UCLA VEM Quartet-ի Յաղթական Ելոյթը
Մոնթրէալի Թէքէեանը 9 հազար տոլար եւս կը գոյացնէ
Արցախի Բերձորի Թէքէեան Վարժարանի Վերանորոգման
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շրջապտոյտ մը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանի նորաստեղծ հայկական երաժշտութեան բաժնի կեդրոնական գործունէութիւններէն մէկը ներկայացնող VEM լարային Quartet-ին՝ Գալիֆորնիայէն մինչեւ Պոսթոն՝ անցնելով Տիթրոյթէն եւ Մոնթրէալէն, չորս կարեւոր քաղաքներուն մէջ:
VEM Quartet-ը կազմուած է համալսարանի յետ-շրջանաւարտից, postgraduate, ուսմանց հետեւող բացառիկ տաղանդաւոր երաժիշտներէն, ղեկավարութեան տակ նորաստեղծ հայկական երաժշտութեան բաժնի տնօրէն՝ հռչակաւոր ջութակահար փրօֆէսօր Մովսէս Պօղոսեանին:
VEM Quartet-ի հինգ կատարողները ընկերակցութեամբ փրօֆէսօր Մովսէս Պօղոսեանին, Տիթրոյթէն գալով Մոնթրէալ ժամանեցին Հինգշաբթի օր, ուր Թ.Մ.Մ.-ի 50 ամեակի ձեռնարկներուն որպէս մաս իրենց ելոյթը ունեցան Ուրբաթ Մարտի 29-ին երեկոյեան, Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.-եան կեդրոնի «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահին մէջ, բազմահարիւր հանդիսականներուն ներկայութեան: VEM-ի յաղթական բազառիկ այս ելոյթին մասին պիտի մանրամասնութեամբ անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւով:
Մարտի 29-ին առաւօտուն VEM-ի հինգ կատարողներ եւ ղեկավար փրոֆ. Պօղոսեան նախապէս ծրագրուած ժամանակացոյցով այցելեցին Հ.Բ.Ը.Միութեան Ալեք Մանուկեան վարժարանը ուր անոնք դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն պրն. Շահէ Թանաշեանի կողմէ: Խումբը փրօֆ. Մովսէս Պօղոսեանին բացատրութիւններով համեմուած եւ աշակերտական խիստ անմիջական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կարճ ելոյթ մը ունեցաւ դպրոցի վերի կարգերու աշակերտութեան առջեւ, վարժարանին Արշաւիր եւ Նատիա Կէօնճեան հանդիսասրահին մէջ ուր ներկայ էր նաեւ վարժարանի հիմնադիր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:
Աշակերտները պատասխան ելոյթով հաճելի անակնկալ մը հրամցուցին այցելու խումբին իրենց ուսուցիչ արուեստագէտ պրն. Արթիւր Մարկոսեանի ղեկավարութեամբ:
VEM-ի անդամները ապա՝ ընկերակցութեամբ Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարներէն պրն. Արթօ Մանուկեանին կարճ պտոյտ մը կատարեցին Մոնթրէալի մօտակայ շրջաններու ձմեռնային Գանատայի յատկանշական ձիւնածածկ թուրիստական շրջաններուն մէջ:
Երեկոյեան Թէքէեան Կեդրոնը կը յորդէր Մոնթրէալահայ երաժշտասէր ընտիր հոծ բազմութեամբ մը: Մինչ աւելի քան մէկ ժամ տեւող եւ բարձրագոյն մակարդակով հրամցուած, VEM-ի ծրագրին մասին պիտի անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւով, կ’արժէ նշել այստեղ թէ երաժշտական յայտագրին սկսելէ առաջ, Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարներէն պրն. Աւետիս Ճիհանեան անակնկալ կարճ յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց թէ միութեանս Մոնթրէալի մասնաճիւղին կողմէ առաջ տարուող աշխատանքը, Արցախի Բերձոր շրջանի Թէքէեան Վարժարանի վերանորոգման համար, յաջողութեամբ կը շարունակուի: Պրն. Ճիհանեան յատկապէս յայտարարեց թէ սրահին մէջ ներկայ կը գտնուին այս նշանակալից ձեռնարկին իրենց նիւթական նպաստը բերող, The Rotary Club of Montreal West եւ ICAO International Civil Aviations Organization Employees կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Այս վերջիններուն բերած նպաստը միացնելով տեղւոյն նուիրատուներուն, նոյն օրը ծրագրին կը փոխանցուէր 9, 000 տոլարի գումար մը որ կու գայ աւելնալ արդէն անոր յատկացուած 21, 000 տոլարի գումարին: Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին: Թէքէեանի հայրենանուէր այս միւս նախաձեռնութիւնը:
Յաջորդ թիւով հետեւեցէք երաժշտական բացառիկ այս ձեռնարկի մանրամասնութեանց մասին մեր տեղեկատուութեան:
Յաջորդ օր VEM Quartet-ը մեկնեցաւ Պոսթոն ուր տեղւոյն Թ.Մ.Մեան կազմակերպութեամբ տուին նոյնպէս բացառիկ յաջողութեամբ ելոյթ մը:
«Ապագայ»