Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի Տարեկան Ընդհ. Անդամական Ժողովը (2023 Տարեշրջան)

Կիրակի՝ 7 Ապրիլ 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, տեղի ունեցաւ  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ տարեկան ընդհ. անդամական ժողովը 2023 տարեշրջանի:

Անդամներու արձանագրութիւններէն ետք, ժողովի բացման կոչը ի պաշտօնէ կատարեց նախորդ տարուան տարեկան ընդհանուր ժողովի դիւան ատենապետ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, եւ նկատի ունենալով ներկայ անդամներուն թիւը աւելի էր քան պահանջուած 50-ը, ժողովը համարուեցաւ օրինական:

Տարեկան ընդհանուր ժողովի նախագահ՝ Գանատահայ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի Տէրունական աղօթքէն ու իր օրհնութիւնը տալէ ետք ժողովը բացուած յայտարարուեցաւ:

Ժողովը անցաւ սահուն, կանոնաւոր ու անսայթաք:

Ա) Օրուայ դիւանի ընտրութիւնը կատարուեցաւ միաձայնութեամբ. դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ ատենապետ եւ Շուշան Արիսեան՝ ատենադպրուհի:

Բ) Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան առաջարկեց նախորդ անդամական ժողովի ատենագրութեան ընթերցումը զանց առնել, քանի՝ համացանցի միջոցաւ նախապէս ուղարկուած էր անդամներուն:

Գ) Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան յաջորդաբար հրաւիրեց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, իրենց տեղեկագիրները ներկայացնելու համար:

Դ) Առաջին հերթին Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան ներկայացուց հոգեւոր հովիւի տեղեկագիրը: Ան նախ՝ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր խաղաղ ու իմաստուն աշխատանքին, ողջունեց օրուան դիւանի ատենապետ՝ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, ծխական խորհուրդի անդամներն ու պատգամաւորները:

Սրբազան Հայրը ջատագովեց տէր հօր կատարած աշխատանքը, անդրադառնալով, որ Տէր Կոմիտաս ծանրաբեռնուած էր հովուութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի, յաւելեալ Լաւալի ծուխի:

Տէր Կոմիտաս կատարեց որոշակի անդրադարձումներ:

* Եկեղեցւոյ «Կանթեղ» շաբաթաթերթը կը շարունակէ կանոնաւորաբար հրատարակուիլ:

* «Կոմիտաս» դպրաց դասը եւ երգչախումբը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը յաւելեալ մասնակցողներու թիւերով:

* Նոր տարեշրջանը 6-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ հրատարակել Մայր Տաճարի երկլեզու օրացոյցը:

* Ամէն Կիրակի պատարագի աւարտին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ տեղի կունենայ պատուասիրութիւն:

Ե) Ծխական Խորհուրդը ներկայացուց իր տեղեկագիրը:

Զ) Յիշուեցաւ, որ 38-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Մայիս ամսոյն, Լաւալ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

Է) Ծխական Խորհուրդի հաշուապահ տիկ. Ռաքէլ Տողրամաճեան այս տարի ներկայ ըլլալով, ինք անձամբ ներկայացուց 31Դեկտ. 2023-ին աւարտող տարուայ ընթացքին գրանցուած գործարքները:

Երէցներուն տարեկան անդամակցութեան գումարը: 40 տոլար տարիներէ ի վեր նոյնը մնացած էր. պրն. Հրայր Ճիհանեան առաջարկեց աւելցնել այդ գումարը 50 տոլարի:

Ը) 2024- տարեշրջանի ներկայացուած նախահաշիւը գնահատանքով ընդունուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ:

Թ) Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Մաս»ի յանձնախումբի բծախնդիր աշխատանքին:

Ժ) Իբրեւ ամփոփում՝ հետեւեալ անունները իրենց սիրայօժար պատասխանատուութիւնները կը ստանձնեն՝ նոր տարեշրջանի աշխատանքին

Ծխական Խորհուրդի անդամներ՝

          Ատրինէ Աղազարեան- Ռաքէլ Տողրամաճեան- Արէթ Սոնմէզ- Էտի Հիւսէնճեան- Ալին Իրատեան- Շուշան Արոյեան- Սիլվա Ամատունի- Ռոպէրթ Քէշայեան- Մագտա Զաքարեան-Անդրանիկ Շիրինեան եւ Վարուժ Մարկոսեան:

Պատգամաւորներ՝

Մկրտիչ Գանոնճեան եւ Րիչըրտ Եղիայեան

Ընտրողական Յանձնախումբ՝

Ժիրայր Տոլար-Տօքթ. Հրայր Տէր-Գէորգեան-Սօնա Սուվալեան եւ Մուրատ Թագւորեան

Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ՝

Ժիրայր Տէօվլէթեան- Կրէկ Տէր-Գէորգեան եւ Մարալ Պալեան

Հետաքրքրական էր երբ վերջաւորութեան, տիկ. Զուարթ Թագւորեան փափաքեցաւ խօսք առնել ու յուզումով այլ պատշաճ պոռթկումով արտայայտուեցաւ – աւելի ճի’շդը բողոքեց – այն անհատներուն մասին որոնք կը դառնանան այս Ս. Տաճարէն ու կը համարձակին հեռանալ: Ճիշդ է եւ մարդկա’յին, երբ որոշ տարակարծութիւններ կունենանք իրարու հանդէպ… սակայն այդ հարցերը անձնականի վերածելով հեռանալ եկեղեցիէն… իրապէ’ս անհասկնալի է:

Ժողովին անդամները դիմաւորեցին այս խօսքերը՝ ջերմ ծափողջոյններով:

Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ փակուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի ընդհ. անդամական ժողովը (2023-ի տարեշրջանի):

ԹՂԹԱԿԻՑ