ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍՍԱՒՈՐԻՉ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ի ՄՈՆԹՐԷԱԼ

Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019, Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Վարդան զօրավարի եւ 1036 խիզախ վկաներու անմահ յիշատակը ։
Երեկոյեան ժամը եօթին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ օրուան իմաստը խորհրդանշող եւ ազդարարող Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, ուր ներկայ  էին բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ ի մասնաւորի ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ սկաուտները։ Յատկապէս Մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Սկաուտական Խորհուրդի պատասխանատու Թամար Սաղըրեանին այս համագործակցութեան համար:

Աւանդութիւնը վերականգնելու նպատակով, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Սրբոց Վարդանանց տօնը հռչակուած է այլեւս սկաուտներու օրհնութեան օր:
Օրուան պատարագիչ-քարոզիչն էր հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ.Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի ատեան հրաւիրելով ողջ սկաուտական կազմը, ինչպէս նաեւ պատասխանատու մարմինը, Տէր Հայրը օրհնեց եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ  նուիրաբաշխեց օրհնեալ խաչեր։
Այնուհետեւ «Վաչէ Յովսէփեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ՝ ծխական խորհուրդիս, օժանդակութեամբ տիկին Միրնա Պաճաքեանի եւ տիկին Փառանձեմ Գէւորգեանի։
Գեղարուեստական յայտագիրը բաղկացած էր Սրբոց Վարդանանց շունչով առատ ասմունքներէն եւ  երգերէն։ Օրուան խորհուրդէն ներշնչուած պատանի թէ երիտասարդ խոստացան պահպանել տարւոյն այս գեղեցիկ աւանդոյթը։