Թուրքիոյ մէջ հրուշակագործութեան աւանդոյթի հիմնադիրները համշէնցի հայերն են

Թուրքիոյ մէջ հրուշակագործութեան աւանդոյթի հիմնադիրները ու մինչեւ այսօր այդ աւանդոյթները պահպանողները համշէնցիներն են, կը պնդէ ծնունդով Թուրքիոյ Ռիզէ նահանգի Չամլըհեմշին շրջանէն լրագրող, լուսանկարիչ, «Պանդուխտ թխուածքը» գիրքի հեղինակ Ուղուր Պիրեօլը:

Թրքական Gazeteduvar.com.tr կայքին հետ զրոյցի ընթացքին Պիրեօլը պատմած է համշէնցի հայերու մէջ հրուշակագործութեան ծագման ու զարգացման մասին:

«Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան,որ 19-րդ դարուն շուրջ 186 համշէնցի ընտանիք գացած է Ռուսիա եւ Լեհաստան, իւրացուցած է հրուշակագործութեան հմտութիւններն ու հայրենիք վերադառնալով` այստեղ զարգացուցած այդ աւանդոյթները: Ի հարկէ, անոնք այս գործը ոչ թէ Համշէնի, այլ մեծ քաղաքներու մէջ կ’ընէին: Իսթանպուլի մէջ առաջին հրուշակեղէնի խանութներու հիմնադիրները պոլսահայերն ու յոյներն էին, իսկ բուն Անատոլիոյ քաղաքներ հրուշակագործութիւնը բերողները համշէնցիները եղած են», – «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ կը պատմէ լրագրողը:

Նշենք, որ համշէնցիներու առաջին բնակավայրերը ստեղծուած են 8-րդ դարուն: Հայ պատմիչներէն Ղեւոնդը կը նշէ, որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ արաբական նուաճողներու ճնշումներէն ազատուելու համար 10-12 հազար հայ, Շապուհ եւ անոր որդի Համամ Ամատունի իշխաններու գլխաւորութեամբ, կ’արտագաղթեն Բիւզանդիա:

Ի դէպ` պատմական Համշէնը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը: Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէզի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ, ատկէ քիչ մը դէպի արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն): Իսկ կրօնական եւ ազգային հալածանքներու հետեւանքով բուն Համշէնէն դէպի Խոփա, Օրտու,Կիրեսուն եւ Սամսոն արտագաղթած համշէնցիներու բազմաթիւ գերդաստաններ հայերէնը պահպանեցին ընդհուպ մինչեւ 20-րդ դարու 80-ականներու վերջ: Խոփայի շարք մը գիւղերու մէջ համշէնցիները սահուն կերպով հայերէն կը խօսին մինչեւ այսօր: