ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Մոնթրէալի ԹԹՄ-եան մէջ

Ուրբաթ Մայիս 22-ին Մոնթրէալ ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Ազգ. Ժողովի նախագահ՝ Գալուստ Սահակեանի: Նոյն երեկոյեան 17 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը եւ Գանատայի մօտ ՀՀ Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Արմէն Եգանեան ընթրիքով ընդունուեցան տեղւոյս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ:
Դեսպան Եգանեան բարի գալուստ մաղթեց այս պատկառելի պատուիրակութեան Գանատա ժամանումին առիթով եւ ներկայացնելէ ետք յատուկ պաշտօններ վարող անդամները, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին Գանատա իրենց առաքելութեան մէջ: ԹՄՄ-եան վարչութեան ատենապետ Արթօ Մանուկեան իր բարի գալուստի խօսքերուն մէջ յայտնեց թէ աննախընթաց պատիւի մըն է որ կ’արժանանայ ԹՄՄիութիւնը եւ հրաւիրեց ԹՄՄ-եան նախագահ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, որ իր կարգին յայտնեց թէ վերջին կէս դարուն է որ արագօրէն ուռճացաւ եւ կազմակերպուեցաւ Սփիւռքի այս ամենակենսունակ գաղութներէն մին, հաստատելով մշակութային, կրթական, բարեսիրական, հրատարակչական եւ այլ կառոյցներ, առանց պետական միջոցներու:

Arm. 1 June (Azkayin TCA)1

Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան ողջունեց հայրենի հիւրերը եւ ընդգծեց հպարտանքի եւ հոգեբանական այն խոր զգացումը որ սեփական հայրենիքի պետական բարձրագոյն հեղինակութիւնն է որ ճակատաբաց կը ներկայանայ աշխարհին. Սրբազան Հայրը աւելցուց թէ վերջերս մեր բիւրաւոր նահատակներու Սրբադասումը մեզ կը վերածէ սուրբերու զաւակներու եւ թոռներու ազգի մը, ինչ որ յաւելեալ պարտաւորութիւն մըն է մեր նորահաս սերունդներուն համար:

Sahakyan

Վերջաւորութեան խօսք առնելու հրաւիրուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, որ շնորհակալական զգացումներէ ետք յայտնեց այն խոր գոհունակութիւնը որ մեր Հայրենիքը այսօր օժտուած է մեր ժողովուրդի բոլոր կուսակցութիւնները ներկայացնող եւ միջազգային բարձր վարկ վայելող Խորհրդարանով մը. ու այդ առումով է որ այս օրերուն ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրուած է Գանատայի Խորհրդարանին կողմէ: Նախագահ Սահակեան կոչ ուղղեց որ միասնականութեան նոյն ոգիով ընթանայ նաեւ Սփիւռքահայութիւնը:

Arm. 1 June (Azkayin TCA)2

Մեկնումէ առաջ, Ազգային Ժողովի նախագահը Միութեանս ղեկավարներուն յանձնեց մագաղաթի մը վրայ աշխատուած ու շրջանակուած արժէքաւոր յուշանուէր մը: