ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ  ԱՐՄԷՆ – ՔԷՊԷՔ  ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՆԱԽԿԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏԸ  ԹԷՔՍԱՍ ՆԱՀԱՆԳԻ  ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ  ԴԱՏԱԿԱՆ  ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ  ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Արմէն Մերճանեան աշակերտած է Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանին մէջ ու տասը տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներու  Թեքսաս նահանգի գլխաւոր քաղաք Հիւսթըն: Ըստ տեղւոյն “Հիւսթըն Քրոնիքըլ” թերթին ան կատարելագործած է օրէնսգիտութեան եւ արդարադատութեան ասպարէզներու գիտութիւնը: Երիտասարդ փաստաբանը որպէս իտէալիստ իրաւագէտ վաստկած է իր պաշտօնակիցներու  բարձր համարումը եւ առաջադրած է հիմնական բարեփոխութիւններ ներմուծել  արդարադատութեան գործընթացներու մէջ:

Armen “Hammer” Merjanian կը նկատուի զօրաւոր թեկնածու մը Հիւսթընի մէջ շուտով կայանալիք դատաւորներու ընտրութեան: