Նուրհան Արման եւ իր Սինֆօնիա Թորոնթօ-ն
մեզի ներկայացուց
ջութակահար հայկ Գազազեան
Հիմի բացել են հանդէս
Երգիչները իմ անտես
Ջա՜ն, հայրենի ծըղրիդներ
Ո՞վ է լսում հիմի ձեզ:
Յովհ. Թումանեան (1916)
Ձեռքս ունիմ ՀԲԸՄի 100ամեակի հանդիսութիւնը՝ 2006ին կատարուած Բարիզի մօտ Վերսայի իշխանական Սրահներուն մէջ որուն հովանաւորութիւնը կ’ապահովէր Ֆրանսայի Նախագահ Ճագ Շիրաք: Ներկայ էին Ն.Ս. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ետուար Նալպանտեան՝ ՀՀ դեսպան, Վարդան Օսկանեան՝ օրուան ՀՀ ԱԳ. Նախարար, Տիար Պերճ Սեդրակեան, Շարլ Ազնաւուր, Բաթրիք Տէվէճեան եւ երկար ցանկ մը Ֆրանսայի նախարարներու եւ այլ մեծամեծներու:
Չբաղդատենք Գանատայի դարերէ անցած Ֆրանսայի հայկական գաղութին հետ, սակայն երբ կը տեսնեմ քանի մը տարուան մեր նորագոյն գաղութը, գոնէ Մոնթրէալի, հիացումով կը դիտեմ Եղեռնէն հայութեան նորածին բեկորները այսքա՜ն զարգացած մարդիկ, գիտուններ, արուստագէտներ, գործարարներ, քաղաքական խորհրդատուներ, մանկավարժներ, բոլորը ունեւոր, պատշաճօրէն հագուած շքուած կը փութան 22 Հոկտեմբեր 2017ին Լավալի Centre Arménie Պէթհովէնի միակ ջութակի գոնչերթօն մտիկ ընելու:
Պատիւ մեր ազգին.
Պատիւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան.
Բայց ո՞վ է ջութակահարը. ահա նուագախումբին ծափերով բեմ կ’ելլէ նիհարակազմ երիտասարդ Հայկ Գազազեան: Մենք ծանոթ ենք Սինֆոնիա Թորոնթօ սենեկային Մայերսդրոին, երաժշտասէր ընտանիքէ սերած Պոլսահայ մեծանուն ղեկավար Նուրհան Արման, որուն նուագը յաճախ կ’ունկնդրենք Րատիօ Գանատայի երաժշտական կայանէն: Գոնչերթոյին հանդիսաւոր երկրորդ շարժումը, Լարկեթթոն հիանալի էր. Ռոնտոին մէջ Գազազեանի ջութակը ճռուողեց:
Սկիզբի չորս նոթերը որ տուաւ ջութակահարը, այնքան պատկերալից էր, երազ մը որ կը կրկնուի նուագին ընթացքին, յանկարծ ջութակները, ապա թաւջութակները, վերջապէս փոթորկոտ Պէթհովէն կը միացնէ չորս նոթերը կը միացնէ նուագախումբին մեծ հարուածով, այսինքն մեծ ճիչով մը: Յիսուն վայրեան տեւող այս կտորը նուագած են Բինքաս Զուքէրման, Եահուտի Մէնուհին, Իցաք Բերելման, Տավիտ Օսդրայք, այնքան որ սիրուած կտոր կը համարուի:
Սրահը թնդաց, ծափերը վերջ չունէին. վերադարձաւ Հայկը եւ առաջին սարսուռը արձակեց իր ամենավճիտ աղեղով մէկ թէլի վրայ Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառը» ով: Սիրեմ ես անոր «Ծովն ընկաւ»ը. շնորհակալութիւն Հայկ ջան. լացուցիր մեզի:
Մեր դափնեզարդ ջութակահարը, ինչպէս բացատրեց ղեկավարը, երկու անգամ շահած է Չայքովսքիի մրցումներուն: Ապա ունկնդրեցինք Ետուար Միրզոեանի (1921-2012) չորս շարժումով Thème et Variations –ը. Ան ունի մեղեդի եւ հրաբխային մասերը: Թախծոտ վիոլան ցոյց տուաւ իր հայկականութիւնը:
Զարմանալի բան, ուր որ ալ ըլլաք հեռուէն կը ճանչնաք Արամ Խաչատուրեանը, ան կը սաւառնի լեռնաշխարհի գագաթներէն, ինչպէս ցոյց տուաւ Վարդագոյն Աղջիկներու Պարը: Հիանալի էին կտորին թելասեղմումները, (բիցցիքաթօ)-ները:
Շատեր խոկումներով, ուրիշներ հպարտութեամբ, քանիներ ալ ուրախութեամբ բաժնուեցանք մեր երկու արուստագէտներէն: Կ’ակնկալենք Արմաններ ու Գազազեաններ: Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն Սինֆոնիա Թորոնթոյի մենակատարին, ղեկավարին եւ համայն երաժիշտներուն. հոյակապ կատարում:
Դուն ալ հանգիստ քնիր, Յովհաննէս Թումանեան, ծղրիթներդ յաւերժ պիտի երգեն, եւ աւելին՝ մտիկ ընող ալ կայ:
Ընդունելութիւնը կատարեալ էր:
Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեան