել ու ստեղծել բարձրորակ դասական երեկոյ մը ինչպէս նաեւ անզուսպ հասարակութեան յոտնկայս ու զգալիօրէն երկար ծափահարութիւններու գնահատանքը, թող ծաղկեփունջ ըլլայ Սամուէլ Քէօշկէրեան ի՝ յաջողութեամբ պսակուած աշխատանքին:
Յուզուած էր եւ Միութեանս ատենապետ Արթօ Մանուկեանը , շնորհակալական ու շնորհաւորական դրուատիքները՝ անկեղծ արտացոլումն էին իր եւ բոլոր ներկաներուն զգացումներուն:
Ան ըսաւ, թէ «հակառակ որ դժուար է մշակոյթ “ծախել”ը, սակայն այսօր արուեստասէրներուն ու մասնակցողներուն միջոցաւ եղա’ւ այդ»:
Նոյն պահուն ան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ Միութեանս միշտ բարեկամ, արձանագործ արուեստագիտուհի՝ Տիկ. Եւգինէ տը Կրիէվ կը նուիրէր իր ստեղծագործութիւններէն՝ Դոկտ. Գէորգ Պաղճեանի կիսանդրին՝ հարստութիւն մը, որ կաւելնայ Թ.Մ.Մ.եան արուեստի գանձերուն վրայ:
Այսօր, կարծես, մշակոյթի փառատօն մը ըլլար:
Հանդիսութեան աւարտին, հրամցուած պատուասիրութիւնը կ’ամբողջացնէր օրուայ օղակը:
Մուտքի պահուն տրուած յայտագիրը կ’ըսէր «Կոմիտաս Վրդ. Եւ Էմիլ Նելլիկան – երկու ժամանակակից հանճարներ…»: պահ մը վերապահութեամբ մօտեցանք արձանագրուած նիւթին: Մին Պոլիսի խորքերէն, միւսը Քէպէքէն: Ինչպէ՞ս կարելի է «միաւորել այս երկուքը ըստ տաղանդի ու ապրումներու»:
Սակայն ելքի պահուն անդրադարձանք, թէ բծախնդրօրէն ծրագրուած յայտագիրը կ’արդարացնէ նիւթը:
Կրկնակի յարգանք, Թ.Մ.Մ. եան, իր այս նախաձեռնութեան համար, որ անգամ մը եւս հպարտութեամբ ծանօթացուց մեր արժէքները՝ օտարներուն: Մի’շտ, ամէն առիթ պէտք է ստեղծել՝ օգտագործելու համար նմանօրինակ գնահատելի երեւոյթներով:
Պերճ Գոգորեան