Գանատահայոց Թեմի հիմնադրութեան 40-ամեակի (1984-2024), այս փառաւոր հանգրուանին առթիւ, Շաբաթ Հոկտեմբեր 26, 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Centre Armenie» կեդրոնի մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ թեմական խորհուրդի եւ ճաշկերոյթի յանձնախումբի:
Սոյն ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Արտէն եւ Քրիստին Տէրվիշեաններու:
300-ի մօտ ներկաները ճաշկերոյթի նախաժամին հիւրասիրուեցան գինիով եւ թեթեւ ուտեստեղէններով, տեղի ունեցաւ այլազան նուէրներու լուռ աճուրդ (Silent Auction), այս առթիւ յիշենք սոյն ձեռնարկի մասնակցելու համար, Թորոնթոյէն, Սէնթ Քաթրինզէն, Համիլթընէն, եւ Միսիսոկայէն, իրենց հոգեւորականներով, կազմակերպուած էր շրջապտոյտ մը.
Ներկաները մուտքին ստացան յուշանուէր Հայաստանէն բերուած գեղեցիկ խաչփայտեր: Սրահը 40-ամեակի թեմայով զարդարուած էր, սեղաններու շուրջ տեղ գրաւեցին ներկաները:
Յայտագիրը սկսաւ «Էջմիածին Ի Հօրէ» շարականի յոտնկայս ունկնդրումով, որուն յաջորդեց Սեղանի օրհնութիւն, թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի կողմէ:
Տեղի ունեցաւ Լուսաւորչի կանթեղի փոխանցումը զոր համադրած էր Տիկ. Լիզա Սվաճեան:
Տիկ. Լիզա իր խօսքերուն մէջ ըսաւ «Լուսաւորչի Կանթեղը թող փոխանցուի սերունդէ սերունդ լոյս սփռելով մեր հոգիներուն» ապա ներկայացուց տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչները, Մատաթ Բ. Մամուրեան, Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեան, Բրշ. Քամի Սրկ. Սարի Մանուկեան, Թադէ Միրզախանեան, եւ Անճելիքա Տէրվիշեան, որոնք իրենց խօսքերը փոխանցեցին ներկաներուն եւ կանթեղը փոխանցեցին յաջորդ սերունդին: 12-ամեայ Անճելիքան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը եւ կանթեղը զետեղեց Ս. Խորան խոստանալով զայն փոխանցել յաջորդ սերունդին, վերջաւորութեան Տիկ. Լիզա Սվաճեան իր յարգանքը եւ խոնարհումը յայտնեց բոլոր այն անհատներուն որոնք տարիներու զոհողութեամբ աննկուն աշխատանքով, բոլորին ջանքերով պիտի գոյատեւէ հայ եկեղեցին, «ապրինք հաւատքի յոյսով 40-ամեակի տօնդ շնորհաւոր»:
Բոլոր սեղաններու վրայ զետեղուեցան մոմեր:
Պատմական ակնարկ սահիկներու ցուցադրում, 40 տարիներու գործունէութեանց:
Բարի գալստեան եւ շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավարուհի Ծովակ Սողիկեան, ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց Թեմական Խորհուրդի ժրաջան Ատենապետ Մկրտիչ Գանոնճեան, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Էջմիածինէն հիւրաբար ժամանած, Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Ժամկոչեան, Աստուածաբանական համալսարանի դեկան(Decan), իր կարգին շնորհաւորեց 40-ամեակը, վեր առաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի տարած աշխատանքները, եւ շնորհաւորեց անցեալի հոգեւորականները, Թեմական Խորհուրդի անդամները իրենց ներդրումին համար :
Գանատայի մօտ Հ.Հ. Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն. Գ. Անահիտ Յարութիւնեան շնորհաւորեց 40-րդ ամեակը եւ շեշտեց Հ. Հանրապետութեան ղեկավարութեան, Ս. Էջմիածնի գործակցութիւնը եւ իրար զօրավիգ կանգնելու կարեւորութիւնը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն մաս կազմեցին, Էրիկ Մանուչարեան, երաժշտական ելոյթով, Մանուէլ Աչիկեան մեներգեց փունջ մը հայկական երգեր,, հայկական փունջ մը պարերով ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը:
Տեսանիւթի միջոցով շնորհաւորական եւ բարեմաղթութեան խօսքեր ուղղեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ Թեմի հաստատման 40-ամեակի կարկանդակը բոլորին «բարի տարեդարձ» երգեցողութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ հոգեւորականներու Թեմական ատենապետներու եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն:
Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ Քէպէք նահանգի խորհրդարանի Ազատական կուսակցութեան անդամ (Շոմէտի շրջան) Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, եւ Ազատական կուսակցութեան շնորհաւորագիրը յանձնեց Թեմականի ատենապետ Մկրտիչ Գանոնճեանի:
Սրտի եւ շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ հանդիսութեան նախագահ՝ Արտէն Տէրվիշեան իր խօսքերու ընդմէջէն շեշտը դրաւ բոլորիս զօրավիգը ի նպաստ Առաջնորդարանին, եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին.
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Ալեք Մանուկեան վարժարանի Տնօրէն Շահէ Թանաշեան ինքն ալ իր կարգին շեշտը դրաւ համագործակցութեան վրայ:
Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Մկրտիչ Գանոնճեան տեղեկացուց թէ, իր տարած աշխատանքներուն առ ի գնահատական Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան արժանացած է Անգլիոյ Չարլզ 3-րդ թագաւորի, թագադրութեան (Coronation) մետալին, տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային. երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խօսքերով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան որ ի միջի այլոց ըսաւ.- Արժէք ստեղծելու հզօր մղումներէ դրդուած, մեր ազգի զաւակները՝ ի մասնաւոր գործակցաբար, հիմնադիրներ, անդրանիկ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Վազգէն Արքեպիսկոպոս Քէշիշեանը եւ Թեմական Խորհուրդի առաջին ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը բարի կամքով ճառագայթուած անձեւ ու անկատար կառոյցին իմաստ ու վեհութիւն փոխանցեցին»:
Իր խօսքերը աւարտեց ըսելով.
Այս հանդիսաւոր տարելիցի հանգրուանին սիրով եւ օրհնութեամբ Ձեզի կը բերենք մեր աղօթքն ու ողջոյնը հայցելով Աստուծոյ օգնականութիւնը, որպէսզի շարունակէք գործել Ձեր հայեացքները սեւեռած յաւիտենական արժէքներուն: Թող Ամենակարող Աստուած ըլլայ մեզի միշտ օգնական, եւ Սուրբ Լոյսի ճառագայթներով լուսաւորուին Ձեր օճախները»:
Շնորհաւորեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհիները որոնք պատւուեցան ծաղկեփունջերով:
Ձեռամբ Սրբազան Հօր 40-ամեակի յուշանուէրով պարգեւատրուեցան Թեմական Խորհուրդի անցեալի եւ ներկայի Ատենապետները, անդամները, հոգեւորականները եւ անոնք որոնք չորս տասնամեակներ իրենց գործօն ծառայութիւնը բերած են ի նպաստ Առաջնորդարանի:
Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի փակման խօսքով երեկոյթը իր աւարտին հասաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ, Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները, որոնց բծախնդիր աշխատանքը, սոյն երեկոն դարձուցին անմոռանալի:
Թող 40-ամեակի հանգրուանը ըլլայ մեկնակէտը աւելի փայլուն ամեակներու ապահով երթին դէպի պայծառ յիսնամեակ: