Նոյեմբեր 18 ի պայծառ առաւօտուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնին մէջ, դարձեալ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Տօնավաճառ էր, նշեալ ժամանակէն առաջ ժամանած էին բացի կազմակերպիչներէն, Ֆիլատելֆիայէն, Թորոնթոյէն հիւր բարեկամներու հոյլ մը:
Թ.Մ.Մ. ի ղեկավար դէմքերէն Պրն. Արթօ Մանուկեան սրտառուչ խօսքերով դրուատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ պատուոյ նախագահուհիներուն Ալիս եւ Սօնիա Սողոմոնեաններուն, ապա միասնական Տէրունական աղօթքով եւ Զգործս Ձեռաց Մերոց մաղթանքով, անոնք տօնավաճառի բացումը կատարեցին հատելով ժապաւէնը:
Սողոմոնեան շնորհալի քոյրերը բացի իրենց ասպարէզին մէջ բարձրագոյն դիրքերու հասնելէ, մի’շտ օժանդակած են ազգային ձեռնարկներուն եւ յատկապէս դրական գործունէութիւն ունեցած են Թէքէեան Մշակ. Միութենէն ներս: Այս առիթով եւս անոնք առատաձեռն նուիրատուութեամբ բերին իրենց մասնակցութիւնը: Յատուկ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն:
Ճաշակով յարդարուած «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահին մէջ զետեղուած կրպակները այցելեցին, հետզհետէ այցելող հիւրերը, նրբաճաշակ պատրաստութեամբ կաղանդի տնային յարդարանքներ խաղալիքներ, գիրքեր, այլազան վզկապներ, զարդեղէններ արագօրէն կը վաճառուէին:
Խմորեղէններ, անուշեղէններ առատօրէն տրամադրուած էին, Թէքէեանի առաքելութեան հաւատացող տիկիններու կողմէ: Շնորհակալութիւն բոլորին:
Տօնավաճառի ամբողջ տեւողութեան խուռներամ ժողովուրդը ճաշակեց համեղ ճաշերը, ստեղծուած հաճելի մթնոլորտին մէջ:
Այս առիթով կարելի է յիշել 30 է աւելի տիկիններու որոնք ամիսներ ամբողջ պատրաստեցին հայկական աւանդական ճաշերը, մանթըները, խճողակը, բլիթը, թոփիկը եւ այլ խմորեղէններ:
Այս միջոցին վայելելով երիտասարդաց թարմ աւիւնով՝ միշտ ծառայասէր խնամքը Սիլվային, անխոնջ աշխատանքը Շաքէին եւ Արմինէին: Դալար մնան բոլորին յոգնած՝ բայց Հայ ազգին համար մի’շտ պատրաստակամ ձեռքերը:
Ուրախալի երեւոյթ է որ ժողովուրդը կը քաջալերէ բոլոր կազմակերպութիւններու տօնավաճառները, նպաստելով անոնց գործունէութեան:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Բախտաւորները ստացան գեղեցիկ նուէրներ: Ակնառու էր Տիկին Այտա Գարիբեանի անձնական ստեղծագործութիւնը, արդիական ակրելիք (Modern Agrilic) կտաւը (թապլոն):
Այս հաւաքական գեղեցիկ գործին համար կը շնորհաւորենք Տիկին Անի Թորիկեանը որ գլխաւորեց, համադրեց եւ իր բացառիկ յաջողութեան լրումին հասաւ տօնավաճառը:
Վարձքդ կատար սիրելի Անի եւ քու հաւատաւոր գործակիցներուդ:
Վ. Պալեան