Շատ հաճելի ու գնահատելի սովորութիւն է դարձած է ճատրակի միացեալ, բարեկամական մրցաշարքերու կազմակերպութիւնը ԹՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ Լաւալի ճատրակի խումբերու միջեւ: Ամէն տարի, երկուական անգամ, խումբերը կը հիւրընկալուին մէկը միւսին կողմէ ԹՄՄ-ի սրահի կամ Լաւալ Հայ Կենդրոնի մէջ:
Հակառակ ճատրակի տախտակներու շուրջ խիստ «մահ ու կենաց» մղուած պատանիներու միջեւ պայքարին, ճատրակէն դուրս մթնոլորտը ջերմ է, մտերմիկ ու բարեկամական: Պատանիները արդէն կը ճանչնան զիրար, կը խօսին իրարու հետ միայն ու միայն մայրենի լեզուով, որը բոլորիս կը պարգեւէ գերագոյն հաճոյք:
Ճատրակի խմբերու պատասխանատուներու սրտցաւ ու հոգատար ջանքերուն շնորհիւ օրէ օր կ’աճի պատանիներու ճատրակ խաղալու հմտութիւնը: Պատանիներէն շատերը արդէն իսկ ստացած են Քէպէքի ու Գանատայի պատանիներու 2018 թուականի առաջնութեան եզրափակիչ մրցաշարքերուն մասնակցելու պատուաւոր իրաւունքը:
2018 թուականի պատանիներու ճատրակի առաջին մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Յունուարի 14-ին ԹՄՄ-եան սրահին մէջ: Սրահը տօնական տեսք ունէր տարբեր անկիւններու վրայ զետեղուած գունագեղ տօնածառերու եւ առաստաղի ճաշակաւոր զարդարանքներով:
Մեր երանելի, հին ու ընդարձակ հայրենիքին մէջ, հին տոմարով այս օրն էր որ կը նշուէր որպէս Ամանոր կամ Կաղանդ: Այսօրուայ մեր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հին աւանդոյթները տակաւին կենդանի պահուած են շատ ընտանիքներու մէջ, նշելու համար Նոր Տարին, Կաղանդը կամ Ամանորը: Հայաստանի գիւղերու ու քաղաքներու մէջ, շատ ընտանիքներու տօնական հիւրընկալութեան միշտ պատրաստ բաց սեղանները երբեք չեն վերցներ մինչեւ Յունուարի 15-ը:
Օգտուելով այս առիթէն, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր ճատրակի խմբերու պատանիներու ծնողներուն, ԹՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ Լաւալի յարգելի վարչութիւններուն Նոր Տարուայ առիթով եւ կը մաղթենք անոնց ամենայն բարիք: Մեծ համոզումով կը գիտակցինք, որ առանց անոնց գնահատելի օժանդակութեան ու հոգատարութեան, անհնար էր կեանքի կոչել այս օրէ օր ծաւալող ու Քէպէք Նահանգի մէջ ճանաչում ստացող ճատրակի խումբերը:
Մրցաշարքը այս անգամ միօրեայ էր. այդ իսկ պատճառով ան տեւեց մօտ 9 ժամ:
Մասնակիցները բաժնուած էին երեք խումբերու՝ սկսնակներ, միջակներ եւ յառաջացածներ:
Խմբերու մէջ վերջնական տեղերը բաշխուեցան հետեւեալ արդիւնքով՝
Սկսնակներու խումբ
Առաջին՝ Վիգէն Մանուկեան,
Երկրորդ՝ Մհեր Կարապետեան
Երրորդ՝ Արէն Կարապետեան
Չորրորդ՝ Աննա Գայապալեան
Միջին խումբ
Առաջին՝ Յարութ Չուլճեան
Երկրորդ՝ Միքայէլ Մանուչարեան
Երրորդ՝ Զաւէն Չուլճեան
Չորրորդ՝ Դաւիթ Արմաղանեան
Յառաջացածներու խումբ
Առաջին՝ Մարտիկ Թաշճեան
Երկրորդ՝ Սեւակ Աֆարեան
Երրորդ՝ Նժդէհ Գայապալեան
Չորրորդ՝ Համբիկ Տէրտէրեան
Հինգերորդ՝ Եղիա Պարսումեան
Մրցաշարքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր մասնակից պատանիներու ծնողներու մօտ: Շատ ծնողներ ներկայ էին մրցաշարքի ընթացքին եւ ուշի-ուշով կը հետեւէին իրենց սիրելի զաւակներու խաղերուն:
Շնորհակալութեամբ պէտք է նշել, որ ԹՄՄ-եան սրահի պատասխանատուները, ըստ սովորութեան, հայկական մեծ հոգատարութեամբ վերաբերուեցան պատանիներուն նկատմամբ եւ ապահովեցին անոնց սնունդն ու կեցութիւնը:
ՀՄԸՄ Լաւալի Մարզական Խորհուրդի անդամ քոյր Նուշիկ Մխճեանը ներկայ էր մրցաշարքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին եւ իր հաճելի ներկայութեամբ կը ոգեւորէր բոլոր պատանիներուն ու սրտացաւօրէն կը մօտենար անոնց, որոնց աչքերը, պարտութեան պարագային, կը լեցուէին աղի արցունքով:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, ԹՄՄ-եան վարչութեան յարգարժան անդամները ներկայ էին մրցախաղի ամբողջ ընթացքին եւ իրենց ծանրակշիռ ներկայութեամբ արժեւորեցին ընթացող մրցաշարքը եւ ոգեւորեցին պատանիներուն:
Ս.Գ.