Չփախցնելիք Նարեկը

–         Դո՞ւն ալ հոս ես Անի, հարց տուաւ մէկը:

–         Նարեկը չեմ կրնար փախցնել, եղաւ պատասխանը:

Ասոր նման բազմաթիւ այլ արտայայտութիւններ Թէքէեան կեդրոնի սրահէն ներս.

–         Այս ի՜նչ յիշողութիւն է:

–         Անօթի էինք, յագեցանք:

–         Վարուժանը կենդանացուց:

–         Ասկէ ետք՝ ըսելիք չի մնար:

Ասկէ առաջ, առիթով մը մեծ հիացումով արտայայտուեցայ Նարեկին տաղանդին մասին եւ այսօր այդ տպաւորութիւնս կը կրկնուի ու կ’ամրապնդուի: Նարեկ Ղազարեան բացառիկ արուեստագէտ մըն է, եզակի աստղ մը հայ արուեստի երկնակամարին վրայ:

Ներկայացման համար ընտրած էր քերթուածներ Վարուժանի երեք գլխաւոր երկերէն՝ Հեթանոս երգեր, Հացին երգը եւ Ցեղին սիրտը: Իւրաքանչիւր քերթուած մեկնաբանեց նարեկեան յատուկ ոճով, երբեմն շեշտելու համար կրկնելով տողերը, երբեմն կտորին մէջ ներմուծելով փոքր մասեր այլ քերթուածներէ՝ այնպիսի ներդաշնակութեամբ որ նոր հիւսուածքը ինքնին հրաշալի քերթուած մը, պատգամ մը ըլլայ կարծէք եւ, ընդհանրապէս, ամբողջ բեմը, մէկ ծայրէն միւսը երթեւեկելով, խաղ ածելով, լեցնելով: Լոյսը, «Օրհնեալ ես դու ի կանայս…», Ցորեանի ծովեր, Մշակները, Օրհնութիւն, Կիլիկեան մոխիրներուն, Վահագն («աղօթք» մը առ «Վահագն»), Գեղեցկութեան արձանին, Գրգանք, Ո’ Տալիդա, Բանուորուհին իրարու յաջորդեցին ժապաւէնի մը վրայ միաշար պատկերներու նման, մերթ ունկնդիրը (հանդիսատե՞սը) փոխադրելով դէպի հայրենի գիւղերը, մերթ անոր առջեւ բանալով բանաստեղծին տարփալի եսը եւ մերթ արտայայտելով հայուն ցասումը աստուծոյ, աստուածներուն, մարդկութեան հանդէպ: Ինչպէս Վարդի Դանիէլեան ըսաւ հանդէսի վերջաւորութեան, Նարեկ մեզի ներկայացուց ամբողջակա’ն Վարուժանը, անցնելով մէկ երկէն միւսը եւ մէկ քերթուածէն յաջորդը բնական պատումով, կերտելով միաձոյլ գործը բանաստեղծին, որ կը տառապի ազգին ցաւերով, կ’ապրի իր ազգով եւ կ’անմահացնէ ազգը՝ հեթանոս աստուածներու եւ պապերու մահէն վերջ:

4542

20151108_205802Կշռոյթին տիրապետումը յստակ է Նարեկին մօտ: Թերահաւատները կրնան ենթադրել թէ ան տողերը կը փնտռէ, բայց բոլոր դադարները մտածուած են՝ պատգամը աւելի ուժգին փոխանցելու համար: Դէմքի արտայայտութիւններն ու շարժուձեւերը ուսումնասիրուած են կատարելապէս մինչեւ վերջին մանրամասնութիւն: Ունկնդիր-հանդիսատեսը դիմացն ունի բեմի արուեստին հաղորդ անձ մը որ առանձին կը վարէ հանդէսը եւ ուշադրութիւնդ մագնիսի նման իր վրայ կը կեդրոնացնէ:

Սրահին լուսաւորումը եւ ձայնային համադրումը վստահուած էր Սագօ-Վաչէ Պոյաճեանին, իսկ Թամար Փանոսեան ներկայացման կէսին ընթերցեց « Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ » թեմայով վերլուծում մը Գրիգոր Պըլտեանէն, ուր վեր կ’առնուի բանաստեղծութեան տեղը Վարուժանի մօտ՝ որպէս «դիցաբանութիւն եւ կրօնք», փոխարինելով հեթանոսութիւնն ու պապերը, այլապէս՝ «բանաստեղծութեան հեթանոսութիւնը»:

Նարեկին սիրեցեալը բանաստեղծութիւնն է, չափազանց դժուար եւ քմայքոտ սիրուհի մը, որուն հետ ան դիւրին լեզու գտած ըլլալ կը թուի, այն աստիճան որ այդ կամշոտ ու դժուարահաս աղջիկը մատչելի եւ սիրուն կը դարձնէ սովորական մահկանացուին: Այո’, Նարեկը մտիկ ընելէ ետք կը սիրահարիս քերթուածին, բանաստեղծին ու բանաստեղծութեան, եւ նոյնիսկ եթէ բառերը չհասկնաս, կը հասկնաս խորքը, կը հասկնաս պատգամին քնքշութիւնը կամ զօրութիւնը, կը հասկնաս թէ որքա՜ն տաղանդ ունի բանաստեղծը: Եւ եթէ մինչ այդ չէիր գնահատած բանաստեղծութիւնը, կը սկսիս սիրել զայն՝ որովհետեւ կը հասկնաս:

20151108_205840

20151108_205855Մոռցէ’ք, որ Նարեկ իր ներկայացումը կատարեց լոյսերու եւ ձայնի ճոխ ու ճաշակաւոր համադրութեամբ. մոռցէ’ք, որ ան կրնայ մէկ ու կէս կամ երկու ժամ բեմին վրայ անսխալ յիշել սորվածը. մոռցէ’ք, որ ան կատարելապաշտ մը ըլլալով՝ ո’չ միայն Վարուժանը ուսումնասիրած է, այլեւ Վարուժանին նախասիրած գրագէտները. մոռցէ’ք նաեւ, որ Նարեկ սերտած է իր խաղին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը ամենաազդու տպաւորութիւնը ձգելու ունկնդիրին վրայ: Մոռցէ’ք այս ամէնը եւ կեդրոնացէ’ք անոր արուեստագէտի գերզգայնութեան վրայ, անոր՝ բանաստեղծին շունչը ունկնդիրին հաղորդելու կարողութեան վրայ, բեմին տիրապետած անոր ներկայութեան վրայ՝ այն աստիճան որ աչքերդ ակնթարթ մը չես կրնար հեռացնել իրմէ որպէսզի լաւագոյնս վայելես պատկերը, րոպէ մը չես կրնար թոյլնալ նստած տեղդ՝ որպէսզի լաւապէս ըմբռնես պատգամը եւ ըմբոշխնես ներկայացուածը:

Ըսած էի ու մեծ համոզումով կը կրկնեմ. Նարեկ եթէ արտայայտուէր անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուով, անպայման որ իր տեղը կ’ունենար միջազգային արուեստի բեմերուն վրայ: Գիտնանք գնահատել զինք լաւապէս եւ առնուազն իր տաղանդէն բաժին հանենք այլ գաղութներու եւս:

Վ.Ֆ.