Կիրակի` 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին բոլորեց իր գնման, օծման եւ անուանակոչումի 53-րդ ամեակները։
Այս ուրախ առիթով՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդը, Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան եկեղեցւոյս հանդիսաւոր Պատարագը մատուցեց, օգնութեամբ Տէր Յովսէփ Յարութիւնեանի եւ սարկաւագաց ու դպրաց դասի, եւ օրուան իմաստալից քարոզը փոխանցեց։ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնէն ներկայ էր Գերշ. Տէր Արարատ Եպս. Գալթաքճեանը, որու ներկայութիւնը հոգեւոր փայլք մը եւս աւելցուց սոյն առիթին։
Յետ արարողութեանց, յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցիս ծառայած բոլոր նախկին հոգեւորականաց, նուիրատուներու եւ կամաւորներու հոգիներուն համար։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, ծուխը հրաւիրուած էր Եկեղեցւոյս Մարի Մանուկեան սրահը, յաւուր պատշաճի տօնելու համար Եկեղեցւոյս 53-րդ ամեակը։
Սրահը զարդարուած էր գունագեղ լոյսերով ու սեղանները՝ կարմիր դշխուհիներով (poinsettias), տօնական մթնոլորտ մը ստեղծելով առաջին իսկ ակնթարթէն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենադպրուհի՝ տիկ. Սիլվա Ամատունի Թոգաթլեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու հակիրճ ձեւով եկեղեցւոյ ներկայի կառոյցի 1960-ին գնման մասին անդրադարձաւ։ Ան յիշեցուց, թէ Հայ Առաքելական Էջմիածնական թեմի պատկանող եկեղեցին Մոնրէալահայ գաղութին կը ծառայէր 1940-ականներէն ի վեր, իսկ 1957-ին կը կատարուէր անոր պետական արձանագրումը։ Հետեւաբար, գաղութիս առաջին հայկական եկեղեցին ըլլալով՝ այսօր կը տօնէինք նաեւ անոր հիմնադրման 66-րդ ամեակը։
Կէսօրուայ ճաշի մատուցումը, համաշխարհային ուտեստներու թեմայով էր՝ ուր ներկաները առիթ ունեցան այցելելու տարբեր երկիրներ, ու համտեսելու զանազան խոհանոցներ, ինչպէս Հայկականը, Իտալականը, Յունականն ու Միջին Արեւելեան, Լիբանանեանը։ Այս “ճամբորդութեան” կ՛ընկերակցեր նաեւ հաճելի եւ զանազան մեղեդիներով՝ վարպետ ջութակահարը։
Յայտագիրը սկսաւ՝ Եկեղեցւոյս Թատերականի խմբակէն քանի մը պատանիներու խմբային ասմունքով՝ որոնք ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի Հին Օրհնութիւնը, անոր մահուան հարիւր ամեակի առթիւ։ Նոյնպէս՝ Եկեղեցւոյ կամաւոր աշխատող անդամներէն՝ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Զինա Վարոսեանի աշակերտներէն երկուքը նուագեցին երկուքական դաշնամուրի կտորներ։ Յիշենք որ Տիկ. Վարոսեան կը վառէ եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ վարժարանի դաշնամուրի դասընթացքները։
Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը ըլլալով Առաջնորդանիստ՝ իբր անակնկալ՝ տեսահոլովակի միջոցաւ ներկայացուեցաւ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի կենսագրականն ու անոր նախաձեռնած աշխատանքներն ու ձեռքբերումները մանաւանդ՝ Գանատահայ թեմին համար։
Յաջորդաբար խօսք առին գաղութիս զանազան քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները, ընդգծելով եկեղեցւոյ կարեւոր դերը գաղութիս մէջ, եւ մասնաւորաբար իրենց հաստատութեան ներդրումները ի փառս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարգաւաճման։
Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի տիկ. Ատրինէ Աղազարեան, իր սրտի խօսքը փոխանցելէ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յատկապէս՝ օրուան Ծխական Խորհուրդին եւ Տիկնանց Յանձնախումբին, որոնց ջանքերով իրականացաւ այս տօնակատարումը, ան հրաւիրեց Սրբազան հօր՝ որպէսզի միասնաբար յանձնեն գնահատանքի նուէրները օրուայ պարգեւատրուողներուն, որոնք տարբեր ձեւերով օգնած եւ նուիրուածութեամբ աշխատած են եկեղեցւոյ բարելաւման համար։
Մեծ խանդավառութեամբ՝ ներկաներու հետ միաձայն տարեդարձ երգելով՝ ներս բերուեցաւ կարկանդակը, որմէ ետք հրամցուեցաւ անուշեղէնի սեղանը լեցուն համեղ անուշեղէններով։
Երեկոն աւարտեցաւ երբ Եկեղեցւոյ տարեկան վիճակահանութեան տոմսերը քաշուեցան ու տասը տարբեր արժէքաւոր նուէրներով բախտաւորուեցան տասը տարբեր անձեր։
Բարի հիմնադրման 66-րդ եւ Գնման ու օծման 53-րդ տարեդարձներ։