Գեղազարդ էր ԹՄՄի Յարութին եւ Սիմա Արզումանեան Սրահը եւ լեցուն օտար եւ հայ հասարակութեամբ որ եկած էր 3րդ անգամ ըլլալով ներկայ գտնուելու Հայ Գանատական
Խորհուրդի (Armenian Canadian Council) աւանդական տարեկան gala մրցանակաբաշխութեան: Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Մոնթրէալի եւ շրջակայքի աւաններու քաղաքապետներ ու օտար համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Կարգադիր յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած անգամ մը եւս այս ձեռնարկի յաջողութեան համար: ՀԳԽ ի վարչութիւնը որոշած էր այս տարուայ մրցանակը տրամադրել քաղաքական ծիրէն դուրս գտնուող գանատահայ անձնաւորութեան մը, որ իր հետքը աչքառու կերպով գծած է գանատական կեանքէն ներս:
Այս տարուայ մրցանակը տրամադրուեցաւ ծանօթ գանատահայ տնտեսագէտ Տիկ. Արմինէ Եալնըզեանին:
Երեկոն սկսաւ դաշնամուրի գողտրիկ երաժշտութեան հետ ընծայուած ճոխ քոքթէյլով մը, որուն ընթացքին ներկայ քաղաքական գործիչներ կրցան զիրար վայելել եւ մանաւանդ մտերմօրէն զրուցել օրուայ պատուոյ հիւրերուն հետ:
Ճաշկերոյթի բաժինը մերթ ընդ մերթ համեմուեցաւ կարճ մէջբերումներով: Օրուան հանդիսավարն էր մեր երիտասարդ անդամներէն Օր. Նայիրի Խանճեանը որ սահուն կերպով ու երեք լեզուներով ներկայացուց յայտագրին մէջ բաժին առնող անհատները: Նայիրիին թամադայութեան ձիրքը յայտնութիւն մըն էր ներկայ հանդիսատեսին համար: ՀԳԽի համա-ատենապետ Րաֆֆի Երէցեան, ճարտարօրէն ներկայացուց ՀԳԽի նպատակը եւ իր արձանագրած յաջողութիւններու պատմականը:
Օրուան մեծարեալի մրցանակը ներկայացուց ՀԳԽի վարչական անդամ Տիկ. Այտա Գարիպեանը, զոր մեծարեալին յանձնեց Michael Arlen-ի «Արարատն ու Նոյեան Տապանը» արտայայտող արուեստի գործը:
Մեծարեալին կենսագրականի ներկայացումէն ետք, կարգը եկաւ Տիկ. Եալնըզեանին, որ ունեցաւ իր լրագրողի եւ տնտեսագէտի ձիրքը ցոլացնող բացառիկ ելոյթ մը:
Ան դիւրահաղորդ էր, գաղափարները՝ յստակ, մտածումները՝ պայծառ, ու իր ըսելիքով հաստատ:
Իր ելոյթը իսկական հաճոյք մըն էր ներկաներուն համար, որոնք յոտնկայս ծափահարութիւններով ընդունեցին այս մեծ հայուհիին որ մեր անունը կը պանծացնէ Գանատայի մէջ:
Այո, մեծարեալը ինքն իսկ խոստովանեցաւ որ կան իրեն նման շատ ծանօթ հայեր, բայց կան նաեւ խաւարի մէջ գտնուող հիւանդ հայեր՝ Ալէք Մինասեանի նման անձեր որ վերջերս իր ոճրագործական արարքի հետեւանքով խլեց կեանքը 10 անմեղ Թորոնթոցիներու:
Այստեղ կ’ուզենք մի քանի մեկնաբանութիւններով աւարտել այս թղթակցութիւնը.
ա) Հպարտ հայուհի մըն էր որ այդ օրը պատւուեցաւ: Մեր գաղութը կարիքը ունի նման անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց հասած բարձունքներէն աւելի բարձր պէտք է ելլեն ու հասնին գանատական կամ միջազգային ազդեցիկ դիրքերու: Ահա այստեղն է որ ՀԳԽի մեկնակէտերէն մին զուգահեռ ընթացք կը գտնէ այս գաղափարին ու խթան կը հանդիսանայ հայ երիտասարդներուն որ հասնին այդպիսի ազդեցիկ պաշտօններու:
բ) Ընդհանրապէս այս ձեռնարկի կազմակերպութիւնը յանձն առած էր երիտասարդներէ կազմուած կորիզ մը: Իրենց տրուած էր ազատ գործելու դաշտ եւ իրենք նոր գաղափարներով ու աշխոյժ գործունէութեամբ ցոյց տուին թէ ինչեր ու ինչեր կրնան ընել անոնք:
Ապրին բոլորը եւ շատնան, քանզի գաղութը կրկնապատիկ պէտք ունի իրենց նմաններուն:
գ) Աւաղ որ այսպիսի որակաւոր ձեռնարկ մը վայելք տուաւ միայն շատ քիչերու:
Ո՞ւր էր մեր գաղութը, որ նախ չեկաւ պատուելու մեծանուն հայ մը եւ կամ չեկաւ վայելելու կարճ ու մակարդակով բարձր երեկոյ մը:
Տունի հանգստութեան մէջ թմբիր կը քաշէ մեր գաղութի խոշոր մէկ մասը:
դ) Ներկաներուն մէջ մեծ էր երիտասարդներու թիւը, որոնք արտայայտուեցան սքանչացումով ու բարձրաձայն ըսել են թէ այսպիսի ձեռնարկով է որ իրենք կը հետաքրքրուին: Այսպէսով է որ պիտի կարողանանք զիրենք ներգրաւել մեր գաղութային կեանքէն ներս:
Վարձքը կատար բոլորին եւ մեղք բացականերուն:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ