Յիշատակելի գինեձօն մը «2500 proverbes arméniens traduits en français»

Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին

Տարուայ առաջին մշակութային ձեռնարկն էր, որ տեղի կ’ունենար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Վաչէ Յովսէփեան սրահին մէջ:

Կիրակի, Յունուար 12-ն էր: Եւ հակառակ օդի աննպաստ վիճակին, հոծ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը եկած էր յարգելու դոկտ. Դորա Սաքայեանի առածներու «2500 proverbes arméniens traduits en français» գանձ-գիրքին շնորհանդէսը:

Արդեօ՞ք միայն հայկական աւանդութիւն է` այսպիսի գեղեցիկ ծիսակատարութեամբ գիրքի մը շնորհանդէսը տօնելը։ Արդեօ՞ք միայն մե’նք ենք, որ գիրքի մը առաջին տպագրութիւնը կ’օրհնենք խորանաշունչ սաղմոս երգութեամբ, գինիով ու Ս. խաչով… ու կը սրբացնենք մեր մշակոյթը… կը սրբացնենք մեր մշակը: Ի՜նչ փոյթ, թէ ուրիշներ նման ծէսեր չունին: Մե’նք ունինք: Թերեւս միա’յն մենք:

Միայն բացման խօսք չէին Տիկ. Սիլվա Ամատունիի արտայայտութիւնները: Հպարտութիւն մըն էր… ազգային խանդավառութիւն մը:

«Առածներն ու ասացուածքները թեւաւոր խօսքեր են».- ըսաւ ան «որ կը վկայեն մեր լեզուի արտայայտչականութեան եւ այժմէականութեան մասին: Դոկտ. Սաքայեան, իր բծախնդիր հետազօտութիւններով ու պրպտումներով, հաւաքած ու ցուցակագրած է մեր ժողովրդական առածներէ զգալի մաս մը` եւ քայլ մըն ալ առաջ երթալով զանոնք թարգմանած է նախ անգլերէնի, ապա գերմաներէնի, իսկ հիմա` ֆրանսերէնի, մոռացումէ փրկելով մեր հնագոյն գոհար խօսքերը նախ մեզ համար ու ապա զանոնք ծանօթացնելով նաեւ օտար աշխարհքին»:

Տիկ. Սիլվա Ամատունի իր բացման խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Որքա՜ն կարեւոր է տարբեր լեզուներով հայ ժողովուրդի իմաստութեան աղբիւր հանդիսացող առածներով հանդէս գալը, եւ հայու ոգին, փորձն ու ներաշխարհը, հայ ժողովուրդի աշխարհահայեացքը, անոր հաւատալիքներն ու սնահաւատութիւնները օտարախօսներուն ներկայացնելը»:

 

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ պրն. Աւետիս Պագգալեանը, որը արժանավայել կերպով ներկայացուց դոկտ. Սաքայեանի կեանքն ու գիտամանկավարժական գործունէութիւնը: Մանրամասնօրէն յիշատակեց այն գիտական կարեւոր ոլորտները, որոնց մէջ գիտնականն իր դրոշմը ձգած է.

 

  • Զուգադրական առածագրութիւն
  • Օտար լեզուներու դասաւանդում
  • Թարգմանութեան տեսութիւն
  • Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւն

 

Պրն. Պագգալեան նշեց, որ դոկտ. Դորա Սաքայեան թէեւ ճանչցուած գերմանագէտ է, իր գիտական միտքն ու ուշադրութիւնը հաւասարապէս նուիրաբերած է նաեւ հայագիտութեանը, եւ անոր աշխատանքի փայլուն արդիւնքներն այժմ մեր առաջ են։ 1975 թ. աշխատանքի անցած է որպէս McGill համալսարանի գերմանագիտութեան ամպիոնի դասախօս եւ այնտեղ որպէս գերմանագէտ իր դիրքն ամրապնդելէ ետք սկսած է Գանատայի մէջ զարկ տալ հայագիտութեան։ 1981-ին ան մեկնարկած է հայերէնի դասընթացներու, իսկ 1995-ին` հիմնադրած է «Armenian Studies for the English-speaking World» (Հայագիտական ուսումնասիրութիւններ անգլիախօս աշխարհի համար) մատենաշարը, որի մէջ հրատարակած է հայագիտական շարք մը կարեւոր մենագրութիւններ ու յօդուածներ։ Յայտնի են անգլիախօս աշխարհի համար արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի անոր զոյգ բուհական դասագիրքերը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստագրող օտար լեզուներով ներկայացուած գործերու ամբողջ շարք մը, ինչպէս նաեւ երկլեզու առածանիները (հայերէն-անգլերէն, հայերէն-գերմաներէն, իսկ այժմ հայերէն-ֆրանսերէն): Սաքայեան իրաւամբ առաջինն է, որ Գանատայի մէջ ուղի հարթած է հայագիտութեան զարգացման համար։

Սաքայեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ շքանշաններու, որոնց թիւին կը պատկանին` Գերմանական Դաշնութեան «Արժանեաց կարգի խաչ» քաղաքացիական բարձրագոյն շքանշանը (2001), «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ շքանշանը (2005), ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան «Ոսկէ յուշամետալ»-ը (2011)։ Հոս տեղին է յիշել, որ անցեալ տարուայ Հոկտեմբեր 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը դոկտ. Դորա Սաքայեանին` Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի իրազեկման ու ճանաչման գործին ունեցած նշանակալի աւանդին համար պարգեւատրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի «Աւրորա Մարտիկանեան» ոսկեայ շքանշանով:

Պրն. Պագգալեան այսպէս վերջացուց իր խօսքը` «Մեծ պատիւ է ինծի համար ներկայացնել այսպիսի անձնաւորութիւն մը, որ փարոսի նման կը լուսաւորէ իր շրջապատը եւ որու առաքելութիւնը միշտ եղած է օտարախօս աշխարհին ներկայացնել հայոց լեզուն, հայոց բանահիւսութիւնն ու մշակոյթը եւ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը»։ (Սաքայեանի կենսագրութեան մանրամասներու համար նայիլ`

www.dorasakayan.com

https://en.wikipedia.org/wiki/Dora_Sakayan

 

Վերջապէս հրաւիրուեցաւ խօսք առնելու դոկտ. Դորա Սաքայեանը: Պարզ ու դիւրահաղորդ ոճով ան բացատրեց մօտ 2500 առածներու հաւաքածոյ իր երեք գիրքերուն ստեղծման պատմութիւնը: Ան հասակ առած է ընտանեկան միջավայրի մը մէջ,  որտեղ` սկսած իր մեծ հօր` դոկտ. Կարապետ Խաչերեանէն, իրար հետ խօսելու ժամանակ բոլորը կարծես կը մրցէին իրար հետ, ջանալով աւելի համոզիչ կերպով կնքել, հաստատել իրենց ըսածները մեր ժողովուրդի իմաստուն առած-ասացուածքով մը։ Սաքայեան մանուկ տարիքէն հմայուած է այդ փոքրիկ պատառիկներով, եւ սկսած է առած-ասացուածքներով մէկ լեզուէ միւսը զուարճալի խաղեր յօրինել, խաղեր, որոնց անունը, ինչպէս յետոյ տեղեկացած է, թարգմանութիւն է։ Եւ ահա այդ «խաղը»` թարգմանութիւնը եղած է գիտնականի գիտամանկավարժական աշխատանքի անբաժանելի մասը։

Շատ վաղ օրերէն, եւ ապա ամբողջ կեանքին ընթացքին Սաքայեան սկսած է հաւաքագրել հայկական առածները։ Արդէն ձեռքի տակ ունեցած է կոկիկ ժողովածու մը, երբ Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Արամ Ղանալանեանի կոթողային «ԱՌԱԾԱՆԻ» հայալեզու մենագրութիւնը։ Այստեղէն է, որ Սաքայեան հարստացուցած է իր ծաղկաքաղը եւ հասցուցած աւելի մեծ թիւերու։

Ահա’ Սաքայեանի ելոյթէն բառացի հատուած մը. «Ժողովուրդներու բանաւոր աւանդութեան բոլոր ձեւերէն առածներն ու ասացուածքները ամենատարածուած եւ ամենակենսունակ միաւորներն են։ Անոնք կը մարմնաւորեն լեզուական ամբողջ հանրութեան մը կենսափորձը, վարքն ու բարքը, հաւատալիքները, մտածելակերպն ու աշխարհահայեացքը։ Եւ քանի որ անոնք մեզ հասած են անանուն, բայց հեղինակաւոր աղբիւրէ մը` ժողովուրդէն որպէս ամբողջութիւն, անոնցմով կարծես կ’առաջնորդուի մեր կեանքն ու ճակատագիրը։ Չէ՞ որ անոնք մեր նախորդ սերունդներու կեանքի դասերէն բխող խրատներ, երբեմն նոյնիսկ հրամաններ են։ Եւ թէեւ այսօր կենդանի խօսքի մէջ երթալով աւելի քիչ կը մէջբերուին, միեւնոյն է, անոնք խարսխուած են մեր գիտակցութեան մէջ եւ մերթ ընդ մերթ կարծես անյայտ տեղէ մը կը ծլին մեր բանաւոր կամ գրաւոր խօսքի, իսկ ամենէն յաճախ` մեր գիտակցութեան մէջ»։

Խօսելով այն մասին, թէ ինչը եղած է այս երկլեզու առածանիները գրելու շարժառիթը, Սաքայեան բացատրեց, որ հայկական առած-ասացուածքները մինչեւ անցեալ դարուս 90-ական թուականները չէին ներկայացուած աշխարհին։ Կային հանրային օգտագործման համար գրուած առածներու փոքրիկ հաւաքածոներ անգլերէն, ֆրանսերէն կամ գերմաներէն թարգմանութեամբ։ Անոնց մէջ աչքի կ’իյնայ Վենետիկի Մխիթարեաններէն` հայր Գ. Բայեանի գործը, որու մէջ 200 առած անգլերէնի թարգմանուած է (առաջին հրատ. 1907, երկրորդը` 1932)։ Սակայն հայոց առածները պատշաճ թիւով եւ մանաւանդ` գիտական ընդգրկումով եւ խորութեամբ չէին ներկայացուած աշխարհի ազգագրագէտներուն, բանագէտներուն, մարդաբաններուն ու լայն հանրութեան։ Այդ բացը լրացուեցաւ անցեալ դարի 90-ական թուականներէն սկսած, երբ Սաքայեան գրեթէ ամէն տասնամեակի մէջ պատրաստած է առածագիտական առանձին մենագրութիւն մը իր 2500 առածներու ծաղկաքաղով`1994/1995 թթ. հայերէն-անգլերէն, 2001 թ. հայերէն-գերմաներէն, իսկ վերջերս` հայերէն-ֆրանսերէն զուգադրումով։ Երեք աշխատութիւններն ալ ունին մեծածաւալ եւ ուրոյն ներածութիւններ։

Ապա Սաքայեան թուարկեց առած-ասացուածքներու` բոլոր լեզուներու մէջ դրսեւորուած լեզուական յատկանիշները, որոնցմով անոնք անմիջապէս ճանաչելի են որպէս այդպիսին.

Ա) Սեղմ են, այսինքն ունին քիչ խօսքով շատ բան ըսելու կարողութիւն. «Անցուկը մոռցուկ է»։

Բ) Հրամայական են եւ ունին ուսուցանող բնոյթ. «Լեզուիդ չափ ու չուան դի’ր»։

Գ) Ընդհանրացնող բնոյթ ունին. « Ամէն մարդ իր ցաւը գիտէ»։

Դ) Կ’օգտագործեն պատկերաւոր խօսքը` փոխաբերութիւն, այլաբանութիւն, համեմատութիւն, չափազանցութիւն։

Ե) Սրամիտ են եւ զուարճալի. «Աստուած աղքատը խնդացնել ուզէ նէ, էշը կորսնցնել, վերջն ալ գտնել կու տայ»։

Զ) Ունին չափածոյ-ռիթմիկական կառուցուածք եւ ճանչցուած են որպէս ամենակարճ բանաստեղծութիւնները։ «Աղուորը սիրուն է, տգեղը տիրուն է»։

Ահա թէ ինչպէս պահպանուած է այս առածի յանգաւորումը միւս լեզուներուն մէջ։

Անգլ. The beauty you caress, the ugly you possess.

Գերմ. Die Schöne hat den Schein, die Hässliche ist dein.

Ֆրանս. La belle est une joie ; la laide est à toi.

Այս բոլոր համընդհանուր յատկանիշներուն կողքին, հայկական առածներն ու ասացուածքները ունին լեզուական, ոճական եւ կառուցուածքային իրենց յատուկ ներքին օրէնքները եւ կը տարբերին միւս լեզուներէն։ Այդ տարբերութիւններէն ընտրելով ամենակարեւորը Սաքայեան ըսաւ.

Ա) «Հայկական առածները շատ աւելի կարճ են քան եւրոպական միւս լեզուներու առածները, քանի որ հայերէնի մէջ լայնօրէն կը գործածուի հայերէնի դերբայական որոշ ձեւերու յարացոյցը, լեզուի տնտեսման սկզբունք մը, որի նմանը եւրոպական լեզուները չունին.

«Ցանածդ կը քաղես»։

Անգլ. What you sow you will reap.

 

«Հոգը քաշողին, լաթը մաշողին»։

Անգլ. Worry to those who bear it, clothing to those who wear it.

 

«Ուզածն ասողը չուզածը կը լսի»։

Անգլ. He who says what he wants, will hear what he doesn’t want.

Գերմ. Wer alles sagt, was er will, der hört auch das, was er nicht will.

Ֆրանս. Qui dit ce qu’il veut, entendra ce qu’il ne veut pas.

 

Մեկնաբանութիւններն աւելորդ են։ Թարգմանութեան մէջ գործածուած բառերու քանակը ամէն ինչ կը բացատրէ։

 

Բ) Պատկանելով ժողովրդական բանահիւսութեան վիպական դասին, հայկական առածները կը ցուցադրեն ծաւալի մեծ բազմազանութիւն` ամենակարճէն ամենաերկարը.  անոնք կը պարունակեն բանաւոր խօսքի մնացորդներ, երբեմն կրճատուած, երբեմն ալ ամբողջ երկխօսութիւններ. «Հարուստ մարդը օձ կերաւ, ասին, դեղ ա, աղքատը կերաւ, ասին` սոված ա»։ Ապա Սաքայեան բերաւ մէկ այլ ցայտուն օրինակ առածի մը, որի գործածութիւնը կը ցուցադրէ՝ թէ ինչպէս առածները մեր աչքի առաջ կը զարգանան երկար ձեւերէ աւելի կարճերու.

 

Մէկի գլուխն են խփել, կանչել է. «Վա՛յ մէջքս.» Հարցրել են. «Ի՞նչ է եղել մէջքիդ»։

Ասել է. «Թէ մէջքս ուժեղ լինէր, գլուխս չէին խփի»։

 

Նոյն ասացուածքը յաճախ կը պատահի աւելի կարճ կառոյցով.

«Գլխին զարկեցին, ասեց. Վա՛յ մէջքս»։

 

Եւ աւելի համառօտ`

«Մէջք չունես, գնա՛ մեռի»։

Գ) Ինչպէս արդէն վերը նշուած առած-ասածուածքներէն կ’երեւայ, հայկական առածները պահպանած էին իրենց բարբառային ձեւերը։ Այդ տեսակէտով անոնք կը տարբերին եւրոպական միւս լեզուներու առածներէն, որոնք գրականացուած են։ Սակայն բարբառային ձեւերը ճկուն են եւ դիւրութեամբ կարող են փոխուիլ աւելի մատչելի ձեւերու։ Ծանր բարբառային գունաւորումով առածները խօսելու ժամանակ կը պարզեցուին։ Օրինակ, Աշտարակի բարբառով հետեւեալ առածը` «Կուզըկին աղջիկ չեն տալի, նա ուզըմ ա զանքանչն էլ սիրուն ըլնի» արեւմտահայերէնի մէջ կ’օգտագործուի որպէս «Կուզիկին աղջիկ չեն տար, ան կ’ուզէ որ զոքանչն ալ աղուոր ըլլայ»։ Գալով հայերէնի երկու մասնաճիւղերուն` արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին, ապա անոնց միջեւ փոխադրումը շատ սովորական երեւոյթ է.

Օրինակ`

Արեւելահայերէն. Վախեցի՛ր նրանցից, որ վախ չունեն Աստծուց։

Արեւմտահայերէն. Վախցի’ր անոնցմէ, որ վախ չունին Աստուծմէ։

 

Ապա Սաքայեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ թարգմանելիութեան հարցին եւ իր թարգմանութիւններէն օրինակներ բերաւ ցոյց տալով, թէ ինչպիսի լուծումներ կարելի է գտնել որոշ` դժուար համարուող բուն հայկական բառեր եւ հասկացութիւններ (օրինակ` դմակ, անտէր, սազ  եւ այլն) օտարախօսին հասկնալի դարձնելու համար։

Ապա հետեւեցաւ հարց ու պատասխանի շրջան մը, երբ ունկնդիրները հեղինակէն  պատասխաններ ստացան իրենց հետաքրքրող հարցերուն։

Վերջապէս պահը եկաւ գիրքի օրհնութեան: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան մօտեցաւ գինիին ու Ս. Խաչին։ Սակայն նախքան այդ գործողութեան, ան ներկաներուն մասնակից դարձուց այն օրերուն, երբ իր ուսանողութեան ժամանակ առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, նոյնիսկ նախաճաշի ժամը կը զոհէին, պարզապէս երթալու, Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Վեհափառի պատգամները մտիկ ընելու եւ այդ հոգեկան սնունդն առնելու: «Եւ այսօր նոյնպէս, դոկտ.-ին գործերով, հայ ժողովուրդի   փիլիսոփայութեան ու աւանդութիւններուն մասին մտիկ ընելով մենք ալ սնունդ առինք.- շարունակեց ան.- «Դոկտ. Սաքայեան համեստօրէն, առանց շեփորի, իրեն հարազատ ոճը մեզի փոխանցեց, եւ այդ մեզի ոչ միայն պատիւ է այլեւ բախտաւորութիւն»:

 

Տէր Հայրը փոխանցեց Գանատահայ Առաջնորդ Տէր Աբգար Ս. Յովակիմեանի օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանի շնորհաւորութիւնը: Անոնք գինեձօնէն կը բացակայէին յարգելի պատճառներով. Առաջինը` երկրէն դուրս գտնուելու, իսկ երկրորդը` օդի ոչ նպաստաւոր պայմաններուն պատճառաւ։

Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ շնորհանդէսի բոլոր ներկաներուն:

 

Եւ ո՜վ զարմանալի: Մի քանի տասնեակ գիրքեր ծախուեցան (ծախուեցան՝ բառը տպագրական սխալ չէ) մէկ ժամուայ ընթացքին: Այո’, սպառեցան ու շատեր ձեռնունայն մեկնեցան, յաջորդ հանդիպումի ակնկալութեամբ: … Եւ տակաւին, կան կարգ մը յոռետեսներ, որ իրենց ժխտական կեցուածքով կ’ըսեն թէ՝ «ի՜նչ հայերէն… այլեւս, ո՜վ կը կարդայ հայերէն»… երբ ասդին, եւ շատ մը ուրիշ հերոսներու կարգին, օրուան շնորհանդէսի մեր հերոսուհին՝ յանձինն՝ դոկտ. Դորա Սաքայեանի, իր առածներու գիրքին միջոցաւ, ոսկեայ ափսէի մը վրայ կը հրամցնէր մեր հայկական բարքերն ու սովորութիւնները… մէկ խօսքով մեր ազգային պատմութիւնը: Եւ ան կը պատմէր ոչ միա’յն մեզի, այլեւ օտարախօսներուն:

Այս բոլորը ան պատրաստած էր իր կամքով ու փորձառութեամբ, իր գիտութեամբ ու աշխատասիրութեամբ: Եւ ինչպէս իր քառեակ-առածներէն մէկը կ’ըսէր.-

 

«Կամք, աշխատանք ու կորով,

Երեք ձիրքեր են, որով,

Մարդ հողի վրայ թէ ծովի,

Անպայման կը յաջողի»:

 

Թղթակից