Քէպէքի Հայ Բժշկական Ընկերակցութեան կաղանդի, ամավերջի երեկոյթը

Այս Ընկերակցութեան,  ծանօթ`  իբրեւ ՔՀԲԸ կամ AMAQ,  կ’անդամակցին բժիշկներ, ատամնաբոյժներ, դեղագործներ ու մի քանի այլ առողջապահական դաշտի ծառայող արհեստաւարժներ: ՔՀԲԸ-ը  որ հիմնուեցաւ 1976-ին, Գանատայի մէջ գրանցուած է իբր «ոչ շահաբերական» միութիւն: Անոր առաքելութեան դաշտը  կ’ընդգրկէ հետեւեալ ազգօգուտ գործունէութիւնները. օգնել հայրենիքին ու Արցախի լուծելու իրենց առողջապահական հարցերը՝ կառուցանելով/  կազմաւորելով դարմանատուններ, առաքելով դեղորայք ու կատարելով խորհրդակցական այցելութիւններ: AMAQ նաեւ իր արդէն աւանդական դարձած բժշկական դասախօսութիւններով կը ձգտի Հայ հանրութեան ծանօթացնել աժմէական առողջապահական հարցերը: Այս դասախօսութիւնները պարբերաբար տեղի կ’ունենան Մոնթրէալի զանազան հայկական սրահներուն մէջ: 2016-ի դասախօսական ծրագրին մասին կ’անդրադառնանք մեր գrութեան աւարտին:  Յիշեցնենք որ ՔՀԲԸ իր առկախ ու գործառնական ծախքերը կը հոգայ հաւաքուած անդամավճառներով:

Վերոյիշեալ ճաշկերոյթ-երեկոյթը տեղի ունեցաւ 2015,  13 դեկտեմբերին լիբանանեան La sirène  ճաշարանին մէջ: Բարի գալուստի խօսքը ըրաւ ընկերակցութեան գործադիր մարմնին ատենապետը մորդաբոյժ Բժիշկ Արի Տէմիրճեան: Ան ներկայացուց այդ մարմնին 10-ը անդամները: Խրախուսիչ երեւոյթ՝ անոնց 70 %-ը կը բաղկանար 25-35 տարեկաններէ: Տոքթ. Տէմիրճեան ծանօթացուց իր պատրաստած եռլեզու ընկերակցութեան տեղեկագիրը արնչուած կատարուածներուն ու գալիք գործունէութեանց,  որ պիտի ներկայացնեմ համառօտ կերպով: 2015-ի հուսք-բանքէն նախ իմացանք թէ առոջապահական դաշտի արհեստաւարժներուն մօտ կատարուած էր վիճագրական հարցախոյզ՝ տեղեկանալու անոնց տարիքին, անդամակցութեան տոկոսին ՔՀԲԸ-ի, ու ընդհանրապէս, իրենց կարծիքին՝ միութեանս աշխատէլակերպին, ի հարկին նորութիւններ ներմուծելու հոն: Իմացանք նաեւ նոր անդամավճառներուն ու անոնց électronique գանցումներուն ու ստացագիրներուն մասին:  Նոր անդամներ  գտնելու մտօք կազմակերպուած էր օղակաւորման (réseautage) աշխատանք մը։ Մինջ բժիշկը կը շարունակէր իր տեղեկագրականը, 50-ի հասնող ներկաները կը հիւրասիրուէին լիբանանեան աղանդերներով, մսեղէններով ու պտուղով, դիտելով պաստառին վրայի լուսապատկերները (powerpoint):

Badguer Hrair Pazé Khatcherian2016-ին իրագործուելիքներուն մասին Տոքթ. Տէմիրճեան իմացուց հետեւեալները: Գործադիրներէն կազմակերպելու յատուկ Խորհրդատուներու (mentor) մարմին՝  ուղղութիւն տալու համար  առողջապահական մարզին  պատրաստուող ուսանողներուն: Բնականօրէն Հայրենիքին ուԱրցախին ըլլալիք բարէսիրական օգնութիւնները պիտի շարունակուէին: Ինչպէս նաեւ միութիւնը պատրաստ է քաղաքս նոր հասնող սուրիահայերուն օգնել իրենց բոլոր բժշկական կարիքներուն։

Ինչպէս արտասահմանեան զանազան Հայ գաղութներուն (Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի մի քանի նահանգներուն, Անգլիոյ, Արժանթինի) բժշկական միութիւնները, նոյնպէս ՔՀԲԸ-ը անդամ է Հայ բժշկական միջազգային վարչութեան (AMIC): Այս միութեան 13-րդ գիտաժողով-համագումարը տեղի տիտի ունենայ Պուէնոս- Այրէսի մէջ 2017- ին: Այդ գծով բժիշկ Արի Տէմիրճեան իմացուց թէ համագումարին նախապատրաստական ժողովը պիտի գոյանար Մոնրէալի մէջ 2016 –ի մայիսին ու ՔՀԲԸ պիտի ըլլար կազմակերպիչ հիւրընկալողը:

Հաճելի անակնկալ էր երեկոյթին իբր պատուակալ հիւր ունենալ արուեստագէտ – լուսանպկարիչ,  համայնքիս ծանօթ Պրն. Հրայր – Բազէ Խաչէրեանը: Բժիշկը ըրաւ անոր հակիրճ կենսագրականը: Իր կարգին Հրայր մեզ իր գործերուն ծանօթացուց լուսապատկերներով, որոնք խմբուած են տասնեակ մը տրամադրելի ալպիւմներու մէջ : Պրն. Խաչէրեան կը ծանրանայ, հոս պատշաճ կը թուի ըսել… իր վերջին -3.5 քկ կշռող- պատկերազարդ գիրքին վրայ՝  նուիրուած Ցեղասպանութեան100-ամեակին: Գործը արթիւնք է 1997- էն սկսեալ 30 լուսանկարչական արշաւներու ի պատմական Հայաստանի գաւառները: Ի միջի այլոց պատրաստ է Հրայրի 2016 –ի մեծադիր նկարներով օրացոյցը:

Ինչպէս կը տեսնենք Քէպէքի Հայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը 2016-ի  համար ունի ճոխ ու  բարէտենչ իրագործելիներու ցանկ մը:  Անոր գործադիր մարմնին երիտասարդ անդամները ու… միւսները գործակցաբար ատենապետին հետ  գլուխ պիտի հանեն ծրագրուածները:

Աւարտելէ առաջ հոս յիշեցնեմ դասախօսութիւններու շարքը որ ցարդ նախատըսուած է.

Հայ բժիշկները ցեղասպանութեան ընթացքին՝ Տոքթ. Հարպոյան՝ Ահարոնեան սրահ ապրիլ 14 երեկոյան ժամը 8:00-ին:

 

Դոկտ. Ատոմ Յ: Պուճիգանեան

ՔՀԲԸ-ի վարչութեան լրագրական կապի պատասխանատու

 

Յաղորդագրութեան հասցէներ։

Email: amaq_kayane@hotmail.com

Facebook: Association médicale arménienne du Québec – AMAQ