Black & White-ի խանդավառ պարահանդէսը Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ

Մոնթրէալի՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան սրահին մէջ Black & White ի պարահանդէսը նորութիւն մըն էր:

Բծախնդրօրէն պատրաստուած Ընկերային Յանձնախումբին կողմէ, հայ հասարակութիւնը, մանաւանդ երիտասարդները, կը վայելէին ջերմ պարահանդէս մը առաջնորդութեամբ՝ խանդավառ D.J. GHEVONT ի: Այլազան երաժշտական պարերգներու հնչումներուն տակ, պարահարթակը միշտ լեցուն էր: Ամէն ինչ սեւ-ճերմակ երանգներով կը ներկայացնէր պահանջուած մթնոլորտը: Սրահին յարդարումէն մինչեւ ներկաներուն հագուած գոյները (սեւ-ճերմակ) զուարթ ու գեղեցիկ միջավայր մը կ’ստեղծէին:

Եւ ահա հասաւ անակնկալ ելոյթի մը պահը:

Արհեստավարժ զոյգ մը՝ առաջնորդութեամբ Gerard Derminasyan-ի եւ ընկերակցութեամբ  Caroline Zafit-ի ներկայացուցին« Argantinian Tango»-ի պարի ցուցադրութիւն մը, խլելով ներկաներուն խելայեղ ծափերը:

2018-ը յիշատակելի թուական մը պիտի մնայ երիտասարդներուն մտքին մէջ, եւ փափաքելի է, որ նմանօրինակ երեկոյթներ աւելի կրկնուին, բարձրացնելու համար մեր հասարակութեան տրամադրութիւնը:

Գնահատելի էր օրուան յայտագիրը վարող աշխոյժ երիտասարդներուն Մեղրիկ Գանձանակեանի եւ Ճօնի Գարամանլեանի ելոյթը եւ մանաւանդ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ընկերային Յանձնախումբի խանդավառութիւնը սրահէն ներս:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ