Centre Arménie համալիրը հետաքրքրական նորութիւն մըն է մեր գաղութային կեանքի համայնապատկերին մէջ:
Մոնթրէալահայ գաղութի յաջողագոյն առեւտրականներէն Պրն. Արտէն Տէրվիշեան եւ իր ընտանիքը մտայղացումը ունեցան Լաւալ քաղաքի Էլիզապէթ փողոցին վրայ գտնուած հրէական համայնքային մեծ կեդրոնը եւ Սինակոկ-ը գնելու եւ ամբողջական վերանորոգումի ձեռնարկելով բացառաբար շքեղ համալիրի մը վերածելու նպատակ ունենալով զայն տրամադրելի դարձնել գաղութի հայ կազմակերպութեանց, յատկապէս իրենց յատուկ ձեռնարկներուն որպէս հանդիսասրահներ գործածելու համար:
Պարոն Արտէն Տէրվիշեան,որ որպէս հաւատացեալ մասնաւոր հաւատք եւ սէր ունի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին հանդէպ, նաեւ յատուկ ուշադրութեամբ, այս համալիրին մէջ սրահներէն մէկուն մէջ նախատեսած է խորանի դիւրութիւն մը որ պատշաճ վարագոյրով մը պատսպարուած է սրահին սովորական օրերու գործածութենէն :
Այսպէս Օգոստոս 6-ին տեղի ունեցաւ Centre Arménie- համալիրի բացումը:
Առաւօտուն, Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կարգադրութեամբ եւ Գանատահայոց Առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեան-ի արտօնութեամբ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ համալիրի համապատասխան սրահին մէջ: Պատարագիչն էր ծուխի ժրաջան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեան, կը նախագահէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Սրբազան Աբգար Եպս. Յովակիմեան:
Ներկայ էին նաեւ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան ինչպէս նաեւ տարբեր այլ հոգեւորականներ, Լաւալի եւ այլ քաղաքական բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, գանատահայ տարբեր կուսակցութեանց եւ ազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւայլն:
Բացառիկ հոգեպարար եւ դպրաց դասի հոգեշունչ երգեցողութեամբ պատարագի մը ներկայ գտնուեցաւ բազմահարիւր ներկայ հաւատացեալ հասարակութիւնը, որ փութացած էր ներկայ գտնուելու համալիրի բացման այս տպաւորիչ արարողութեան:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դրուատեց Տէր եւ Տիկ. Արտէն եւ Քրիստինէ Տէրվիշեաններու այս շքեղ նախաձեռնութիւնը, որուն իբր արդիւնք գաղութին տրամադրելի կը դառնայ արդիական այս նոր կալուածը, որ կրնայ օգտագործուիլ գաղութի տարբեր պահանջներուն եւ ձեռնարկներուն համար: Սրբազան Հայրը աւելցուց թէ կը մաղթէ նաեւ, որ այս սրահը օր մը օծուի եկեղեցի դառնալու համար:
Ապա խօսք առաւ բարերար Արտէն Տէրվիշեան, որ ահա գեղեցիկ կերպով կը շարունակէ իր ծնողներուն Ժիրայր եւ Էլիզ Տէրվիշեաններու բարեսիրական նախաձեռնութիւնները:
Ան յատկապէս շնորհակալութիւններ յայտնեց իր ընտանեկան պարագաներուն, տիկնոջ եւ զաւակներուն, որ թիկունք կեցան այս կեդրոնի ստեղծման գաղափարին:
Պրն Տէրվիշեան յատուկ կերպով գնահատեց Գերաշնորհ Տ. Աբգար Սրբազան Հօր զօրավիգը եւ իր համագործակցութիւնը եւ առ ի գնահատանք անոր յանձնեց համալիրի մուտքին զետեղուած Հայկական Խաչին, փոքրատիպ նմուշ մը, ապա յիշեց բոլոր անհատները որոնք զօրավիգ կեցան այս կեդրոնի ստեղծման ծրագրին:
Պատարագի ու այս խօսքերու աւարտէն վերջ, տեղի ունեցաւ համալիրի աւանդական տնօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը նախագահութեամբ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան հօր, ապա բոլոր ներկաներուն հրամցուեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը Տէրվիշեան ընտանիքին կողմէ:
Տեղին է Պրն. Արտէն Տէրվիշեանի խօսքերը կրկնելով շեշտել թէ այս կեդրոնը պիտի օժանդակէ գաղութի կազմակերպութիւններուն որպէսզի անոնք օգտագործեն այս նոր համալիրին ընծայած յարմարութիւնները, առանց որ ինք նախաձեռնէ որեւէ անձնական գործունէութեան:
«Ապագայ»-ի կողմէ յաջողութիւն կը մաղթենք Պրն. Արտէն Տէրվիշեանի այս իւրայատուկ նոր նախաձեռնութեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ