Տօքթ. Մկրտիչ Տարաքճեանի գլուխ գործոց քանդակի ցուցադրութիւնը Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային միութեան սրահին մէջ

ՄՈՆԹՐԷԱԼ

Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնէն ներս գեղեցիկ օր մը. կարելի է ըսել գեղարուեստի խնճոյքի օր մը: Հոծ բազմութիւն մը, ներկայ էր վայելելու՝ պաշտօնական բացումը՝ բանաստեղծներու Իշխան Վահան Թէքէեանի երկչափ քանդակին (Two dimension sculpture): Տօքթ. Տարաքճեանի գլուխ-գործոցներէն մին էր:

Վարչութեան ատենապետ տիար Նուպար Պապիկեանի բացման արտայայտութիւնները արդէն ամէն ինչ պարփակած էին: (Ստորեւ ամբողջութեամբ կու տանք իր խօսքը):

Տօքթ. Տարաքճեանի անկեղծ ու շնորհակալական բառերը յաջորդեցին բացման խօսքին:

Անոր սրտի խօսքերէն ունեցանք հետաքրքրական տեղեկութիւն մը. իր առաջին աշխատանքին մասին՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ: 2005-ին համագաղութային ձեռնարկ մը կը կազմակերպէր Միութիւնը 90-ամեակի, երբ Տօքթ. Տարաքճեանի զոյգ գործերը՝ եղեռնի եւ Կոմիտաս վրդ.-ի քանդակները ներկայացուեցան: Մեծն արուեստագէտ-գծագրիչ՝ Պերճ Միսաքեան ներկայ էր եւ իր քաջալերանքով ճամբան սկսաւ բացուիլ Տօքթ.-ի առջեւ ու վաճառքի դնել  պատկերասրահի (Galery) մը մէջ. որմէ յետոյ տարածուեցաւ Աւստրալիա, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա եւլն:

… Խոր լռութեան մէջ, հասաւ այն պահը, ուր ստեղծագործն ու ատենապետը պիտի քօղազերծէին այն արուեստի բարձունքը, որ իր ոգիով ու հարազատութեամբ անգամ մը եւս պիտի յաւերժանար Թէքէեան Մշակ. Միութեան վերանորոգուած «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» սրահին մէջ:

… Միայն հիացումի եւ յուզումի հեւքը կը լսուէր ներկայ արուեստասէրներու շունչէն:

Դասական այսպիսի ցուցահանդէսի մը վայելքով, գոհունակութեամբ առլցուն, ներկաները պատուասիրութեան բաժակները ձեռքերնին, համախմբուած կը շնորհաւորէին մեծ քանդակագործը՝ Տօքթ. Տարաքճեանը:

Իր գործերու ցուցադրութիւնը ոչ միայն ուրբաթ 8-ին այլ շարունակուեցան Շաբաթ եւ Կիրակի 9 եւ 10 Հոկտ., առաւօտեան ժամը 11-էն կ.ե. ժամը 3.00:

Տօքթ. Մկրտիչ Տարաքճեան հայութեան բուրվառող խնկաման մըն է եւ անոր քանդակները ոչ միայն գանատահայ այլ համայն Սփիւռքի ու հայրենիքի արուեստին մագաղաթը:

            Պերճ Գոգորեան

Ատենապետ Տիար Նուպար Պապիկեանի բացման խօսքը

 

Արժանապատիւ Տէր Դաւիթ Քահանայ Մարգարեան:

Յարգելի արուեստասէր անդամներ ու համակիրներ:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ Ձեզի, այս բացառիկ օրուան համար, երբ պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարենք Բանաստեղծներու Իշխան Վահան Թէքէեանի երկչափ քանդակի (Two dimension sculpture): Այս գեղեցիկ գործին հեղինակն է Տօքթ. Մկրտիչ Տարաքճեան:

Շարժապատկերի ժապաւէնի մը նման մեր յիշողութեան աչքերուն առջեւէն կը սահի. Տօքթ. Տարաքճեանի արուեստի ուղին: Նախ՝ անդրանիկ իր կապերը հայրենիքի հետ՝ Եղիշէ Չարենց տուն-թանգարանի համար, այս վերջինին քանդակով. յետոյ Կոմիտասի արձանը՝ իր անուան նորաբաց թանգարանին համար, եւ այսպէս, բացուած ճամբան կ’առաջնորդէ զինք, մինչեւ «Գրիգոր Նարեկացի» մետալին: Իր գործերը տարածուած են, New Brunswick, Minist de Transport-ի համար, մինչեւ Եւրոպա, Աւստրալիա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր: 2004-ին Quebec-ի մէկ մրցոյթին, աշխարհի բոլոր ծագերէն, 32 հայ մասնակցող արուեստագէտներուն մէջ, Տօքթ. Տարաքճեան արժանացաւ 3-րդ մրցանակին:

Շարժանկարի ժապաւէնը կը շարունակուի ու կը տեսնենք նկարիչ Արշիլ Կորքի գլուխ-գործոց քանդակը, (նուիրուած Թէքէեան Մշակ. Միութեան),  Ցեղասպանութեան գործ մը՝ Սարդարապատի թանգարանին մէջ, Արմէն Գարօ-ի քանդակը Հայաստանի դեսպանատան դրան կողքին՝ Washington-ի մէջ եւ ամենազգացականը 2006-2007 ին Շուշի քաղաքին առաջնորդարանին մէջ- եթէ տակաւին մնացած է:

Երբ հասարակ յայտարարի վերածենք իր աշխատանքի ուղին, արուեստի բարձրութեան առընթեր, պիտի նկատենք այն մղիչ ուժը իր հայրենասէրի տիրապետող ոգիին: Վկա’ իր վերջին ցուցահանդէսը «Մեր Մեծերը» խորագրով ուր կը փայլէին մեր 20 հայ մշակոյթի տիտանները: Վկա’ անմահ «Կոմիտասի» քանդակը իր անոյշ նայուածքով, զետեղուած «Հայ Կեդրոնի» մուտքին.

Եւ վերջապէս վկա’ իր վերջին այցելութիւնը մի քանի ամիս առաջ ի հայրենիք, հետը տանելու Արամ Խաչատուրեանի, Խաչատուր Աբովեանի եւ Արամ Մանուկեանի քանդակները զետեղելու համար իրենց անուան թանգարաններուն մէջ:

Եւ այսօր Տօքթ. Տարաքճեանի ներկայ գործով, Վահան Թէքէեան, հանգի՜ստ կը դիտէ մեզի, կարծես գտած ու վերադարձած է իր ջերմ տունը:

Տօքթ. Մկրտիչ Տարաքճեան «Վահան Թէքէեանով, պսակ մը եւս աւելցուց իր դափնիներու բուրգակոյտին վրայ: