Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած՝ «Սիամանթօ»ի «Ատոմ Եարճանեան» Ծննդեան 140 Ամեակին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնէն Ներս

Մեծերը մահ չունին:

Իր եղերական նահատակութիւնէն մէկ դար վերջ, կը շարունակուի յարգել յիշատակը, իր ծննդեան 140 ամեակի նուիրուած հանդիսութեամբ, ներհուն բանաստեղծին՝ Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան):

Հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպիսկոպոս Յովակիմեանի Առաջնորդ Գանատահայոց թեմի, նախաձեռնութեամբ Թէքէեան Մշակ. Միութեան, Տիկին Տէլֆին Ժագարի «Siamanto, mon amour» գրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ, Թ.Մ.Միութեան կեդրոնի «Տօքթ. Յ. եւ Ս. Արզումանեան» սրահէն ներս, 4 Նոյ. 2018 երեկ. Ժամը 7.30-ին:

Կարելի է տակաւին մնալ սկեպտիկ եւ մտածել թէ հայ գրականութիւնը մոռացութեան ենթարկուած է, երբ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր, ըմբոշխնելու եւ յարգելու Սիամանթոյի վաստակը:

Նրբաճաշակ արուեստագէտ, երաժշտագէտ Սամուէլ Քէօշկէրեան, գեղարուեստական ղեկավարն էր ձեռնարկի ճոխ յայտագրին:

Հանդիսութեան ամբողջ տեւողութեան տեսերիզի վրայ կ’ապրէր Սիամանթօն. պատրաստութեամբ Թ. Մ. Մ.-ի հաւատաւոր, երիտասարդ ուժերէն Արա Եազըճեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, Թ. Մ. Մ.-ի եւ Ռ. Ա. Կ.-ի ամենակորովի եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն ունեցող ղեկավարներէն՝ Տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան:

Բանաստեղծը, լրագրողը «Սիամանթօ իմ սէրը» գիրքի հակիրճ անդրադարձը ըրաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով գաղութիս գործունեայ մտաւորական հակումներ ունեցող Րաֆֆի Երէցեան:

Տիկին Տէլֆին Ժագարի առաջին հատորը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին «Սիամանթօ իմ սէրը» գիրքին որպէս հեղինակ՝ ան ֆրանսերէն լեզուով, համապարփակ կերպով ներկայացուց. «Տիտանը մարդուն ետին, նիւթը»: Ֆրանսերէն լեզուով գրուած այս հատորը կը ձգտէր իրազեկ դարձնել ցեղասպանութեան ճանաչումը օտար շրջանակներ:

Մեծապէս եւ հոգեպարար ազդեցիկ էր Սամուէլ Քէօշկէրեանի «Մարալի, Ղարաբաղի կամ Շուշի»ի պար նուագը դաշնամուրի վրայ:

Նորութիւն էր լսել ներկայ հասարակութեան համար Սիլվա Պէքարեանը որ յստակ առոգանութեամբ, այլ եւ յուզիչ շեշտով մեկնաբանեց Սիամանթոյի «Խեղդամահը»:

Երիտասարդուհի Ռուպի Ֆէլքայ ջութակի վրայ նուագեց «Ա՜խ Մարալ ջան» ,«Լէ լէ եաման» երգերը :

Մեր բեմերու զարդը Սիլվա Ամատունի իր զգայուն դերասանական կարողութիւններով խորապէս յուզեց ներկաները եւ արժեւորեց «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն…» քերթուածը:

Սիամանթօ – «Թածոտ Սրինգը եւ Յաղթական Շեփորը» բանաստեղծութիւններէն երաժշտութիւն Դանէլ երաժիշտի մեներգեց (թէնօր) Ֆիլիփ տաթըն: Երաժշտական բոլոր կտորներուն դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ Սամուէլ Քէօշկէրեան:

Երկար տարիներ ամբողջ ամէն Կիրակի երեկոյ Տիկին Նատիա Կէօնճեան իր քաղցր ձայնով մեզի ներկայացուց որակաւոր յայտագիրներ անդորր տալով մեր հոգիներուն, այդ երեկոյ եւս Սիամանթոյի «Պարը» ասմունքեց այնպիսի ապրումով մագնիսացուց մթնոլորտը, ներթափանցեց եւ ցնցեց հոգիները:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան նուիրեալ ատենապետը Պրն. Պերճ Գոգորեան մեծապէս գնահատեց ձեռնարկի երկու մեծ գագաթները Տիկին Տէլֆին Ժագարը եւ Պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեան:

Շնորհաւորեց յայտագրին մաս կազմող արուեստասէրները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն:

Վերյիշելով Տիկին Նատիա Կէօնճեանի Թէքէեան Ձայն Ռատիօժամը կը կրկնենք իր քաղցր խօսքը «Այսպիսով վերջ գտաւ յայտագիրը «Բարի գիշեր եւ հաճելի երազներ»:

Վ. Պալեան