Հայաստանի Անկախութեան 33-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն Պոլսահայ Միութեան Մէջ

Ուրբաթ՝ 20 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, մեծ խանդավառութեամբ յիշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձը, Պոլսահայ Միութեան՝ վերջերս շքեղօրէն նորոգուած «Արամ Խաչատուրեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ Մշակութային, Նոր Սերունդ Մշակութային եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւններու միացեալ ուժերով:

Ներկաները յարգանքի եւ հպարտութեան համազօր զգացումներո’վ մասնակցեցան, հայրենիքի քայլերգին, որմէ յետոյ բացման խօսք առաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ պրն. Արթօ Մանուկեան:

Պրն. Մանուկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, սոյն երեկոյթին առթիւ, շնորհաւորելով Հայրենիքի անկախութեան 33-րդ տարեդարձը: Ան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ՝ հաւաքական ուժին անհրաժեշտութեան մասին, երբ հայրենիքը պէտք ունի մեր միասնականութեան, մանաւանդ, այս տագնապալից օրերուն:

Տիկ. Սոնա Լախոյեան (Chomedy riding-ի M.P.) եղաւ յաջորդ խօսք առնողը, որ ֆրանսերէնով ու հայերէնով շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան տօնը, մատնանշեց, որ հպարտ պէտք է զգանք մեր Հայրենիքով եւ հրահրեց ներկաները պատրաստելու յաջորդ սերունդը, որ պիտի փոխարինէ մեզ: Յետոյ պրն. Մանուկեան հրաւիրեց պատուոյ հիւպատոս պրն. Լեւոն Աֆէեանը, որ սրտի խօսքը ուղղէ մեզի:

Պրն. Աֆէեան յայտնեց, թէ հպարտ կը զգայ ներկայայացնելու հայրենիքը՝ Մոնթրէալի մէջ, շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձը, մատնանշեց, թէ կը բոլորենք 33 տարուոյ փորձառութիւն մը, որ շատ կարճ ժամանակ է՝ երկրի մը համար, ինչպէս նաեւ արտայայտեցաւ, թէ նոյնպէս հպարտ ենք, որ ազատ ընկերվարական (democratic) երկիր մը ունինք, ուր ընդդիմադիրներ՝ ազատ են յայտնելու իրենց դիտողութիւնները: Նոյնպէս պրն. Աֆէեան շեշտեց ըսելով, որ սփիւռքահայութենէն կ’ակնկալուի, թիկունք կենալ այս պատանի անկախ պետութեան:

Որմէ յետոյ հրաւիրուեցաւ յայտնի երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան եւ իր նուագախումբը որոնք իրենց երգերով խանդավառեցին ներկաները:

…Շատ երկար եւ պանծալի տարիներու մաղթանքով սիրելի Հայրենիք:

 

Ներկայ մը