Թէքէեան Մշակութային Միութիւն -Մոնթրէալ
24 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» Սրահը կը ողողուէր հոծ բազմութեամբ մը. սակայն ոչ ամենօրեայ հասարակութեամբ: Քաղաքական դէմքերը (Liberal Party) ներկայ էին պատուասիրելու խորհրդարանի երեսփոխան մը՝ որ կը վայելէ ամենայն յարգանք, ինքնավստահութիւն, պարկեշտութիւն, գիտակցութիւն, որոնց վրայ կ’աւելնար առողջ մտածելակերպի ու տեսլականի կարողութիւններ:
Տիկին Էմանուէլլա Լամպրօբուլօսը:
Ճոխ սեղաններու շուրջ, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ Տիկ. Սալբի Հալաճեան-Մարկոսեան բացման խօսքով շնորհաւորեց ազնուափայլ հիւրը, ջատագովելով անոր բոլոր արժանիքներն ու հետեւաբար՝ անոր բոլոր հանրային նուաճումները, որոնցմով օգտուած էր Saint-Laurent-ի շրջանը ընդհանրապէս եւ հայ համայնքը մասնաւորաբար:
Տիկ. Լամպրօբուլօս ծնած է Saint-Laurent. աւարտած է McGill համալսարանը 2013-ին եւ յետոյ տիրացած է Masters of Arts (Educational Leadership) 2020-ին: Մեծ համոզումով փարած է Ազատական (Liberal Party) գաղափարախօսութեան եւ մանաւանդ տարած է մեծ աշխատանք վսեմաշուք Stephan Dion-ի ընտրապայքարին:
Ըլլալով Rosemont-ի բարձրագոյն վարժարանի ուսուցիչ՝ ֆրանսերէն լեզուի եւ պատմութեան, ան, մանաւանդ, ծառայած է տկարութիւն ունեցող յատուկ ուսման կարիքը ունեցող մանուկներուն, իր 6 տարուայ ուսուցչական շրջանին Lauren Hill Academy-ի մէջ:
Քաջատեղեակ ըլլալով անգլերէն, ֆրանսերէն եւ յունարէնի ան ծառայած է Յունական Մշակութային Միութիւններու: Կամաւոր իր աշխատանքը մատուցած է մանուկներու արուեստի ու մարմնամարզական համայնքային շարժումներու:
Ընկ. Արա Պալեան՝ ատենապետ ՌԱԿ Մոնթրէալի Էօժէն Բաբազեան ակումբի, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Պերճ Մերճանեանի անոր անսակարկ ներակցութեան, սատարելով սոյն երեկոյթի յաջողութեան, յետոյ կուսակցութեան անունով արժանավայել Հիւրին յանձնեց յիշատակագիր մը:
Փոխադարձ էր գնահատանքի ու երախտագիտութեան այս երեւոյթը երբ Տիկին Էմանուէլլա Լամպրօբուլօս հրաւիրուեցաւ իր շնորհակալական խօսքը ուղղելու մասնաւորաբար Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ սոյն երեկոյթով գնահատեց զինք:
Ան ծափողջոյններու մէջ Թ.Մ.Մ-ի վարչութեան տուաւ յիշատակի նուէր մը:
Յարմարագոյն առիթն էր երբ. Տիկին Մարի Տէրօս իր կարգին արտայայտեց իր գնահատանքի խօսքերը ուղղուած օրուայ Մեծարեալին ուր շեշտակի օրէն յիշեց անոր մատուցած ծառայութիւնները, նաեւ տիկ. Այտա Գարիպեան (ֆրանսերէնով) արտայայտեց իր սրտի խօսքը, արծարծելով անո՜յշ յիշատակներ ու փորձառութիւններ, որ ունեցած էր օրուան պատուակալ Հիւրին եւ վսեմաշուք Stephan Dion-ի հետ:
Գնահատելի է Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի քաղաքական յառաջխաղացումի աշխատանքը, որ կը նպաստէ ոչ թէ միայն իրեն այլեւ Գանատահայ համայնքի յաջող դիմագիծին:
Թղթակից