Մահացած է գանատահայ վաստակաշատ տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեան

Շաբաթ՝ 12 Մարտ 2022-ին, Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի մէջ իր աչքերը յաւերժ փակեց լիբանանահայ եւ գանատահայ շրջանակներուն կողմէ մեծ յարգանք եւ սէր վայելող, արուեստագէտ հանրածանօթ տուտուկահար՝ Համբարձում Ճապուրեանը։

Իր բարեհամբույր բնաւորութեամբ սիրուած եւ յարգուած է բոլոր զինք ճանցողներուն կողմէ:

Հանգուցեալը Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ, քլարինեթի մասնագիտանալէ ետք, քաղաքացիական պատերազմի շրջանին հաստատուած  է Գանատա, ուր շարունակած է իր երաժշտական կրթութիւնը: Հանգուցեալ՝  Համբարձում Ճապուրեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ արժանացած է հայ թէ օտար արուեստագէտներու գնահատանքին: Յիշենք նաեւ որ ան յաճախ մաս կազմած է գաղութային ձեռնարկներուն եւ իր արուեստը բարձր գնահատուած է ներկաներուն կողմէ:

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, ինչպէս նաեւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: