Խոր ցաւով կը գուժենք անժամանակ մահը թէ’ Պոլսոյ եւ թէ’ Մոնթրէալի արուեստասէր հասարակութեան ծանօթ՝ սիրուած երաժշտագէտ, քննադատ եւ երաժշտութեան դաստիարակ՝ Արա Էլակէօզի, որ Յունիս 15, 2017-ին իր մահկանացուն կնքեց Մոնթրէալի մէջ, հետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Ողբացեալին հեղինակած երաժշտական ելոյթներու վերլուծական մանրամասն թղթակցութիւնները միշտ փնտռուած էին «Ապագայ»ի ընթերցողներու կողմէ, յատկապէս երբ նիւթը կը վերաբերէր դասական երաժշտութեան: Այս գործունէութիւնը շարունակութիւնն էր ողբացեալին Իսթանպուլի «Մարմարայ»ի սիւնակներուն մէջ իր հետաքրքրական արուեստի յօդուածներուն: Երաժշտութեամբ հետաքրքրուող հանրութիւնն ու կատարողները անհամբեր կը սպասէին իր հեզ սակայն անզիջող ու շինիչ քննադատական յօդուածներուն: Այդպէս էր նաեւ իր ներկայութիւնը բարեկամական եւ ընկերային շրջանակներու մէջ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը հաղորդենք ողբացեալի Տիկնոջ՝ Զարուհի Էլակէօզին, իր արժանաւոր զաւակին՝ Արամին եւ հարազատներու ու ընկերներու լայն շրջանակին:
«Ապագայ»