Հոկտեմբեր 4, 5 եւ 6-ը, Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակին եղան անզուգընթաց, եթէ ոչ աննախընթաց վերջաշաբաթ մը Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթին համար:
Անհատական տարեդարձներով կը յուզուինք, կ’ուրախանանք, կը շրջապատուինք հարազատներով, կը վայելենք անկեղծ մաղթանքներ եւ գինովցած այս շռայլութիւնով, պէտք չենք զգար մտածելու ապագային մասին: Այսօ’րն է էականը եւ վե’րջ:
Այս բոլորը անհատական տարեդարձներու պարագային: Սակայն երբ կը դիմաւորենք ազգային կամ համազգային երեւոյթի մը յիշատակութիւնը, այն ժամանակ վերոյիշեալ մաղթանքներուն վրայ կ’աւելնայ ապագայ երազներու եւ ապագայ հաւանական նորանոր նուաճումներու խորհուրդին մասին.
Խորհո՜ւրդ խորին…:
Մեր մտորումները՝ ճերմակ տատրակի մը նման, կը սաւառնին ու վերջապէս կը յանգին՝ Գանատահայ եռալեզու առաջին շաբաթաթերթին «ԱՊԱԳԱՅ»ի 49-րդ եւ ԹՄՄ.-եան պատգամաւորական ժողովի 37-րդ տարեդարձներուն:
Ինչպէ՞ս կարելի էր չնկատել, արտասովոր խանդավառ այս մթնոլորտը երբ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը գրկաբաց կ’ընդունէր հիւսիսային Ամերիկայի Թէքէեան-կեդրոններու ներկայացուցիչներու ընտրանիին՝ թիւով մօտ 40 պատգամաւորներ:
Համաճարակի պատճառաւ, մի քանի տարիներու հանդիպման ուշացումը, մինչ նոր դէմքերու, նոր թարմ ոյժերու ներկայութիւնը՝ ոչինչ փոխած էր՝ նախկիններէն դաստիարակուած ու նորին փոխանցուած հին զգացումներէն:
«Անծանօթ» բառը կը չգոյանար, կը հալէր- երկուստեք ստեղծուած – այսօրուայ ջերմ ընդունելութեան մէջ, մինչ «ընկեր»ը կը զգենուր վառ ու կայտառ գոյներ:
Boston, Detroit, Greater New York, Los Angeles, Metro Los Angeles, Pasadena-Glendale, վերակառուցուած Filadelphia եւ Montreal, բոլորն ալ հաւաքուած էին միասնական ոգիով, ժամանակին ընթացիկ գաղափարներով եւ մանաւանդ գաղափարական հաստատ ենթահողով:
* * *
Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ն էր: Բոլորս հաւաքուած էինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան մուտքի գաւիթին մէջ… ինչո՞ւ… չէինք գիտէր. բայց համակ պատկառանք մը, ակնածանք մը կը տիրէր մեր շուրջը՝ բնազդաբար: Ապածածկում (Reveal) տեղի կունենար: Շղարշը կը վերցուէր ու կ’երեւար Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի նկարը, իր կուրծքը զարդարուած քաղաքացիական ամենաբարձր գնահատանքով The Order of Canada-ի շքանշանով՝ ստացած Գանատայի կառավարիչ՝ Մէրի Սիմոն ի ձեռամբ:
Յուզուած էր Դոկտ. Կէօնճեանը, յուզուած էր իր ազնուափայլ կողակիցը՝ Տիկ. Նատիա Կէօնճեանը՝ Խոնաւ աչքեր, զսպուած փղձկանք… հազիւ լսելի ձայն մը… կը խօսէ՜ր Դոկտ. Կէօնճեան… իսկ ես աչքերս գոց թէեւ հազիւ զինք մտիկ կ’ընէի, սակայն շարժանկարի ժապաւէնի մը նման մտքէս կը սահէին աներեւակայելի նուաճումները՝ Ալեք Մանուկեան վարժարանի հիմնադրութիւնը, ՀԲԸՄ.-եան շինութիւնը, Էջմիածնաբոյր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ կազմաւորումը, Թ.Մ.Մ.-եան կոթողային բարձրացումը եւ վերջապէս գանատահայ անդրանիկ շաբաթաթերթի մը առաջին էջը, որուն ծննդեան թուականը կ’արձանագրուէր շաբաթ 13 Սեպտեմբեր 1975 իսկ ինք կը կնքուէր «ԱՊԱԳԱՅ» անունով:
Ո՜հ, Աստուա՜ծ իմ, ա՜յդ «Ապագայ»ն այս որքա՜ն մեծցէր է. ան եղած է հուժկու, առողջ մտքով, փոթորիկներու դէմ կուրծք տուող եւ բոլորէն սիրուած 49 տարեկան երիտասարդը: Եւ մենք, այսօր, հպարտութեամբ կը տօնենք անոր տարեդարձը:
* * *
Գանատահայ առաջնորդ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան, կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակայէր, եւ ուրեմն իր օրհնաբեր պատգամը կը փոխանցուէր մեզի Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան ի միջոցաւ:
Սալբի Հալաճեան-Մարկոսեան հակիրճ ու անսայթաք կերպով բացման խօսքը կատարեց եւ հետեւաբար ընգրկեց ամբողջ յայտագիրը:
Խոր գնահատանքի արժանացաւ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի անձնակազմին ուղղուած իր պատգամը մանաւանդ իր շնորհակալութիւնը՝ նիւթական, բարոյական բոլոր օժանդակողներուն:
Խորհուրդ Խորի՜ն…:
« Մեր ազգի զաւակները պէ’տք է ըլլան ճշմարտութեան երկրպագու, անշահախնդիր եւ պարկեշտ: Միայն այն ժամանակ բռնած կ’ըլլանք յառաջընթացի, զարգացման եւ հզօրացման ուղին քանզի ճշմարտութեան երկրպագուն չի՛ կրնար լռել եւ ընդունիլ սխալը, ճշմարտութեան երկրպագուն չի’ կրնար չպայքարիլ հասարակական դաշտը աղաւաղող խաթարող երեւոյթներու դէմ, ճշմարտութեան երկրպագուն չի՛ կրնար նահանջիլ եւ յանձնուիլ»: «ԱՊԱԳԱՅ»ի խմբագիր Պրն. Աւետիս Պագգալեան, ի միջի այլոց, այսպէս արտայայտուեցաւ: Ապահովելու համար մեր դարաւոր ներկայութիւնն ու գոյութիւնը մենք երկու տարրական ազդակներու անհրաժեշտութեան հրամայականը կը դիմաւորենք՝ Զօրութիւն եւ Ճշմարտութիւն:
Պրն. Պագգալեան կեդրոնացաւ երկրորդին վրայ՝ քանի հո’ն է մամուլին դերը:
Ճշմարտութի՜ւն:
Պրն. Աւետիս Պագգալեանի սրտի խօսքը. միայն իրենը չեղաւ, այլ կարծես մեր բոլորինը. սրտէն բխած՝ զարթնուցիչ ահազանգ մը, որ հո’ն է, բայց քիչ անգամ կ’անդրադառնանք անոր արձագանգին: Ճշմարտութիւնը գիտնալը, կ’ընդարձակէ կարծիքներու ազատութեան սահմանը, տալով հարազատ պատկեր մը հաղորդակիցին – ունկնդիր կամ ընթերցող – որ իր կարգին իրաւունք կ’ունենայ ընտրութիւն ընելու: Ուրեմն ճշմարտութիւնը էութիւնն է ազատութեան:
Ահաւասիկ մամուլին սուրբ առաքելութիւնը, որ «ԱՊԱԳԱՅ»ն կը զգենու ճշմարտութեան համազգեստը՝ սրտով, հոգւով, գրիչով, գաղափարով, գաղափարականով… 49 տարիներէ՜ ի վեր:
Ընթացիկ տարեկան օժանդակութիւններ՝ նիւթական կամ բարոյական, պէտք է գնահատուին, եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը երբեք չի մոռնար այդ «Ճիտին պարտքը»: Այս տարի այդ հարազատներէն միոյն՝ Պրն. Աւետիս Ճիհանեանի վերագրուած էր այդ գնահատանքը: Նախկին ատենապետ եւ վարչական՝ Պրն. Ճիհանեան բացած իր սիրտն ու քսակը կը մասնակցի այն մարդկային վսեմ աշխատանքին որ կը կատարուի հայրենիքի մէջ: Ան կազմակերպած է «ֆոնտ» մը, որ հայ երիտասարդներ կը վայելեն համալսարանական պատշաճ վիճակ: Այսինքն, մէկ խօսքով, ահաւասիկ անհատ մը, որ կ’օժանդակէ մտային ու գիտական հարուստ ապագայ սերունդի մը պատրաստութիւնը:
* * *
Վերջապէս… անհամբերօրէն ակնկալուած գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ:
Սրահի եւ բեմի յարդարումը Ալին Իրատեանի ձեռամբ գեղեցկութեան մարմնացում մըն էր:
Մէյ-մէկ աստղեր էին հայկական էստրադային երգահանդէսին բոլոր մասնակցողները: երգահանդէսէ աւելի ժողովրդական ու աշուղական երգերու փառատօն մըն էր:
Վերացանք՝ սրտի խօսող երգերու ընտրութիւններով:
Իրենց երաժշտական ընկերակցութեամբ՝ անձինն՝ Samouel Blais (Saxophone), Alexandre Le Blanc (Contrebasse), Sacha Daoud (Batteur) առաջնորդութեամբ՝ բոլորիս ծանօթ Arden Arapyan (piano, direction musical et Instrumentaliste) մեզ գերեցին երբեմն «Ամիրխանեան»-ական, երբեմն «Սայաթ Նովա»եական ելոյթներով:
Sacha Djihanian (Soprano) եւ Manuel Ashekian (Tenor) եղան զոյգ գագաթները համոյթի յաջողութեան:
Գալով գեղարուեստական ղեկավար (եւ քանոնի ընկերակցութիւն) Սամուէլ Քէօշկէրեան իր խորունկ երաժշտագիտութեամբ անգամ մը եւս հասցուց երգահանդէսը իր բարձունքին: Քէօշկէրեան եղաւ ծրագրողը, կազմակերպողը, համադրողը … համբերողը… եւ չզայրացողը…:
Իսկ Ժանօ Արապաթլեան (ձայնային համակարգ) իր արհեստավարժի ճկունութեամբ շղթայակապեց այս գեղեցկութիւնը:
* * *
Խորհո՜ւրդ խորին…:
Ճի՜շդ է, թէ ունեցանք անհերքելի, անառարկելի աննախընթաց զոյգ տարեդարձներ:
Ճի’շդ է, թէ ունեցանք անսպառ ու մշտանորոգ գեղեցկութիւն մը՝ համոյթի, երբ մտորումներդ սարսռացնող յուզումները կ’անշարժացնեն քեզ…:
Խորհո՜ւրդ խորին…:
Սիրելի «Ապագայ»…
Երկա՜ր սակայն ակնթարթի մէջ սահող 49 տարիներու խորհուրդն ես , Դո’ւն:
Անցեալը շարունակող այսօ’րն ես՝ պանծալի…:
Մենք թէեւ այս երգը կը ձօնենք Քեզի դողդոջուն ձայնով, մինչ Դուն, կը քալես հաստատ քայլերով:
Թող ապրին անոնք որոնք Քեզի ձայն ու շունչ տուին… անոնք՝ անցեա՜լ կամ ներկա’յ:
Ընդունէ մեր բոլորին սէրն ու յարգանքը… Քեզ օժանդակողներուն… ընթերցողներուն… գրիչներուն… քեզ երգողներուն…:
Շարունակէ’. շարունակէ’ գրել, լոյս տեսնել… լոյս սփռել…:
Յառաջիկայ տարի 2025-ը՝ ոսկեայ 50-ամեակն է «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին:
Մինչեւ նոր հանդիպումի ջերմ մաղթանքներով՝
Պերճ Գոգորեան