Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա:
Փախեան ատելիք նորա յերեսաց նորա:
(Հմմտ. Սղմ.ԿԷ 2)
Օրհնաբեր այս օրը Քրիստոսի Յարութեան բերկրալի աւետիսով մեր ողջոյնը կը յղենք Գանատահայոց Թեմի հաւատաւոր եւ բարեպաշտ սիրելի զաւակներուն, թեմական, եկեղեցական, ազգային, մշակութային, դպրոցական, լրատուական, հայրենասիրական միութիւններուն եւ վարչութիւններուն:
Փառաւորեալ է Աստուած, որ մեզ կենսանորոգ այս աւետիսին շնորհընկալութեանն արժանացուց վերստին փաստելով Իր անչափելի Սէրը մեր հանդէպ:
Մեծ Պահքի անձուկ ճանապարհով մեզ բաղձալի նաւահանգիստ՝ Իր անստուեր Լոյսի Ներկայութեանն առաջնորդեց: Տևապէս նեցուկ ու խրախոյս եղաւ, որ յոյսի սաղաւարտն և հաւատի ու սիրոյ զրահներն Աստուածահաճոյ գործերով ամրապնդած Իրեն ընթանանք՝ մահուան ամենակուլ երախը փակելով և չարի մխացող նետերը չէզոքացնելով:
Կորսուած Դրախտը վերագտնելու ուղին մատնանշեց՝ անձնական մեղաւորութիւնն ընդունելով ապաշխարելու, ներելով ներումի արժանանալու, սրտով արթուն մնալով աղօթասիրութեան պսակն ստանալու, Ահեղ Ատեանի առաջ քաղցր դատաստանի հայցելու յորդորելով:
Սէրն Աստուած սիրայօժար խոնարհուելով՝ մեզ՝ Իր արարածներուն անանց խնդութեան սեղանակցութեան հրաւիրեց՝ աներկրորդելի գին վճարելով. Անմահը մահ ճաշակեց մարմնով: Բացապարզեց մեր հանդէպ ունեցած սէրը՝ Բարի Հովիւի նման անձը դնելով Իր բանաւոր հօտին վրայ:
Տէրը մեղաւորի մահը չուզէր, իսկ մահը մահկանացուի վախերուն հիմնական պատճառն է, որ կեանքին նկատմամբ չթուլացող սպառնալիք է: Փրկիչը ոչ միայն բանսարկուի պատճառով աշխարհ ներմուծուած մահը կործանեց, այլեւ ստութեան հօրը ձեռնունայն ձգեց: Ան, Որու խաւարն երբեք հասու չեղաւ, մեղաւորներուս բարեկամներ կոչեց ու միմեանց սիրելու պատուիրանը ժառանգութիւն ձգեց: Սիրուն երկիւղն օտար է (Ա Հովհ. Դ 18):
Սիրելի բարեպաշտ հայորդիներ,
Անկարօտ է մեզ Փրկած Աստուած և Իր անօրինակ Սէրը փոխադարձել կարող ենք միմեանց սիրելու պատգամը կատարելով միայն, որով կը փաստենք մեր հաւատարմութիւնն Իր հանդէպ:
2016 թուականը կը համընկնի նաեւ Մայր Հայաստանի անկախութեան 25-րդ ամեակին: Կը հայցենք Յարուցեալ Տիրոջ հրաշալի եւ կենսատու զօրակցութիւնը Հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ հայորդիներուն: Ամէն:
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց.
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Սիրով եւ Օրհնութեամբ՝
Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի