Պատշաճ եւ խոր յարգանքով նշուեցաւ Արցախ-ի Անկախութեան եւ Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակը

Անցեալ Երկուշաբթի Մարտ 12-ին, Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակը եւ Արցախ-ի անկախութեան տարեդարձը, կազմակերպութեամբ, Ռ.Ա.Կ.-եան Էօժէն Բաբազեան ակումբին եւ Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.-եան:

Այս նշանակալից առիթով բացառիկ պատեհութիւնը ստեղծուած էր որպէս բանախօս հրաւիրելու ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի այրին՝ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը որ եկած էր Թորոնթոյէն ընկերակցութեամբ ծանօթ ազգային եւ Թորոնթոյի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի անխոնջ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի որ նաեւ կատարեց հանդիսավարութիւնը եւ ներկայացուց հանգրուանային կարեւոր վիտէօներով պատկերացուած պատշաճ յայտագիր մը:

Այս առիթով Թէքէեանի Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան սրահը լեցուած էր երկու հարիւրի մօտ՝ հայրենասէր եւ գիտակից հոծ բազմութեամբ մը: Հանդէսի բացումը կատարեց անցնող երկար տարիներու Թ.Մ.Մ.-եան ատենապետ պրն. Արթօ Մանուկեան: Ապա՝ պրն. Մկրտիչեան խորազգաց խօսքերով եւ տեսերիզներով իր ելոյթին մէջ, տպաւորեց ներկայ հասարակութիւնը վեր առնելով Ղարաբաղի մեծ նշանակութիւնը Հայաստանի այսօրուայ իրականութեան մէջ եւ անոր արդէն իսկ ապահոված հսկայական յառաջդիմութիւնները բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ: Ապա ան հրաւիրեց օրուայ բանախօսը Տիկին Սեդա Մելքոնեան տալու իր սրտի խօսքը այս նշանակալից առիթով:

Բնականաբար ներկաներուն համար գրեթէ անկրկնելի ապրումներու առիթ մըն էր լսել նոյն ինքը Ղարաբաղեան ազգային մեծ հերոս Մոնթէ Մելքոնեանին այրիին բերնէն իսկ, մեծ հերոս Մոնթէի հարազատ զգացումներուն, մտածումներուն եւ ապրումներուն մասին: Մոնթէ Մելքոնեան այն բարձրոգի եւ համակ հայրենասիրութեամբ լեցուն մարտիկն էր որ ճակատեցաւ, ապահովեց կրկնակի յաղթանակներ եւ աւանդեց իր ազնիւ հոգին այն գոհունակութեամբ, որ իր թանկագին բաժինը կը բերէր Ղարաբաղը վերադարձնելու իր արդար տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:

Տիկին Սեդա Մելքոնեանի ելոյթը յաճախ ընդհատուեցաւ ծափերով եւ վերջաւորութեան յոտնկայս թնդացնող ծափերով:

Իր ելոյթին վերջաւորութեան, Տիկին Մելքոնեան սիրով պատասխանեց ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն:

Հանդէսի վերջաւորութեան  պրն. Արթօ Մանուկեան ներկաներուն փոխանցեց օրուայ խորհուրդին հետ կապուած իր անձնական յուզիչ ապրումներէն հատուածներ 1996-ին Ղարաբաղ կատարած իր ճամբորդութեան առիթով:

Վերջապէս խօսք առաւ նաեւ Ռ.Ա.Կ.-ի երկարամեայ ղեկավար Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան որ ներկաներուն եւ Տիկ. Մելքոնեանին փոխանցեց քանի մը նշանակալից եւ յիշատակելի դրուագներ: Ան նախ յիշեց թէ Ղարաբաղեան Շարժումէն տասնեակ տարիներ առաջ Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ հանգուցեալ Համբարձում Պէրպէրեան Երեւան հրաւիրուած ըլլալով, Սովետական Հայաստանի տարեդարձին պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին օրուայ Խորհրդային Միութեան ղեկավար Նիքիթա Խրուշչովին ուղղած իր կուռ խօսքին մէջ յանուն սփիւռքահայութեան եւ խորապէս ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ թերեւս առաջին պաշտօնական պահանջքը ներկայացուցած է որպէսզի հայկական «Ներքին հողերը», Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը միացուին Հայաստանի Հանրապետութեան:

Դոկտ. Կէօնճեան ապա անդրադարձաւ 1988 Փետրուարին Մոնթրէալի մէջ կազմակերպած մեծ ցոյցին իբրեւ զօրակցութիւն Ղարաբաղեան շարժումին եւ վերջապէս ան բացայայտեց թէ այսօր իսկ Ռ.Ա.Կ.-իւնը առանց աղմուկի եւ սակայն ազդու գործունէութեամբ իր կարեւոր աջակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան ոյժերուն:

Անմոռանալի այս հանդիսութիւնը փակուելէ ետք խորապէս ազդուած եւ գոհունակ հասարակութիւնը տակաւին երկար մնաց Թ.Մ.Մ.-եան կեդրոնին մէջ շարունակելով իրարու հետ փոխանակել հայրենասիրական ջերմ զգացումներ եւ ապրումներ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ