Կրկին Երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի Հետ

Քէպէքի Ազատական Կուսակցութեան

(Liberal Party Of Quebec) Շոմետի Շրջանի Ներկայացուցիչ

 

Հայապահպանման առաջնահերթ ազդակներէն է հայ թերթը, մամուլը: Հայ թերթն է որ իր ընթերցողին կը հրամցնէ գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն, մէկ խօսքով մշակոյթ: Հայկական մշակոյթը:

Սակայն, շատ աւելի դժուար է հայ մամուլը օգտագործել-թերեւս նոյնիսկ շահագործել-քաղաքական աշխարհէն ներս: Այսինքն՝ թափ տալ կամ շեփորել -հարկ եղած պարագային – քաղաքական ուղղութիւններ տալ կամ նոյնիսկ դէմքեր ծանօթացնել, եթէ այդ կ’առաջնորդէ գաղութային ու հասարակական շահեր:

Մամուլի միջոցով եւ հետեւաբար անոր արձագանգէն՝ հսկայական – եթէ ոչ ահարկու հետեւանք կարելի է ստանալ: Լրատուական ու հաղորդամիչոցային (Media) ուժը եւ արդիւնքը անբաղդատելի են:

Իսկ Քէպէքի պարագային, այսօր բացառիկ առիթ մը կը ստեղծուի երբ ոսկեայ ափսէի մը մէջ մեզի կը հրամցուին հայ երեսփոխաններու ընտրանի դէմքեր, որոնք իրենց քաղաքական փորձառութեամբ ու հմտութեամբ, անսակարկ պիտի սատարէին հասարակական ընդհանուր բարիքներ, եւ որոնց գաղութը հպարտութեամբ պիտի ողջունէր անոնց ներկայութիւնը:

Երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ. այդ ընտրանի դէմքերէն. Քէպէքի Ազատական Կուսակցութեան (Liberal Party) Շոմետի շրջանի ներկայացուցիչը:

«ԱՊԱԳԱՅ» կրկին հանդիպում մը ունեցաւ Սոնա Լախոյեանի հետ: Նոյնքան ջերմ, նոյնքան զուարթ եւ նոյնքան  խանդավառ: Ան ինքնավստահ ու յաղթական, բոցկլտող աչքերով, ի միջի այլոց, հետեւեալը պատմեց.-

«Մայիս 25-26-ի շաբաթավերջին, Պրէմօն-ի մէջ, Քէպէքի Ազատական Կուսակցութիւնը իր Ընդհանուր Խորհուրդի նիստի ընթացքին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կ’առաջարկէր Ցեղասպանութեանց ուսուցումը Քէպէքի երկրորդական վարժարաններուն մէջ պարտադիր դարձնելու մասին, որոնց համար դասագիրքեր ալ պատրաստուած էին»:

Հոս պահ մը պէտք է կանգ առնել նրբութեան մը առջեւ:

Սեղանին վրայ դրուած առաջարկը նախ ներկայացուած է Հրէական ողջակիզման (Holocost) ուսուցումը. սակայն երեսփոխան Լախոյեան Օլիվիէ, հրէական Holocost-ին ուսուցումը «սահմանական» նկատելով առաջարկած է բոլոր Ցեղասպանութեանց ուսուցումը (Ռուանտական, Քամպոտական, Holocost, մինչեւ իսկ ամերիկեան, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը):

Երկօրեայ նիստերու տաք բանավէճեր տեղի կ’ունենան, ուր Սոնա Լախոյաենի միջամտութեամբ՝ բանաձեւը վերատեսութեան կ’ենթարկուի: Լախոյեան համոզիչ բացատրութեամբ կը բանակցի ներկաներուն հետ եւ այդ հիման վրայ բանաձեւը կը բարեփոխուի եւ ժողովը միաձայնութեամբ կ’ընդունի, թէ Ազատական Կուսակցութիւնը եթէ յառաջիկայի Նահանգային Խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխանութեան գայ, անխտիր բոլոր Ցեղասպանութեանց ուսուցումը կը դառնայ պարտադիր Քէպէքի վարժարաններէն ներս:

Ուրեմն կրնա՞նք երեւակայել, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը իր բոլոր ճշմարտութիւններով ու իրականութիւններով պիտի ուսուցանուի Քէպէքի վարժարաններէն ներս:

Եւ այս բոլորը երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի շնորհիւ:

Ինչպէ՞ս կրնանք զանց առնել այսպիսի Mediaի աշխոյժ ու գործնական ուժ մը մեր քաղաքական աշխարհէն, մեր առօրեայէն:

Արդեօք կրնա՞ք մամուլն ու Media-ն «շահագործել» ու սորվիլ ուրիշ ազգագրական (ethnic) օրինակներէն (իտալական, յունական, հրէական եւլն.):

 

Պերճ Գոգորեան