Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ին, արտասովոր դասախօսական ներկայացում մը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Մարի Մանուկեան սրահին մէջ, ուր արուեստասէր հանրութիւն մը հաւաքուած էր մօտէն ծանօթանալու գեղանկարչութեան միջազգայնօրէն ծանօթ Impressionism դպրոցի ծագումին եւ զարգացման մասին: Հանդիսութեան կը նախագահէր Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան: Հրաւիրուած էին ու իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը կը պատուէին մեր գաղութի վեց արուեստագէտներ՝ քանդակագործներ Արթօ Չաքմաքճեան եւ Տիկին Եւգինէ Տը Կիր, գեղանկարիչներ՝ Արեգ Էլիբեկեան, Պետրոս Ասլանեան, Կարօ Մարկոսեան եւ Ժոզէֆ Մանտալեան: Այս ձեռնարկը մտայղացումն էր արուեստի բազմաշնորհ մասնագէտ Քարին Վեհունիի, որ տիկ. Արմինէ Կարապետեանի եւ քանի մը օժանդակներով համադրած էր լսատեսողական յայտագիր մը եւ անոր յաջորդող իւրայատուկ պտղասեղանը: Իւրաքանչիւր հանդիսատես, սրահի մուտքին կ’ողջունուէր տուրմի գնդիկով մը, հրամցուած պատանուհի Արապելլա Եագուպեանի կողմէ:
Բացման եւ բանախօսի ներկայացման բաժինը յաջողապէս կատարեց երիտասարդ ուսանող՝ Նորվան Ղարապեկի : Յայտնուեցաւ որ Քարին Վեհունին, բնիկ Աղեքսանդրահայ Ալեքսանեան ընտանիքէն, բազմաթիւ տարիներ ուսանած է Եւրոպայի արուեստի կեդրոններու մէջ, յատկապէս մասնագիտանալով գեղանկարչութեան արուեստին:
Բեմին վրայ զետեղուած մեծադիր պաստառով իւրաքանչիւր ներկայացուած արուեստագէտի դերին եւ վաստակին անցնելէ առաջ, Քարին ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեց 1850-ական տարիներուն Փարիզի մէջ սկիզբ առած արուեստի յեղափոխութեան մը, որ հետզհետէ հաստատուեցաւ որպէս արուեստի նոր դպրոց մը եւ կոչուեցաւ Impressionism ու տարածուեցաւ Եւրոպայի եւ արուեստի աշխարհին մէջ: Այս նոր շարժումի տիրապետող դէմքերն էին Բիէր-Օկիւսդ Րընուար, Վինսընդ Վան Կող, Գլօտ Մոնէ, Էտկար Տէկա, Փօլ Սէզան, Փօլ Կօկէն, Ալֆրէտ Սիսլի, Գամիլ Բիսսարօ եւ ուրիշներ: Դիպուկ նկարներու ցուցադրութեամբ, բանախօսուհին բացատրեց թէ անոնք կը նախընտրէին աշխատիլ բացօթեայ, ոչ փակ սդիւտիօներու մէջ, բնական վառ գոյներով, վրձինի կարճ եւ համարձակ հարուածներով, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, ընդհանրապէս առանձին գոյներու օգտագործումով եւ առանց գոյները խառնելու, արտայայտելու համար իրենց ենթակայական (subjective) տպաւորութիւններն ու զգացումները, փոխանակ առարկայական (objective) իրականութիւններու: Հանրութիւնը նախ հակառակ էր արուեստի այս նոր ոճին, եւ արուեստի քննադատներ սկիզբը մերժեցին ու դատապարտեցին զայն, բայց ժամանակի ընթացքին թէ’ հանրութիւնը եւ թէ’ արուեստի քննադատները ընկալեցին այս թարմ եւ ինքնատիպ մօտեցումը: Տպաւորապաշտ այս ոճը հետզհետէ Փարիզէն տարածուեցաւ այլ շրջաններու եւ երկիրներու մէջ, մինչ նոր ոճը կը սկսէր տարածուիլ նաեւ քանդակագործութեան, երաժշտութեան, գրականութեան եւ այլ մարզերէ ներս, իսկ գեղանկարչութեան ծիրէն ներս սկսան neo-impressionism ճիւղաւորումներ, ինչպէս՝ cubism-ը, pointillism-ը, symbolism-ը եւ այլ ուղղութիւններ:
Ներկայացման աւարտին խօսք առին ներկայ արուեստագէտներէն ոմանք, յաւելեալ բացատրութիւններ տալով կիրառական արուեստի զարգացումներուն մասին: Իր փակման խօսքերուն մէջ Առաջնորդ Սրբազան հայրը ջատագովեց նման ձեռնարկներով մեր հասարակութեան մատչելի դարձնել արուեստի միջազգային աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ օժանդակելու որ հանրութեան մէջ բարձրանայ արուեստի ընկալումի մակարդակը, բան մը, որ դարերու ընթացքին կատարած են մեր միջին դարերու եւ այլ ժամանակներու հայ գրչի եւ նկարչութեան արուեստագէտներ:
Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան այլազան պտուղներու ինքնատիպ ներկայացումով եւ առիթը ունեցան շարունակելու գաղափարի փոխանակումներ ու շնորհաւորելու Քարին Վեհունիի այս այժմէական եւ ուսուցող ներկայացումը:
Յ. Ա.