ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ – ԲԺԻՇԿ ՄԿՐՏԻՉ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆԻ «Բարեշրջութիւն» (Evolution) ցուցահանդէսը

Հինգշաբթի՝ 14 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան ատենապետ յանձինս Նուպար Պապիկեանի ընկերանալով այցելեցինք Գօթ Սէնթ Լիւքի հանրային գրադարանին մէջ կազմակերպուած Բժ. Մկրտիչ Տարագճեանի անհատական ցուցահանդէսին, ուր պատին վրայ աչքառու էր   արուեստագէտին մեծատառ պատուաբեր ստորագրութիւնը, այնտեղ ցուցադրուած էին արուեստագէտին տարբեր ժամանակներու  քանդակները՝ ազգային նիւթեր ներկայացնող յատկապէս 1915-ի եղեռնի ձեռքերը, Ազնաւուրի կիսանդրին,  բժշկական գողտրիկ գործեր եւ ի հարկէ գերիրապաշտական (surrealism) ստեղծագործութիւնները:

Բարձր մշակոյթի տէր՝ Գանատահայ Բժ. Մկրտիչ Տարագճեան ծանօթ է նաեւ որպէս յաջողակ ու մրցանակներու արժանացած քանդակագործ՝ ըլլայ հայրենիքի, հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին, յատկապէս Քէպէք նահանգի մէջ, ուր իր բարձրորակ քանդակները մնայուն մասնիկը դարձած են ամենուրէք ոչ միայն հասարակական ու  կրթական հաստատութիւններէն ներս այլ եւ պատմական հանրային վայրերուն մէջ:

Բժ. Տարագճեանի արուեստի առաջին քայլերը եղած են իր ծննդավայր քաղաքին մէջ՝ Հալէպ, բժշկական մասնագիտութեան զուգահեռ, ապա Մոնթրէալ հաստատուելէ ետք մասնագիտութեան կողքին արուեստի հակումը զինք առաջնորդած է  նկարչութենէն դէպի քանդակագործութիւն:

Արուեստագէտ Բժ. Տարագճեանի արուեստի գործունէութեան մասին, երկար կարելի է խօսիլ. բազմաթիւ են անհատական ու խմբային ցուցահանդէսները, յատկապէս  քանդակներուն մասին որոնք ամենուրեք են, ըլլայ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, ու իրենց իւրայատուկ ոճով կ’արտացոլեն  արուեստագէտին ինքնութիւնը:

Երբ պահը եկաւ լիցքաւորուած մեկնելու, որպէս մշակութային միութեան ներկայացուցիչ արտօնութեամբ նկարուեցանք ապա մեկնեցանք:

Յարգելի արուեստագէտ բժիշկ՝ ձեզ ապագայի նորանոր կանաչ ճանապարհներ կը մաղթենք:

Սամուէլ Քէօշկէրեան

Մոնթրէալ 14 Դեկտեմբեր 2023

 

Սոյն ցուցահանդէսին յաջողութեան արձագանգը հասնելով մեր Միութեան շրջապատը, կը նկատենք՝ որ մեր միութեան անդամներէն՝ տարբեր անձեր կ’այցելեն եւ մեծ գոհունակութեամբ կ’արտայայտուին ցուցահանդէսին մասին. Ուստի պարտք կը զգանք, որ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնենք, որ սոյն ցուցահանդէսը կը շարունակէ իր տեւողութիւնը մինչեւ 9 Յունուար 2024: 

 

ԽՄԲ.