Պրն. Գրիգոր Դերձակեանի շահեկան այլ սրամտութիւններով լեցուն բանախօսութիւնը Ճափոնի մասին:

Մոնթրէալ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կազմակերպած էր բանախօսական երեկոյ մը: Պատմագէտ պրն. Գրիգոր Դերձակեան նոր վերադարձած Ճափոնէն, հրաւիրուած էր բաժնելու իր տպաւորութիւնները այդ այցելութեան:

Միշտ կը յանձնարարուի, որ բանախօսութիւն մը, մէկ ժամէն աւելի չի տեւէ. իսկ եթէ երկարի, անհամբեր ներկաներ ձանձրոյթէն կը սկսին հեռանալ սրահէն.

Սակայն Ուրբաթ, 7 Յունիսի երեկոյեան պատահեցաւ ճիշդ հակառակը անգլերէն առած մը կա’յ, որ կ’ըսէ «երգիչն է, ոչ թէ երգը» (The singer not the song):

Ամբողջ երկու ժամուայ ընթացքին, բոլորս՝ կեդրոնացած ուշադրութեամբ, գամուած մեր աթոռներուն վրայ, երբեմն կուշտ ու կուռ խնդալով վայելեցինք, երեւակայեցինք Ճափոնը ու ապրեցանք Ճափոնցիին հետ:

Իսկ Գրիգոր Դերձակեան, նիւթին տիրապետած ու գիտակից պատմագիտական իր բարձր կարողութիւններուն, կրցաւ մեզի տալ. յստակ ու կատարեալ պատկերը երկրի մը, որ անակնկալներով լեցուն է:

Ճափոն.-

Դարերէ ի վեր եղած է վերապահ ու գոց երկիր մը, առանց հաղորդակցութեան մէջ մտնելու, մանաւանդ առանց ազդուելու շրջապատի երկիրներէն կրօնքներու առնչութեամբ՝ նախ ունեցած է Shinto կրօնքը, յետոյ կայսեր պարտադրութեան տակ ընդգրկած է Budddhism-ը որ ունի երկու բաժանումներ՝  Zen եւ Pure land (այս վերջինով՝ ենթական կ’արժանանայ հոգեկան ներումի աւելի պաղատանքի եւ խնդրանքի  միջոցով: Tokyo-ի եւ շրջակայ արուարձաններու բնակութիւնը 40 million է, իսկ ընդհանուր Ճափոն ունի 120 million, որ սակայն չ’աճիր  80-ական թուականներուն կայսեր պալատին հողին արժէքը (3.5 m2) աւելի կ’արժէր քան ամբողջ Califormia-ի նահանգը (անշուշտ այսօր նոյնը չէ):

Գրիգոր Դերձակեանի պատմագիտական նկատումներէն ոչինչ վրիպած էր, ան ուսումնասիրած էր ամէն մի երեւոյթ, ամէն մի ճափոնական սովորութիւն՝ ապրելակերպ, ընկերային ու ընտանեկան բարքեր, մինչեւ իսկ յարգանքի իրենց խոնարհումի ձեւն ու ծռելու աստիճանը (15, 45 կամ 90 աստիճանը) համեմատաբար դիմացի անձին դասակարգային տարբերութեան: Չափազանցուած մաքրութիւն՝ հանրային վայրերու, փողոցներու, խանութներու եւ այլուր: Դերձակեան հիացումով ակնարկեց երթուդարձի ցանցային դրութիւն, մանաւանդ անոնց ժամանակային աներեւակայելի ճշդապահութիւնը (երկվայրկեաններով):

Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխոյժ վարչականներէն Յարութ Գույումճեան, հպարտութեամբ յիշեց Դերձակեանի ուսումնական ու հանրային նուաճումները՝ Bachelor of Science in Agriculture, Agricultural Engineer Diploma (1982-ին), աւելի ուշ յաճախած եւ աւարտած նաեւ Montreal- ի Concordia Universityի պատմաբանական ամպիոնը արժանանալով Bachelor of Arts in History -Honors վկայականին՝ բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ, աշխատակցած զանազան օրաթերթերու ու շաբաթաթերթերու, հեղինակ՝ հրատարակուած յօդուածներու հայերէն թէ օտարալեզու,  եւ քանիցս մասնակցութիւնը բերած Թէքէեանի առցանցային հաղորդումներուն որոնք պատրաստուած էին Արթօ Մանուկեանի կողմէ:

Հանդիսատեսները՝ տակաւին հաւաքուած իր շուրջը, տասնեակ մը հարցումներով ողողեցին քրտնաթոր բանախօսը, որոնց պատասխանեց ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ նոյն սրամիտ ոգիով:

Բոլորս ուրախ էինք, որ Մոնթրէալահայ գաղութը ունի Գրիգոր Դերձակեանի նման արժէքներ, որուն պատմագիտութիւնը՝ ներդաշնակօրէն միախառնուած դիւրահաղորդական ձիրքերուն, մեզի կը հրամցնէ ոսկեայ պնակի մէջ՝ հոգեկան ու մտային վայելք:

Պ. Գ.