Իրերայաջորդ 100 ամեակի ձեռնարկներու շարքը 27 Սեպտ. 2015-ին McGill համալսարանի Pollack հանդիսասրահին մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրող երգահաններու գործերուն նուիրուած ձայնարուեստի երեկոյով մը կ’աւելնար:
Տիկ. Յասմիկ Ինճէճիկեանի կազմակերպութեամբ այս երեկոն հանդիսականներուն կը ներկայացնէր Պէրպէրեանի, Կանաչեանի, Պէտէլեանի, Ալէմշահի, Մէսումենցի եւ Կոմիտասի գործերը: Մեներգներուն եւ խմբերգներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ծանօթ հայ եւ օտար մենակատարներ:
Արմինէ Գասապեան, Jeffrey Corl, Սաշա Ճիհանեան, Էլի Պէրպէրեան, Ալին Գութան եւ Mathieu Ohel դաշնամուրի վրայ կ’ընկերակցէր Michael Mc Mahon բացառիկ կատարողութեամբ: Ելոյթները եղան մէկը միւսէն գերազանց ու արժանացան հանդիսատեսին ջերմ ծափահարութեանց:
Մեզ համար նորութիւն էր նաեւ վայելել երգահան Միհրան Էսէկիւլեանի մշակումով՝ Պէտէլեանի «Աստուծոյ»ն:
Յայտագրի աւարտին ներկայացուեցաւ Համբարձում Պէրպէրեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» 20 վայրկեան տեւող Cantata-ն: Գանթաթա 33 հոգիներէ բաղկացած նորաստեղծ Մաշտոց երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Գոհար Մանվէլեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Փաթիլ Հարպոյեանի եւ ընկերակցութեամբ 4 մեներգողներու, բարձր կատարողութեամբ ներկաներու գնահատականին արժանացան:
Երեկոն վարեց Թալին Ապրագեան եւ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի միացեալ յանձնախումբի անունով հանդէս եկաւ պրն. Սուրէն Հաճեան՝ որ գնահատելէ ետք տիկ. Ինճէճիկեանի ու մասնակիցներու օժանդակութիւնը ներկաներուն յիշեցուց յառաջիկայ Հոկտեմբեր 17, 24 եւ 25ի տեղի ունենալիք «Une bête sur la lune» թատերական ներկայացումին, խնդրելով որ քաջալերենք ու օտար բարեկամներ հրաւիրենք այդ ֆրանսերէնով ներկայացուելիք թատերախաղին:
Մշակութային բարձր մակարդակով ներկայացուած երեկոյթի մը ներկայ ըլլալու հաճոյքով հանդիսատեսները մեկնեցան հանդիսասրահէն:
Ներկայ մը