Գանատահայոց թեմը Մոնթրէալի մէջ կազմակերպած է երիտասարդական միջկրօնական հաւաքներ

Ուրբաթ՝ 26  Յունուար 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած՝ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պատկանող երիտասարդներու եւ հոգեւորականներու քննարկումներուն ու հանդիպումներուն առաջին փուլը եզրափակուեցաւ։
Շաբթուան ընթացքին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ, Ութրոմոնթի՝ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ յարկի տակ հաւաքուեցան՝ 14 տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներ (Քրիստոնեայ, Հրեայ, Մահմետական, Սիխ եւ Պուտտայական): Հաւաքի նպատակն էր փոխանակել կրօնական գաղափարներն ու անդրադառնալ Գանատայի կրօնական բազմազանութեանը։
Գանատահայոց Թեմի նախաձեռնած «Նշենք մեր բազմազանութիւնը» միջկրօնական երիտասարդական ծրագրի իրականացումը հնարաւոր դարձաւ Գանատայի կառավարութեան օժանդակութեան շնորհիւ։
Գանատահայոց Թեմը, սոյն ծրագիրը պատրաստած է նշելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ հռչակուած «2018 թուականը Երիտասարդութեան Տարի» նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու կարեւորեց երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման գործընթացը։ Սրբազան Հայրն իր բացման խօսքի մէջ նշեց ըսելով՝ «ծրագիրը պատրաստելու ընթացքին՝ մենք ջանացինք պայմաններ ստեղծել կերտելու եւ ամրապնդելու կրօնական համայնքներու, յատկապէս անոնց ներկայացնող երիտասարդներու միջեւ գոյացած կամուրջները: Մենք երախտապարտ ենք Գանատայի կառավարութեան, որ համաձայնեցաւ աջակցիլ սոյն նախաձեռնութեանը»։
Յառաջիկայ Փետրուարի եւ Մարտի ընթացքին հաւաքոյթները պիտի շարունակուին՝ Թորոնթոյի, Գալկըրիի եւ Վանքուվըրի մէջ, ուր բարեկամական միջավայրի մէջ պիտի համախմբուին տեղի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, զարգացնելու Գանատայի բազմամշակութային երկրի մէջ երիտասարդական միջկրօնական երկխօսութիւնը։
Ծրագրի շրջանակներէն ներս կը ստեղծուին՝ վաւերագրական տեսանիւթ եւ կայքէջ, երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու նպատակով։
Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կարեւորեցին այս նախաձեռնութիւնն ու ընդունեցին մեր հրաւէրը։