Կիրակի` 13 Օգոստոս 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատուցեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան, ներկայ էր նաեւ՝ Արժ. Տ. Հայ Արի Քհնյ. Թանաշեան: Պատարագի բացառիկ երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» Դպրաց Դասը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Կարէն Մանուչարեանի:
Ապա Տ. Հայ Արի Քհնյ. Թանաշեան իր քարոզով հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուայ խորհուրդին պատգամը:
Պատարագի աւարտին Քահանայ Հայրերու եւ Դպրաց Դասի առաջնորդութեամբ, հաւատացեալներու հետ միատեղ, թափօրով ուղղուեցան դէպի տաճարի մայր դրան մուտքին, ուր Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան կատարեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:
Որմէ ետք, Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ խորոված-խրախճանք եւ անուշեղէնի վաճառք, որուն ընթացքին ներկաները վայելեցին օրուան խանդավառ մթնոլորտը: