Centre Arménie-ի Մասիս սրահն ենք. եռօրեայ 53 լուսավառ գոյներով նկարներ, պետրոսեան երանգապնակ մը: Մուտքին են իր իսկ գծած իւղաներկ դիմանկարը, վրցինը ձեռքին: Որքա՜ն եւ որքան նկարներ գծած է այդ վրցինը, մէկը միւսէն խօսուն ու շարժուն, մէկը միւսէն աւանդական տեղեկութիւններով լեցուն:
Այս անգամ Ասլանեանի ցուցահանդէսին մաս կը կազմեն մասնաւորաբար հաւաքական վայրեր, խմբանկարներ: Օրինակի համար աշխատանքէ վերջ հանգիստի ժամը, շուկաներ, ուռկանի վրայ աշխատողներ, թուզ պետէուի հաւաքողներ, գնչուներու խումբ, սրճարանի մարդիկ, փողոցի գորգի կամ պտուղներու վաճառականներ՝ որոնք կուգան աւելցնելու բնապատկերին (paysage) գեղեցկագոյն պարզութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Նոյն Ասլանեանն է, բնական, խօսուն, քօղարկուած ծեփուած անտեսանելի գլուխներ, երես չիկայ, քիթ բերան չիկայ, զարմանալի բան. մարդոց տրամադրութիւնը, տարիքը, ներքին յուզումը, կեցուածքը, նոյնիսկ իւրաքանչիւրին հագուստը կը մատնէ Ասլանեանի վրցինը:
- Վարպետ, նկարչական արուեստը ի՞նչ է ձեզի համար:
- Շունչ առնել է, թթուածին. պաստառին դիմաց այդ վայրկեանն է. լմննալէն վերջ ալ արուեստ չէ:
- Իսկ գո՞յնը:
Վարպետը կ’առաջնորդէ զիս նկարի մը մէջ սեւ հագուստ հագուած կնոջ մը:
- Տես, կ’ըսէ, գոյները թափանցիկ են. սա հագուստը կը տեսնե՞ս. սեւ է, սեւը անգամ թափանցիկ է. հեռուէն դիտէ:
Արդարեւ հեռուն նստարանի մը վրան երկա՜ր կը դիտեմ: Աչքերս կը տեսնեն վարպետին բացատրութիւնը: Հագուստին կլորակ ուռած կռնակը, (troisième dimension) նաեւ փէշին վրայ բաց գոյն գիծ մը նորանոր հայացքներ (perspective) կուտայ դիտողին: Սիրեցի, շատ սիրեցի սեւ հագուած կինը. ապրեցայ հետը:
Հոն են Հիտրա եւ Մոնասդէրաքիի յունական կղզիներու իւղաներկեր: Տաճիկներու դէմ շատ կռուած են Հիտրացիները, կը պատմէ Ասլանեան:
Հոն են նաեւ գնչու երախաներու շատ սիրուն դիմանկարներ, Քէպէքի ձմեռնային տեսարաններ, ծաղիկներ եւ ծաղկեփունջեր նուռը սեղանին վրայ, ուխտագնացներու ծառերու վրայ ճերմակ ժապաւէններ (հայաստանեան գեղեցիկ աւանդութիւն):
Ներկայ են համայնքիս հայ թէ օտար արուեստագէտներ, քաղաքագէտներ, երաժիշտներու ընտանիքներ: Վկայ են հրեայ կնոջ մը գնահատանք-բանաստեղծութիւնները, նոյնպէս 2017ին Վազգէն ստորագրուած երկտող մը ուր ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր դիմանկարը գծելուն համար որ յաւերժ ու գնահատանքով կը մնայ իր բնակարանին մէջ:
Արդարեւ Պետրոս Ասլանեանի իւղանկարները կը ցուցաբերուին Աթէնք, Գահիրէ, Փարիզ, Թորոնթօ, Ֆլօրանս, Շիքակօ, Մարսիլիա, Պոսթոն, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցին եւ այլ վայրեր ու արուեստանոցներ:
Կը շնորհաւորենք Պետրոս Ասլանեան նէօ-էմբրէսիոնիստ նկարիչը եւ կ’ակնկալենք նորանոր ցուցահանդէսներ:
Ցուցադրութեան բացման օրուայ 23 Նոյեմբեր 2018 գինիի եւ պանիրի հիւրասիրութիւնը կատարեալ էր:
Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեան