Մեր նախորդ թիւին առաջին էջէն հաղորդած էինք Մարտ 29-ին, Ուրբաթ օր Մոնթրէալի մէջ հիւրաբար գտնուող UCLA Quartet-ի շրջապտոյտին մասին եւ յատկապէս Թէքէեանի Կեդրոնին մէջ անոր տուած բացառաբար յաջող եւ բարձր երաժշտական որակով ելոյթին մասին: Այդ ձեռնարկը մէկն էր Մոնթրէալի Թ.Մ.Մեան 50 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Մեր այս թիւին մէջ կու տանք երեկոյեան ձեռնարկէն ինչպէս նաեւ առաւօտուն՝ փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ քառեակին տեղուոյս Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան կատարած այցելութենէն նկարներ եւ յատկապէս բազմահարիւր ներկաներով տեղի ունեցած երեկոյեան ձեռնարկին մասին, գաղութիս ծանօթ արուեստասէր քննադատ եւ մեր թղթակից Տիկին Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեանի թղթակցութիւնը:
ՎԷՄ Քառեակը Մոնթրէալի մէջ
Վէմ – այսինքն քար կամ ժայռ թարգմանեց Արտէն Արաբեանը իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ. ես պիտի ըսեմ ապառաժ. արդարեւ ապառաժի նման երիտասարդներ, բոլորն ալ օտարազգի, որոնք հայերէն երաժշտութիւն ու երգ ներկայացուցին առաջին անգամ ըլլալով Մոնթրէալի Թէքէեան Տան մէջ:
Այս առիթով խումբին ղեկավար փրօֆ. Մովսէս Պօղոսեան մէջ ընդ մէջ իւրաքանչիւր կտորին բացատրութիւնը տուաւ, ինչ որ կրկնակի հետաքրքրական դարձուց համերգը: Ան բացատրեց յատկապէս թէ ՎԷՄ-ի բարերարը իր ժեսթով Հայաստանի անունը կը դնէ UCLA-ի երաժշտական բաժնին սեղանին վրայ քանի որ երաժիշտները այդ համալսարանին շրջանաւարտներէն են: Այս քառեակը իր ելոյթներու շրջապտոյտի շարքին հրաւիրուած է Հայաստան, ուր երթալու կը պատրաստուի Յունիս ամսուան ընթացքին:
Համերգը սկսաւ Խաչատուրեանի Գայանէ պալէտով: Զարմանալի բան, ուր որ ալ ըլլաք, հեռու կամ մօտ, կը ճանչնաք զինքը, հայկականութիւնը ցոլացնող ու փայփայող: Կը յիշեմ երբ Շահան Արծրունին իրեն հանդիպեցաւ Նիւ-Եորքի իր յարկաբաժնին մէջ – նուագէ տեսնեմ տղաս ըսաւ: Շահան սկսաւ դաշնակի իր մէկ կտորը: Բայց մեր աշխարհահռչակ կոմպոզիտորը աւելցուց. Շահան ջան իմ նուագս պար է. (Արծրունիի խօսքերով): Իրաւ ալ Խաչատուրեան արծիւի նման Թուր Կայծակը ձեռին հայկական լեռնաշխարհի վրայ կը սաւառնի, գագաթէ գագաթ կը ցատքրտէ, միշտ յաղթական, միշտ հպարտ, սակայն միշտ մեղեդիական:
Նկատեցինք վիոլա նուագող Մորկըն-ին պարի շարժումները Մասքերատի վալսի ընթացքին. երաժիշտն անգամ չի դիմացաւ:
Ին՜չ ըսեմ հապա Կոմիտասի Շողեր Ջան-ին ու Ամպել ա քառեակին, հայ սիրտէն բխած նման գողտրիկ սէր ու քաղցրերգութիւն չի կրնար ըլլալ: Անձամբ երբեք չեմ դատեր բիցիքաթօներ կամ արբէճիօներ, նոյնիսկ արմոնիքներ, կուզեմ լսել վճիտ մաքուր լար մը, թրթռացումով վերջացող որ ինծի կապէ: Կը սպասեմ… արդեօք պիտի տա՞ն… այո տուին, տուին, առաջին ջութակը, Քորէացի- Հարաւային Քորէա ծնած- ջութակահարուհի Եի Եիւն Ուանկ կրցաւ տալ. Չինար ես-ը արտասուաթոր ունկնդրեցի, նաեւ Կաքաւիկը:
Նոյնպէս ուսուցչապետը ներկայացուց Քարթալեանը, իբր Վահան Թէքէեանի-Հայոց Բանաստեղծներու Իշխանին ոտանաւորներով երգ հնարող, ինչ որ մենք ըմբոշխնեցինք մեր աննման բանաստեղծին խօսքով՝ ԵՍ ՍԻՐԵՑԻ. առնենք հատուած մը:
Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ
Զինքը որքան սիրեցի…
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ:
Ահա ուրիշ մը, ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ-ը
Ինչ մնաց կեանքէն, ինծի ի՞նչ մնաց
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այն մնաց:
Հատ մը եւս, ՓԱՓԱՔ-ը
Անուշ հոգի մը ըլլար,
Ես այն հոգւոյն սիրահար,
Ան իմ երկինքս ըլլայ:
Անուշ հոգի մը միայն,
Ու կրկնէի ես անձայն
Ձայն հոգիիս մէջ միայն:
Այս երեք երգերը մեզի հրամցուց տիկին Տանիէլ Սէկէնը, քառեակին երգչուհին, հիանալի մէցցօ մը, բարակ երկար մարմինով, բայց լայնածաւալ շունչով որուն կը հարցնեմ.
- Ի՞նչ կը սիրէ՞ք եւ ի՞նչ կը զգաք երբ հայերէն կ’երգէք:
- Կոմիտա՜ս, կը գոչէ երգչուհին. հայերէն երգերը տխուր են ու կանաչուկ աչքերը կարծես բառեր փնտռելով կը մխրճէ հոգիիս մէջ:
Սէկէն երգչուհին կը վերջացնէ ուրախ Նազանի-ով մը:
Վերջաւորութեան Քարթալեանին երաժշտութեան երեք երգերը հազիւ ունկնդրած կը մօտենամ վախով դողով Մօ-ին, ղեկավարին, ուսուցչապետ Մովսէս Պօղոսեանի ու կը հարցնեմ՝
- Թոյլ կուտաք որ այս երգերը հնարող Քարթալեան մը նմանցնեմ գերման Վակներ-ին, իբր ազգայնական շունչ ունեցող, սլացող ու գոռացող, եւ ինչո՞ւ չէ մարտահրաւիրող՝
- Ճիշդ էք:
Կը հարցնեմ Եի Եիւն-ին.
- Այս ի՜նչ հին ջութակ է, (միտքէս բան մը կ’անցնի, միլիոններ արժող 300 տարուայ երաժշտական գործիք մը) արդեօք Սթրատիվարիո՞ւս է.
- Երկրորդ ջութակն ալ 200 տարուայ է:
- Այս գործիքը, Սթրատիվարիո՞ւսը ձե՞րն է:
- Ո՛չ, կը պատկանի համալսարանին թանգարանին:
Շնորհաւորութիւններ բոլորին ու բոլորին, եւ շնորհակալութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան այս յիշատակելի համերգին համար որ տեղի ունեցաւ Թէքէեանի Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան Սրահին մէջ 29 Մարտ 2019ին, հոծ բազմութեան մը առջեւ:
Բառ մ’իսկ չունիմ աւելցնելիք, միայն փառք ու պատիւ հայ մշակոյթին որ հեղինակաւոր բեմերու վրայ կը պսպղայ:
Հիւրասիրութիւնը կատարեալ էր:
Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեան