Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձը

Համագաղութային, Միացեալ Կազմակերպութեամբ՝

800-է աւելի Հայորդիներու Ներկայութեամբ

Բացառիկ Խանդավառութեամբ եւ Փառաւոր Կերպով Նշուեցաւ՝

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան

26-րդ Տարեդարձը

Ներկայ էր եւ Խօսք Առաւ Հ.Հ. Նորանշանակ Վսեմաշուք
Դեսպան՝ Լեւոն Մարտիրոսեան

Ներկայ էին Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներ, Քաղաքական Բազմաթիւ դէմքեր, Գաղութի համարեայ բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ ժողովուրդը.

Օրուայ պատուոյ հիւրերէն խումբ մը եւ գաղութի ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ ՀՀ դեսպանի

Շաբաթ 23 Սեպտեմբեր 2017-ին, Մանուկեան փողոցի վրայ տարածուած, Հ.Բ.Ը.Մ.- Թէքէեան համալիրի, Թ.Մ.Մ. Կեդրոնի առջեւ վրանածածկ Ալեք Մանուկեան Հրապարակին վրայ, հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Լեւոն Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Քէպէքի Հայ Համայնքի Կազմակերպութեանց Միացեալ Մարմնին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 26-ամեակի բացառիկ տօնակատարութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ Ալեք Մանուկեան Հրապարակի վրայ զետեղուած եռագլուխ շքեղ եւ սպիտակ վրանին տակ եւ անկէ դուրս յորդող սեղանները կը գրաւէին, գաղութի բոլոր շրջանակներէն եկող խանդավառ ժողովուրդ մը:  Ուրախ մթնոլորտը կը տիրէր ամէնուրեք:

Սպիտակ վրանին վրայ Գանատայի եւ Քէպէքի դրօշակներուն մէջտեղը կը ծածանէր Հայաստանի եռագոյնը:

Մերթ ընդ մերթ կը ժամանէին քաղաքական տարբեր անձնաւորութիւններ, Խորհրդարանի Անդամներ, Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, Հոգեւորական դասի ներկայացուցիչներ որոնք կը դիմաւորուէին կազմակերպիչ մարմնի մեղուաջան անդամներուն կողմէ եւ կը բարձրանային Թ.Մ.Մ.-ի Գրիգոր Տէր Գէորգեանի պատկերազարդ գեղեցիկ ընդունելութեան սրահը: Վերջապէս կը հասնէր եւ վեր կը բարձրանար Հ.Հ. նորանշանակ Դեսպան Վսեմաշուք Լեւոն Մարտիրոսեանը ընկերակցութեամբ Ընդհ. Հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեանի եւ ծանօթացումներ կը կատարուէին ներկայ պատուոյ հիւրերուն հետ: Ներկայ էին երեսփոխաններ Էվա Նասիֆ եւ Էմմանուէլա Լամպրուպուլոս:  Այդ առիթով առաջին բաժակները բարձրացան Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ տարեդարձը շնորհաւորելու համար:

Որոշեալ ժամուն պատուոյ շքախումբը ուղղուեցաւ դէպի դաշտ կատարելու համար հանդիսութեան պաշտօնական բացումը:

Հ.Մ.Ը.Մ.- Կամքի սկաուտական կազմի փողերախումբը հանդիսաւոր մուտքով կատարեց Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Միացեալ Մարմնի անունով եւ բարի գալստեան խօսքերով հանդէսի բացումը կատարեց Տիկ. Սիլվա Ամատունի-Թոքաթլեան :

Առաջին առթիւ բեմ հրաւիրուեցաւ Լաւալի երեսփոխան Իվա Նասիֆ որ իր շնորհաւորական խօսքերը կատարելէ առաջ ներկաներուն փոխանցեց Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի շնորհաւորութեան խօսքը Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Սէն Լորանի սիրուած քաղաքապետ Պրն. Ալէն Տը Սուսա, որ իրեն յատուկ ջերմութեամբ կատարեց շնորհաւորական մաղթանքներով լեցուն իր ելոյթը:

Այս հանգրուանին հանդիսավար Տիկ. Թոքաթլեան բեմ հրաւիրեց, բոլորին կողմէ անհամբեր սպասուած, Հ.Հ. Նորանշանակ Դեսպան Վսեմաշուք Լեւոն Մարտիրոսեանը, ամփոփ կերպով տալէ ետք անոր քաղաքական եւ մասնագիտական լուրջ պատրաստութիւնը դրսեւորող կենսագրական գիծերը:

Որոտընդոստ ծափերով ողջունուեցաւ Պրն. Դեսպանը:

Ան նախ հայերէնով եւ ապա սահուն անգլերէն եւ ֆրանսերէնով օրուայ գլխաւոր պատգամը փոխանցելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ 25 տարիներէ ի վեր Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն առած դիւանագիտական բեղուն յարաբերութիւններուն որոնք իր գլխաւորութեամբ կը ծրագրէ աւելի եւս զարգացնել յառաջիկայ տարիներուն յատկապէս տնտեսութեան եւ կրթական բնագաւառներու վերաբերեալ կապերը աւելի եւս սերտացնելու ճամբով:

Պրն. Դեսպանը անդրադարձաւ յատկապէս թէ յառաջիկայ տարի 2018-ին Հայաստանի մէջ պիտի տեղի ունենայ Ֆրանքօֆոնի-ի համաշխարհային ժողովը, որուն Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ պիտի անձնապէս ներկայ գտնուի:

Մեծայարգ Պրն. Դեսպանը իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց Գանատահայ աշխոյժ համայնքին գնահատելով անոր բազմակողմանի հայապահպանման, գործունէութիւնը եւ յայտարարեց թէ ինք Գանատահայ բազմահազար գաղութի անդամները կը նկատէ Հայաստանի ի նպաստ դեսպաններ հիւրընկալ այս գեղեցիկ երկրին մէջ:

Երիտասարդ եւ աշխոյժ հայրենի դեսպանին այս խօսքերը ընդունուեցաւ երկար եւ ջերմ ծափահարութիւններով:

Երեկոյթը շարունակուեցաւ երգի, նուագի եւ հայկական պարերու խիստ խանդավառ եւ յաջող կատարումներով փառատօնի մը մթնոլորտին մէջ:

Բացառաբար յաջող ելոյթներ ունեցան արուեստագէտներ Կարէն Մանուչարեան, Էրիք Մանուչարեան, Ներսէս Ատուրեան, Գօգօ Թիւթիւնճեան, Արթիւր Աբգարեան, Րաֆֆի Նորշահեան, Եղիկ Վանեան, այս բոլորը, Աւօ Նիկողոսեան եւ Փոլ Զէյթունեանի վարպետ նուագի ընկերակցութեամբ: Համազգայինի Ազգագրական Անի Պարախումբը ունեցաւ խիստ տպաւորիչ եւ խանդավառ ելոյթ մը:

Ամբողջ երեկոյեան ընթացքին մեղուի նման գործեցին ՌԱԿ Արմենականի տղաքը, Թէքէեանի Ընկերային յանձնախումբի անդամները, համադամ ճաշերու սպասարկութիւնը կատարելով մինչեւ ուշ գիշեր:

Այս մեծ ձեռնարկի յաջողութիւնը կը պարտինք բնականաբար օրուան յայտագիրը ծրագրող եւ զայն իրականացնող կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն եւ մանաւանդ ընդհանուր պատասխանատուութիւն ստանձնած Պրն. Ռուբէն Առաքելեանին:

Այս տեղեկագրութիւնը որոշ կերպով կ’արտայայտէ համագաղութային ջերմ հանգիստ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս յիշատակելի ձեռնարկին թողած ընդհանուր շինիչ տպաւորութիւնը: Հոն էին եւ մասնակից էին երեք կուսակցութիւնները, բոլոր եկեղեցական համայնքները, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, համարեայ հայրենակցական բոլոր կազմակերպութիւնները եւ խանդավառ, բոլոր շրջանակներէն եկած, Մոնթրէալահայ ժողովուրդը: Անբացատրելի կերպով միակ աչքառու բացական էր տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.: Այդ մասին մանրամասնութեամբ պէտք է արտայայտուիլ տարբեր առիթով: