Յարգելի Տօքթ. Արզումանեան…:
Սիրելի Տօքթ. Արզումանեան…:
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս սկսիմ մտորումներս: Յարգելի՞ թէ Սիրելի…:
Բայց ինչով որ սկսիմ՝ զգացումներս նոյն տեղը պիտի առաջնորդեն զիս ու դուք մի’շտ պիտի մնաք թէ’ Յարգելի, թէ’ Սիրելի… ինծի համար… բոլորիս համար:
Հինգշաբթի 5: Յունուարի ցուրտ ու սառն օր մը. եւ նոյնքան սառն տրամադրութիւններու վրայ:
Դուք հոն էիք: Կողակից, զաւակներ, թոռնիկներ ու հարազատներ շրջապատած էին Ձեզի վերջին անգամ:
«Համեստ, անոյշ ժպիտ, հանդարտաբարոյ, գաղափարական, հայրենասէր, աշխատասէր, ջերմ ամուսին, ջերմ հայր ու մեծ հայր, գիտնական…»: Այսպէս նկարագրեց Ձեր որդին Դոկտ. Զաւէնը: Հետեւեցանք բոլոր բառերուն, հատիկ առ հատիկ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն կղերականը՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ Գարեգին Բ.ը, Սրբաշունչ Էջմիածինէն առաքած էր իր յարգանքի սգակցագիրը (կատարում՝ Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանի կողմէ):
Ձեզի գործակից՝ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի անձնակազմէն Սալբի Հալաճեան ըսաւ այն ինչ որ Ձեր սիրտը պիտի փափաքէր լսել, խօսեցաւ թէ Թէքէեանի Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան թէ Ձեր եղբօր Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի խորունկ զգացումներուն մասին, որոնց մէջ կը պարփակէր տարիներու սէրն ու յարգանք՝ միաձուլուած:
Զարմանալի՜: Այսօր, կարծես երգեցողութիւնը տարբեր էր, կարծես խունկը աւելի անոյշ կը բուրէր, եւ Արժ. Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանի «Հայր Մեր»ը կարծես աւելի կը մօտենար Աստուծոյ:
Եւ Հուսկ ուրեմն, Գանատահայ Առաջնորդ Տէր Աբգար Սրբազանի թաւշային ձայնը կու գար արձագանգելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի պատերը, բազմապատկելով լռութեամբ պճնուած Ձեր պերճախօսութիւնը:
Եւ վերջապէս սիրելի Տօքթ. Արզումանեան, ահա եկաւ այն պահը, ուր կամայ թէ ակամայ, պէտք է դիմաւորէինք իրականութիւնը: Վերջակէ’տը: Բաժանո’ւմը:
Այժմ հաւաքուած ենք Ձեր շուրջը, ուր կը մասնակցինք «Ի վերին Երուսաղէմ»ին. արտասուաթաթախ՝ կը զետեղենք ծաղիկները գոց տուփի մը վրայ, որ քիչ յետոյ պիտի անհետանար մեր տեսողութենէն բայց երբե’ք մեր յիշատականութենէն:
Ասուպի մը նման անցան մեր մտքէն. Թէքէեան Մշակ. Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահը ոսկետառ գրութեամբ, միութեան դրան առջեւ խոնարհած դրօշակները, բոլոր անհատները որոնց վրայ այսպէս կամ այնպէս Ձեր բարոյական լուսաւոր ճաճանչները կ’արտացոլան մինչեւ այսօր:
Այս մտորումներուն մէջ, կը լսենք «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր Աւետիս Պագգալեանի ցաւատանջ «Մնաք բարով»ը: Կը յիշէ առաջին հանդիպումը՝ Ձեզ հետ ժպիտով. եւ որ մինչեւ այս վայրկեանիս, իր խորին յարգանքն ու սէրը կը տածէ Ձեր հանդէպ:
…Երբ իբրեւ վերջին բարձրաղաղակ գնահատանք ու արժեւորում՝ Ձեր գաղափարի ու գրիչի ընկերները՝ առաջնորդութեամբ՝ Արա Պալեանի, Արթօ Մանուկեանի եւ Նուպար Պապիկեանի, յուզումի ու փառքի միախառն փղձկումով, բոլորը երգեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քայլերգը:
…2022-ը կը դիմաւորենք առանց Ձեզի… տխո՜ւր…: Իսկ դուք կ’երթաք աւելցնելու երկնային աստղ մը եւս, որ սակայն իր լուսաւոր պոչը՝ Ձեր յիշատակը… մի’շտ կը մնայ մեզի հետ, լուսաւորելու այն բորբ ուղին, որուն համար ծնած էիք… ապրած ու յաւիտենակացած…
Սիրելի Տօքթ…
Յարգելի Տօքթ…: