Միջինքը Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնին մէջ

Միջինք է… քառասուն ութ օրեայ պահքի կէս շրջանը: Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին զանգակներուն ղօղանջը կարծէք հեռուէն կ’արձագանգէ: Գաղութի բոլոր կազմակերպութիւնները պատրաստութեան մէջ են: Ուրբաթ 4 Մարտի երեկոյեան, բացառիկ թիւով բազմութիւն մը լեցուած էր, Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան Սրահը միջինք էր, իսկական միջինք: Թէքէեանի տիկինները համերաշխ մթնոլորտի մէջ, գնահատելի գործակցութեամբ, իւրաքանչիւրը անձնապէս որպէս նուէր պատրաստած էր պահքի զանազան զարմանազան ճաշատեսակներ:

Ներկաները հերթով առատօրէն ճաշակեցին բաց սեղանի վրայ ճաշակաւոր տեղադրուած համեղ ճաշերը, անթերի կանոնաւորութեամբ:

Ընթրիքէն վերջ շնորհալի օրիորդ Քրիստին Տէր Ստեփանեան իր բիւրեղ հայերէնով նոր հմայք մը բերաւ մթնոլորտին երբ բարի գալուստի խօսքէն վերջ, բացատրութիւններ տուաւ Թ.Մ. Միութեան յառաջիկայի ձեռնարկներուն մասին:

Der Vazken BoyadjianԱպա, հրաւիրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Վազգէն քհնյ. Պոյաճեանը որպէսզի իր պատգամը տայ «Պահքը Քրիստոնեայ կեանքին մէջ» նիւթին շուրջ:

Արժ. Տէր Հայրը նախ ողջունեց ներկայութիւնը Պոլսէն նոր ժամանած Տէր Եղիա Քէրվանճեան քահանային, ապա իւրայատուկ հաղորդական արտայայտութեամբ արժեւորեց նիւթը հետեւեալ ձեւով: (Մենք կու տանք ամփոփումը):

Մեծ պահքը պատրաստութեան շրջան է: Առանց պատրաստութեան հաւատացեալները չեն կարող արժեւորուած դիմաւորել կամ լիուլի ապրիլ փրկչի Յարութեան տօնը եւ տօնեն իրենց եկող օրհնութիւնները:

Պահքը կարժեւորուի միայն ու միայն ապաշխարութեան խորհուրդով, զղջման ցաւով, խոստովանութեան համարձակութեամբ, յարատեւ աղօթքով, ներողամտութեան, ժուժկալութեան պատրաստութեամբ եւ սիրով լի ողորմութեամբ: Առանց այս բոլորի, նոյնիսկ մէկի բացակայութեան, անհնար է արժեւորել պահքը, որը կը զրկէ եւ կը հեռացնէ հաւատացեալները բուն խորհուրդի իմաստէն եւ օգուտէն: Այնքան կարեւոր է ապաշխարութիւնն ու պահքը, որ հայ եկեղեցին հաւատացեալներու համար տարուայ 150 օրերէ աւելին սահմանած է որպէս պահքի ապաշխարութեան օրեր: Հայ եկեղեցին ունի օրական պահքեր որոնք տեղի կունենան Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, շաբաթական պահքեր որոնք կը նախորդեն կարգ մը տօներու կամ սրբոց յիշատակութեանց:

Ամենէն երկարը մեծ պահքն է իր եօթը շաբաթներու տեւողութեամբ, որուն մէջ կը գտնուինք բոլորս…

Տէր Հօր բանախօսութեամբ ներկաները վերահասու եղան մեծ պահքի եւ միջինքի հոգեւոր իմաստին:

MITCHINK - iiԲազմախուռն հիւրերը, ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ, մնացին սրահին մէջ, մինչեւ գիշերուան յամեցող ժամերը:

Անգամ մը եւս հաւաքական սիրալիր գործակցութեան կատարուող աշխատանքը արժեւորուեցաւ, շնորհիւ Թ.Մ. Միութեան ժրաջան տիկիններուն, գլխաւորութեամբ՝ Տիկին Անի Թորիկեանի:

Ուրախութեամբ, հաւատքով եւ միասնական սիրով հասնինք Սուրբ Յարութեան տօնին:

Վ. Պալեան